Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ազգային Ներուժի Հաւաքագրում՝ Կամ 1 + 1 = 3

$
0
0

ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

 

0119vikenՍտորեւ ձեզի կը ներկայացնեմ աւելի լայն եւ մանրամասնուած աշխատասիրական փորձի մը ամփոփումը, եթէ անշուշտ փափաքը ունենաք անոր ծանօթանալու: Ամփոփումը հեշտ չէր եւ մասամբ իմաստէ կը զրկէ ամբողջութիւնը, բայց առնուազն նախաճաշակ մը կրնայ տալ անոնց, որոնք սոյն նիւթով հետաքրքրուած են.

Հազարամեակներու բովէն անցած մեր ազգը, արհաւիրքներ եւ անթիւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած՝ եկած հասած է այսօրուան իրականութեան: Ըստ իս, այսօրը մեր պատմութեան ամէնէն ճգնաժամային պահերէն մէկն է, որուն ականատես կը դառնանք: Արշաւանքներ, Ցեղասպանութիւն, գաղթ եւ բռնատիրութիւն վերապրած մեր ազգը այսօր գուցէ ֆիզիքական լինելութեան հիմնական վտանգներ չի դիմագրաւեր, սակայն այսօր ան թեւակոխած էժողովրդագրական (demographic) եւ հոգեմտաւոր սպառնալիքներու շրջան մը, որ հայ քաղաքական միտքին կողմէ պէտք է շատ լուրջ քննարկումներու եւ նոյնքան լուրջ, համադրուած ու խիզախ կազմակերպչական քայլերու արժանանայ:

Այսօր, Հայաստան (այս յղացքին մէջ միշտ կը ներառեմ Արցախը) կը դիմագրաւէ իր առջեւ ծառացող կարեւորագոյն ու անմիջական խնդիրներու երեք բնագաւառներ: Բնականաբար առաջինը  երկրի տարածքային անվտանգութեան սպառնացող խնդիրներն են, որոնք կը կարօտին առաջնահերթ ուշադրութեան: Երկրորդը, արդար եւ ժողովրդավար քաղաքական միջավայրի կերտումն է, որ այլ առաւելութիւններու կողքին նաեւ կը նպաստէ երրորդ բնագաւառի կանոնաւորման՝ այսինքն զարգացող եւ կայուն տնտեսութեան մը ստեղծումին: Այս վերջինին գծով Հայաստանի նման կաղացող տնտեսական համակարգի մը մէջ շատ կարեւոր է ընկերա-տնտեսականօրէն արդար ընկերութիւնը, որ ինքնաբերաբար արժանապատիւ կեանք մը ապրելու նախադրեալներ կը ստեղծէ ժողովուրդին համար, եւ բնականաբար կը դանդաղեցնէ/կը կասեցնէ արտագաղթը, որ ինքնին ազգային անվտանգութեան ամէնէն ահաւոր սպառնալիքներէն մին է, որ կը պարպէ երկիրը զայն կենսունակ դարձնող ժողովուրդէն: Այնուամենայնիւ, Հայաստանի կարելիութիւններն ու կարողականութիւնը շատ համեստ են, որպէսզի անիկա կարենայ տրամաբանական ժամկէտներու մէջ առանձինն լուծել իր առջեւ ցցուող խոշոր մարտահրաւէրները՝ ալ ուր մնաց դէպի հզօրացում եւ աճ ոստում կատարելը: Իսկ ժամանակի խնդիր՝ իրօք որ գոյութիւն ունի, նկատի ունենալով այն հանգամանքը որ վերջին քսան հինգ տարիներուն ընթացքին կարելի չէ եղած կերտել այն ժողովրդավար համակարգն ու արդար ընկերութիւնը, որ կրնայ բաւարարել սովորական հայ մարդու կարիքներն ու ակնկալութիւնները: Այն ինչ ժամանակի ընթացքին խթանած է արտագաղթը եւ երկիրը արտաքին ուժերու ենթակայութեան վտանգին տակ դրած է:

Սփիւռքը, որ այսօր հայ ազգի քանակի երկու երրորդի չափը կը ներկայացնէ, յարափոփոխ եւ աննպաստ ժողովրդագրական նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի: Իր դրուածքով եւ էութեամբ արդէն մաշումի վտանգի առջեւ կանգնած հայկական Սփիւռք կոչուած երեւոյթը ազգային ինքնութեան աղաւաղման եւ ազգային ներուժի վատնումի գործընթաց կը դիմագրաւէ: Յատկապէս, այսօր աւանդական եւ հաստատուած համայնքներէն շատերուն դիմագրաւած ապահովական, քաղաքական, եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն պատճառով, աննախընթաց կերպով թափ առած է արտագաղթը դէպի յարաբերաբար նոր կազմաւորուող եւ հայ գաղթականութեան ներհոսքը պատշաճ կերպով ընդունելու անպատրաստ համայնքներ: Այս իրադրութիւնը յաւելեալ պատճառ մըն է, որ թէ՛ Հայաստանէն, թէ ալ այլ համայնքներէ դէպի արտերկիր հասած եւ հասնող հայութիւնը ձուլման աննախնթաց եւ լրջագոյն վտանգին առջեւ է:

Ուստի, ամէն ժամանակներէ աւելի կարիքը կայ այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան միջեւ նոր եւ աշխոյժ գործընկերութեան մը, որ ոչ թէ միայն հիմնուած ըլլայ վեհ ազգային գաղափարներու վրայ կամ ծրագրուի ազգային իտէալներու իրականացման ի խնդիր, այլ նաեւ այն անխուսափելի համոզումին վրայ թէ մէկը միւսին անմիջական կարիքը ունի: Մէկ կողմէ, Հայաստան կարիքը ունի սփիւռքահայութեան դեռեւս չգնահատուած (բայց յամենայնդէպս հսկայական) մտաւորական եւ տնտեսական ներուժին, իսկ միւս կողմէ, սփիւռքահայութիւնը կարիքը ունի հաւաքական նպատակի՝ այսինքն Հայաստանի հետ աւելի անմիջական առնչութեան եւ համազգային նպատակներու մէջ իր դերակատարութեան կարեւորման:

Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան գործընկերութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ 1 + 1 = 3 հասկացողութեան վրայ:

Եթէ 1ը Հայաստանն է ու միւս 1ը՝ սփիւռքահայութիւնը, ապա այստեղ «3»ը ազգի շահն է: Անիկա կը կարօտի իր խարիսխին ու սիրտին՝ որ Հայաստանն է: Անիկա նաեւ կը կարօտի սփիւռքահայութեան ներգրաւման, որ ինքնին յաւելեալ որակի, քանակի եւ ուժի աղբիւր մըն է իր հզօրացման ու աճին համար: Այսինքն, իւրաքանչիւր դերակատար կառոյց կամ անհատ (հայաստանեան թէ սփիւռքահայ) պիտի հասկնայ եւ համոզուի, թէ նմանօրինակ գործընկերութիւն մը աւելի վեր է իր անմիջական շահերէն եւ կը նպաստէ ազգային հզօրութեան ու վերելքին: Սակայն, անիկա պիտի համոզուի նաեւ, որ գործընկերութիւնը կը բխի իր իսկ անմիջական ու գործնական շահերէն եւս, եւ որ այս գործընկերութիւնը բարեգործութեան կամ բարի կամեցողութեան սկզբունքներէն չէ որ սկիզբ կ՛առնէ. անիկա թելադրուած է հայ ազգի հաւաքական եւ համադրուած շահերէն առանց որուն ինք՝ Հայաստան, Սփիւռքի որեւէ համայնք, թէ անհատ, որ տրամադրուած է որպէս հայ ապրելու, վտանգուած է:

Այս համոզումը շեշտուած եւ հիմնական կերպով կը տարբերի մինչեւ այս օրս գործող մտայնութենէն եւ գործի հոգեբանութենէն: Այս վերջինը միշտ սփիւռքահայութեան ներդրումը նկատած է որպէս բարեգործութիւն եւ նոյնիսկ՝ զոհողութեան դրսեւորում: Իսկ Հայաստանը սփիւռքահայութեան մասնակցութիւնը իր կեանքէն ներս դարձեալ նկատած է որպէս ազգային մեծահոգիութենէ թելադրուող անհրաժեշտութիւն կամ տնտեսական ներդրումներու որպէս աղբիւր:

Հետեւաբար, Հայաստան-Սփիւռք առնչութիւնները իրօք որ մնացած են «յարաբերութիւններու» սահմաններուն մէջ եւ չեն հասած աւելի ներգործօն գործընկերութեան մակարդակին: Անոնք մնացած են բռնազբօսիկ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ «օտարերկրացի» հայերու միջեւ:

Այս օրերուն, երբ բուռն կերպով կը քննարկուի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու կառուցային տարբերակներ՝ (սփիւռքի նախարարութիւն՝ թէ ոչ, գերատեսչութիւն՝ թէ պետ-վարչութիւն), պիտի հասկնանք, թէ յարաբերութիւնները կարգաւորող կամ համադրող կառոյցներէն աւելի կարեւորն ու կենսականը գործընկերութեան որակի սահմանումն է վերջապէս, եւ մինչեւ կապերը կանոնակարգելու ձեւերը որոնելը՝ հասկնալը, թէ այն մեծ գործընկերութիւնը որ այսօր պէտք է ձեւակերպել նախ եւ առաջ սկիզբ պիտի առնէ ոչ թէ ժամանակավրէպ դարձած hardware-ով որ կառոյցներն են ու շռնթալից խորհրդաժողովները, այլ software-ով մը որ այս պարագային այն ազգի գաղափարախօսութիւնն է որուն վրայ հիմնուած պիտի ըլլայ ազգի ներուժին հաւաքագրումը, եւ որ կարողականութիւնը կ՛ունենայ միլիոնաւոր ու աշխարհացրիւ հայերու կարողականութեան տնտեսումին:

Աւելին, այս գործընկերութեան նոր հայեցակարգին թափ, աւելի հարուստ որակ, եւ աւելի համարձակ միջոցներ տրամադրելու համար սփիւռքահայութեան ներգրաւումը պէտք է արժանանայ լրջագոյն վերլուծումի եւ կտրուկ քայլերու:

Նշուած քայլերէն ոմանք են վերանայումը եւ վերոյիշեալ անհրաժեշտութիւններուն յարմարեցումը երկքաղաքացիութեան օրէնքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքական կեանքէն ներս սփիւռքահայութեան մասնակցութեան կանոնակարգումը: Յաւելեալ եւ կարեւորագոյն քայլ մը կրնայ ըլլալ նաեւ հայ մարդու դաւանանքի մը համազգային որդեգրումը, որ կը սահմանէ հայ անհատին ամենատարրական իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները հանդէպ իր ազգին, որպէսզի ուր ալ գտնուի կամ բնակի ան՝ հասկնայ ու արժեւորէ իր տեղը համազգային իրականութեան մէջ:

Ասկէ ետք արդէն կարելի է ձեւակերպել կառոյցները, որոնք պիտի կարենան բաւարարել մեծ երազներով յատկանշուող գործընկերութիւնը, որ չի բաւարարուիր արարողակարգով եւ «աչքի փոշի» հանդիսացող սահմանափակ յարաբերութեանց փորձերով:

Այս հանգրուանին, Հայաստան-սփիւռքահայութիւն գործընկերութիւնը ազգային շահերէ բխող եւ անոնց ծառայող հրամայական մըն է, նոյնքան կենսական, որքան ազգային անվտանգութեան որեւէ մարտահրաւէր:

Այսպէս, այս գործընկերութեան նոր ոգիով եւ հաւաքագրումի ազդեցիկ միջոցներով առաւել կը հզօրանայ եւ կ՛անկախանայ Հայաստանը, աւելի կը պաշտպանուի սփիւռքահայութեան հոգեմտաւոր աշխարհը եւ աւելի կ՛ուռճանայ հայ ազգի ամբողջական կարողականութիւնը:

Այսպէս նաեւ կարելի կ՛ըլլայ 1 + 1էն 3 ստանալ:

 

Խ.Ծ.- Յօդուածը արտատպուած է հեղինակի «ֆէյսպուք»ի էջէն

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles