ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«Ասպարէզ» օրաթերթս կը բանամ, ու նախընտրած էջերս կարդալէ ետք, առանց վերջաւորութեան տեղադրուած մահուան ու հոգեհանգիստի յայտարարութիւններուն հասնելու, զայն մէկ կողմ կը դնեմ. ի տարբերութիւն մօրս, որ առաջին հերթին բոլոր մահազդները մէկիկ-մէկիկ, ծանօթ թէ անծանօթ, իրենց նկարներով դիտելէ ու կարդալէ ետք, երբեմն ալ այնքան յուզուած ինծի ցոյց տալով՝ կ՛ըսէ. «Տե՛ս, ասիկա ինծի տարեկից է աղջի՛կս, իսկ այդ միւսը՝ ինձմէ շա՜տ-շա՜տ պզտիկ», ու ուրիշի կեանքի հաշուոյն ապրողի մը պէս, կարծես ինքզինք յանցաւոր զգացած՝ խոնաւ աչքերով, հոգ չէ թէ հակառակ ուղղութեամբ, կը շարունակէ օրաթերթը կարդալ։ Ընթերցանութեան այս ձեւը տարի՞ք է, թէ սովորութիւն, չեմ գիտեր, բայց եթէ կեանքի վերջին օրերուն մօրս մօտ առաջինն էր, ուրիշներու համար վստահ եմ, որ երկրորդն է. իսկ իմ պարագայիս, ունեցած անտարբերութիւնս այդ էջին հանդէպ կու գար հարազատներուս՝ մայր, քոյր ու եղբայր իրարմէ ոչ այնքան հեռու ընդհատումով մը կորսնցնելէ ետք, որեւէ մահազդի նկատմամբ՝ ըլլայ անիկա ծանօթ թէ անծանօթ գերզգայուն դարձած՝ որոշեցի այլեւս այդ էջին չմօտենալ։
Վերջերս էր միայն, երբ պատահմամբ ձեռքերուս մէջ բացուած թերթը գետին իյնալով՝ էջերու տեղափոխութեամբ, բարեկամուհիի մը ոչ այնքան մօտէն ճանչցած մօր մահուան լուրը կարդացի, ու հարազատ կորսնցնելու դառնութիւնը նախապէս համտեսած՝ ամէն ինչ մէջս նորոգուելով՝ որոշեցի անպայման թաղման արարողութեան ներկայ գտնուիլ։
Ընկերներու, բարեկամներու ու ծանօթներու ուրախ առիթները բաժնելէ աւելի, անոնց ունեցած հարազատի կորուստին առջեւ, ինծի համար իրենց հետ սգակիր դառնալու զգացած անհրաժեշտութիւն էր, որ որոշուած օրը եղբօրս Յակոբին հետ միասին զիս հասցուց եկեղեցի, ուր բոլորիս ծանօթ նախնական ձեւակերպութիւններէն անցնելով՝ գրակալի մը վրայ դրուած արձանագրութեան տետրակի մը մէջ մեր անունը արձանագրելէ ու մէկական մոմ վառելէ ետք, առանց ուշացած ըլլալու, եկեղեցիի վերջին նստարաններէն մէկուն վրայ կը նստինք։ Ուղեղս ամէն ինչէ ու ամէն մարդէ անջատած՝ միայն ու միայն կը սկսիմ աղօթելու. եկեղեցական շարականներու աղուորութիւնը զիս ուրիշ աշխարհ փոխադրած էր, մինչեւ այն ատեն, երբ ամուր քայլերով իրարու ետեւէ քանի մը հաւատացեալներ, պարապ նստարաններու քովէն անցած՝ դէպի առաջ ընդանալով, եկեղեցիին առաջին նստարանին վրայ կը տեղաւորուին. իրե՞նց համար վերապահուած էր այդ տեղը, իրե՞նք էին սգաւոր հարազատները, բայց ո՛չ, իր ու իր նմաններուն համար մահուան առիթներով վերապահուած եկեղեցիի առաջին նստարաններէն հեռու, մեզմէ միայն քանի մը կարգ առաջ իր զաւակներով միասին նստած էր բարեկամուհիս, զարմանա՞մ. ես ինքս ալ տարիներ առաջ նոյնը ըրած էի, հարազատի չափ մօտիկ սգակիրնե՞ր էին անոնք… բայց այդպիսիները արարողութեան գրեթէ վերջաւորութեան չէ որ կը հասնին. ու «արդեօք որո՞նք են» ես ինծի հարց տալով՝ եղածը զիս զարմացուցած, բացատրութիւն մը փնտռելով, կը հասնիմ այն եզրակացութեան, որ առաջին կարգ նստելու մոլուցքը կարծես ընկերային կեանքի սահմաններէն դուրս գալով՝ Աստուծոյ տան դռներն ալ հասած է։ Եկեղեցին բոլորիս համար հաւասար է, հոն հրաւիրող ու հրաւիրուող չկայ, ու անոր առաջին կամ վերջին աթոռին վրայ նստելով՝ ո՛չ մեր հանգամանքէն եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքէն բան մը կ՛աւելնայ կամ կը պակսի։ Աննախընթաց այս մտածումներովս ուրտեղե՜րը հասած՝ յանկարծ կ՛անդրադառնամ, որ Թաղման եկեղեցական արարողութիւնը հասած էր իր աւարտին, ու դուրս ելլելու վրայ էինք, երբ եկեղեցւոյ դրան մօտ, աչքառու կարմիր յատակով կօշիկ հագած՝ ու սեւ հագուստին լայն բացուածքէն կռնակին «թաթուն» երեւցած կին մը անցաւ. հարսնեւո՞ր էր, թէ սգաւոր, չկրցայ գիտնալ. ու ճամբաս շարունակելով ամբոխին հետեւած՝ քանի մը սգակիրներու հետ միասին կ՛ուղղուինք այն սրահը, ուր հոգեճաշ պիտի մատուցուէր. դրան մուտքին հիւրնկալող կար։
– Ա՞յս սեղանը,- կը մատնանշեմ.
– Ո՛չ, միւսը.
– Բոլորս միասի՞ն,
Ո՛չ, երկուքդ միայն։
Հո՞ս ալ տեղի հարց… գոնէ այս պարագային միայն հանգուցեալի յիշատակը ամէն ինչէ վեր դասած՝ բացուած դռնէ մը ներս մտնելով, ոեւէ մէկը որեւէ տեղ նստեր, բայց այդպէս չեղաւ, որոշեալ «10» հոգինոց սեղանի մը շուրջ, մահուան սառն գաղափարին առջեւ, ուտելիքներու առատութեան մէջ ուտելու ախորժակ իսկ չունեցած՝ կը մտածեմ,- միջավայրի քննադատութիւններուն առաջքը առնելու մտահոգութեա՞մբ է, որ նոյնիսկ ի գին ամէն զոհողութիւններու, մէկը միւսին նայելով, նման տխուր առիթներու «սեղանն է առատ» կը սարքուի։ Ուտելիքներու զանազանութեան փոխարէն, նախընտրելի չէ՞, որ հանգուցեալի սիրած ճաշերէն մէկը միայն հրամցուի, նոյնիսկ այս պարագային, վստահ եմ, որ ո՛չ ոք անօթի պիտի մնայ…։
Ուտել կամ չուտել ինծի համար հարց չէ. հիմնականը՝ հանգուցեալի կեանքին մասին, որպէս մայր, քոյր ու բարեկամ ըսուած լաւ խօսքերն էին, որոնք ծաղկեփունջի մը քով դրուած իր նկարէն թելադրուած բարի նայուածքին ու համեստ ժպիտին հետ, լսածներուս համար որպէս փաստ, ինծի ու ինծիպէսներուն միտքին մէջ, հոգ չէ թէ մահուընէ ետք, գրեթէ անծանօթ հանգուցեալը դարձաւ անփոխարինելի կորուստ։
Ժամանակը բաւական անցած էր, երբ ցաւակցութիւն յայտնելով՝ ներկայութեանս համար, որպէս սգակիր, ես ինձմէ գոհ, բայց նոյնքան դժգոհ մեր միջավայրին մէջ տարածուած՝ երէկ, այսօր ու նոյնիսկ վաղը, սուգի առիթներով հարսանեկան սեղանները գերազանցող սեղաններէն, որոնց չգոյութեան պարագային՝ «հանգուցեալը ճաշի՞ մըն ալ արժանի չէր» մեղադրական խօսքը չլսելու համար էր, որ ես ինքս ալ տարիներ առաջ նոյն սխալը ըրի։ Ոեւէ հանգուցեալ պապենական ճաշի մը արժանի է, այո՛. բայց այս օրերու ճաշերու տեսականիի ցուցադրութեան՝ ո՛չ։ Սովորութիւնները, ըլլան անոնք կապուած ուտելիքի թէ հագուածքի հետ, մենք ենք ստեղծողը ու մենք ենք կրկնութեամբ զիրենք ամրացնողը, զօրացնողը։ Նախընտրելի չէ՞, որ օր առաջ անոնց դիմաց չտկարացած՝ փոխենք զանոնք, կրճատենք կամ նոյնիսկ բոլորովին ջնջենք։ Առանձին՝ գործնական ոչինչ կրնանք ընել, հաւաքական որոշումի կամ եկեղացական հրահանգի պէտք ունինք. այլապէս, ամէն ինչ նոյնը մնացած՝ իւրաքանչիւր սգակիր օրուան կորուստին մասին խօսելու փոխարէն՝ հոգեճաշի սեղաններէն ամէն անգամ քիչ մը աւելի դժգոհ՝ «մինչեւ ե՞րբ, դեռ մինչեւ ե՞րբ» խօսքը ակռաներուն մէջ սեղմած՝ տուն պիտի վերադառնայ։