ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
«Փաստօրէն Բիւրօն մէկ գործ ունէր ընելիք միայն, այն է՝ կապել տարբեր վայրերու կորիզները իրարու հետ եւ անոնց նախաձեռնութիւնները մէկ հունի մէջ բերել»։*
ՌՈՒԲԷՆ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Ներկայիս, երբ կը քննենք քաղաքական աշխատանքներու արդիւնաւոր ձեւերը, մտածեցի վերանայիլ Ռուբէնի «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները»ի եօթը հատորները: Օգտագործելով ամէն մէկ հատորի վերջաւորութեան «Բովանդակութիւն» բաժինը՝ փնտռեցի հատուածներ, որոնց մէջ Ռուբէնը կը նկարագրէր ՀՅԴի ապակեդրոնացեալ աշխատելու ձեւը եւ թէ ինչպէս նախքան ֆետայական զինեալ պայքար սկսիլը, յեղափոխականներ գացին քաղաքները եւ գիւղերը, ու ժողովուրդին մէջ մտնելով զարգացուցին հայուն եւ հայ գիւղացիին ազգային գիտակցութիւնը:
Ա. Ապակեդրոնացեալ
Աշխատանք
– Ռուբէնը հատոր Ա., գլուխ Գ., Էջ 112-113ի մէջ կը նկարագրէ Կարսի հայութեան վիճակը, 1890ական թուականներուն սկիզբները: «Հնչակեան կուսակցութիւնը Կարսի մէջ, ա-ռածս տպաւորութիւններէն դատելով, բոլոր տուեալներն ունէր համախմբելու ինքնաբոյս յեղափոխական տարբեր հոսանքները եւ ամբողջական մէկ ոյժ կազմելու: Ան էր ամենահինը, իբր համատարած կազմակերպութիւն: Ան էր, որ կ՛ընդգրկէր ազգային եւ ընկերային յառաջադէմ գաղափարները: Անոր մէջ էին համախմբուած ժամանակի ամենազոհաբերող, անշահախնդիր տարրերը հայկական երկու հատուածներու երիտասարդութեան: Անոր ձեռքին էր ջահը, որ կը հրդեհէր յեղափոխական բոցը Զէյթունէն Սասուն, Սասունէն Կովկաս: Ազգը անոր կը նայէր», կը գրէ Ռուբէն։ Սակայն յաջորդ էջին մէջ Ռուբէն կը գրէ հետեւեալը. «Հնչակեանութիւնը իր բոլոր տուեալներով ինքնասպան եղաւ իր անժողովրդական կեդրոնաձիգ ու տոտալիտեր վարչութեան պատճառով…»: Ուրիշ խօսքով՝ նոյնիսկ եթէ կուսակցութիւն մը ամէնէն հինն է եւ կ՛ընդգրկէ ազգային եւ ընկերային յառաջադէմ գաղափարներ, կեդրոնաձիգ գործելաոճ մը կրնայ ինքնասպանութեան տանիլ, ինչպէս Ռուբէնը կը նկարագրէ, Հնչակեան կուսակցութեան պատահեցաւ:
– Հատոր Բ., գլուխ Ա., էջ 14-15ի մէջ, Ռուբէնը կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս, երբ ՀՅԴն կը ստեղծուի, Ռոստոմը եւ Յովնան Դաւթեան կ՛երթան պարսկաստան եւ շուտով կը ստեղծեն ապակեդրոն Դաշնակցական մարմիններ, որոնք կը դառնան տիրական, չէզոքացնելով Արմենական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները։ «…այս ապա-կեդրոն ձեւը սպաննիչ էին հեղինակութեանց հմայքի վրայ յենուած կեդրոնաձիգ կուսակցութեանց համար, ինչպէս էին Արմենականութիւնը եւ Հնչակեանութիւնը: Դաշնակցութիւնը իր կազմի անդամներուն բոլոր մասերով կը շնչէր ու կը մտածէր, եւ իբր հետեւանք ատոր, սունկի պէս կը բուսնէին Դաշնակցական կորիզները ինքնաբերաբար, իրենց բազմատեսակ ձեռնարկներով, դպրոցներով, զինական գործարաններով եւ այլն», կը գրէ Ռուբէնը։
Հոս Ռուբէնը շատ հետաքրքրական բնութագրում մը կ՛ընէ ՀՅԴ Բիւրոյի գործելաոճին վերաբերեալ: Ան կը գրէ. «Փաստօրէն Բիւրօն մէկ գործ ունէր ընելիք միայն, այն է կապել տարբեր վայրերու կորիզները իրարու հետ եւ անոնց նախաձեռնութիւնները մէկ հունի մէջ բերել»: Մէկ խօսքով՝ ըստ Ռուբէնի, Բիւրոյի միակ գործը Դաշնակցական շրջանները իրարու կապելն էր եւ շրջաններու աշխատանքները համադրելը: Այս ապակեդրոնացեալ աշխատելաոճը նպաստեց ՀՅԴի հզօրացման, իսկ կեդրոնաձիգ աշխատելաոճը՝ Հնչակեան կուսակցութեան տկարացման:
Բ. Ժողովուրդին Մէջ Մտնելով՝ Անոր Փոխանցել ՀՅԴի
Գաղափարները
Ինծի համար, հիացմունքի ու ներշնչման աղբիւր են 1890ականներուն սկիզբի Դաշնակցական գործիչները, որոնք եկան Վասպուրական, Պարսկաստան, Տարօն եւ այլուր, ու հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին ստրուկի մտայնութիւն ունեցող պահպանողական հայուն ազատագրութեան եւ արդարութեան գաղափարները փոխանցեցին: Ռուբէնի յուշերէն արտատպեմ քանի մը օրինակներ.
Հատոր Բ., գլուխ Դ., էջ 83.- 1890ականներու սկիզբները, ՀՅԴն քարոզիչներ կը ղրկէ Վան եւ առաջին քարոզիչը կ՛ըլլայ Պետօն, որ 1890-92 թուականներուն կու գայ վան: Ռուբէն կը գրէ. «Դաշնակցութեան այս նախակարապետը մենակ էր Վանի մէջ, ուր ոչ ոք գաղափար ունէր Դաշնակցութեան մասին: …Ան պիտի գործէր Վասպուրականի մէջ, զուրկ որեւէ տնտեսական միջոցներէ, առանց ոեւէ մէկու հովանաւորութեան ու պաշտպանութեան»: Որպէսզի իր վրայ կասկած չ՛արթնցնէ, Պետօն կը ներկայանայ իբրեւ բամպակի առեւտրական ու կը բանայ կտաւի աշխատանոց մը: Իր մանած թելերը կ՛առնէ ու կը շրջի Պիթլիսի հայկական եւ քրտական գիւղերը: Կը վերադառնայ Վան եւ խանութ մը կը բանայ: 1892ի աշնան կ՛երթայ Կովկաս՝ մասնակցելու համար ՀՅԴի Ընդհանուր ժողովին:
Ան կը վերադառնայ Վան՝ իբրեւ սնանկացած եւ շատ աղքատ «չերչի»: «Կը դառնայ փողոցները «գեազ» քարիւղ ծախող։ …Ոչ ոք կրնար կասկածիլ, թէ այդ չերչին կրնայ յեղափոխական ըլլալ: Այդ օրուընէ սկսած, Պետոյի համբաւը կը տարածուի ժողովուրդին մէջ եւ կը հասնի նոյնիսկ տաճիկ կառավարութեան ականջը: Կասկածները իրմէ ձեւով մը հեռացնելու համար, Պետօն կը դառնայ քէնքէնճի՝ հոր մաքրող, որպէսզի, մէկ կողմէ, գետնին տակը աշխատելով աննկատելի մնայ, միւս կողմէ, քէնքէճիները դաշնակցական դարձնէ»:
«Պետոն կը կարողանայ շուտով գտնել իր քարոզչութեանց համակիր անհատներ եւ, ստեղծելով կուսակցութեան համար իբրեւ պատուանդան ծառայող քանի մը խումբեր քաղաքի մէջ, իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ գաւառի վրայ: Կը կանչէ իր ընկերները Պարսկաստանէն, որպէսզի օգնեն իրեն այդ գործին մէջ: Եւ իրօք, Պարսկաստանէն կու գայ Երուանդը (Իշխան Արղութեան), Սաքօն, Վարդանը (94 թուականին), որոնք հասնելով Վան իրենց խումբով, իսկոյն Պետոյի ցուցմունքներով կ՛անցնին գաւառ: Սաքօն եւ Երուանդը կը լինեն առաջինները Վասպուրականի գաւառական այն գործիչներէն, որ կ՛երթան գիւղերը եւ կ՛աշխատին այնտեղ տարածել այն գաղափարները, որ Վանի մէջ կը քարոզուէին: Դժուար էր այդ ժողովուրդը մէկ անգամէն ոտքի հանել եւ անոնք կը հանդիպին ընդդիմութեան որոշ անհատներու կողմէ, որոնք այս կամ այն քիւրտ բէկի հովանաւորութեան տակ կը գտնուէին»:
Հատոր Գ., գլուխ Բ., էջ 46ին մէջ, Ռուբէն կը գրէ. «Մշոյ Ջրիկ եւ Ալիջան գիւղերու մէջ այցելուները աւելի հիմնաւոր գործ մը բանալու փորձեր ըրին, ատոնցմէ մէկը, եթէ չեմ սխալիր, Մարտիրոս Մարգարեանն էր, «Սաֆօ», իսկ միւսը յայտնի է Ռուբէն կեղծանունով, չի գիտցուիր թէ ո՞վ է, թերեւս Բաղջեանն է: Ասոնք եկած էին իբր ուսուցիչներ: Անոնց աշակերտները մեծ գուրգուրանքով կը խօսէին անոնց մասին, յիշելով անոնց ըրած ոգեւորիչ պատմութիւնները Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Իտալիոյ եւ Եւրոպական այլ երկիրներու յեղափոխական կեանքէն: Ասոնք թէեւ այնքան ալ երկար ժամանակ չեն մնացեր, բայց խոր հետքեր էին թողեր ժողովուրդի մէջ»։
Այս հերոս յեղափոխական գործիչները կը գործէին ահռելի աննպաստ պայմաններու մէջ: Մէկ կողմէ, ժողովուրդը պահպանողական էր եւ Դաշնակցութեան մասին չէր լսած, միւս կողմէ, կը գործէին գաղտնի, անօրէն կերպով եւ իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելով: Այս հերոս յեղափոխական գործիչներուն պատճառով է որ, հայ գիւղացիներուն միտքերը պատրաստուեցան եւ երբ զինեալ ֆետայական կռիւները սկսան, հայ գիւղացիութեան, առնուազն մէկ մասը կռնակ կեցաւ ֆետայիներուն: Առանց այս յեղափոխական գործիչներուն աշխատանքին եւ հայ գիւղացիներուն օգնութեան, շատ աւելի դժուար պիտի ըլլար ֆետայիներուն վիճակը:
Ներկայիս, պէտք է այս յեղափոխական գործիչներուն աշխատանքները եւ աշխատելաոճը ըլլան ներշնչման աղբիւր: