ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Ամէն անգամ, երբ զիս ստիպեմ պրն. Օպամայի կամ Ֆրանսայի անվիզ- կոկոզավիզին սիգապանծ կեցուածքները դիտել, անպայման կը յիշեմ գեղադէմ Տորիան Կրէյի այլակերպումը*։ Ու որքան մեծ ու կարող է երկիրը, զոր կը ներկայացնեն աշխարհի բախտը որոշողները, այդչափ գարշելի են դէմքերը (նոյնիսկ՝ գեղեցիկ դիմագիծներով) ու ապակեայ են աչքերը… Ամէն անգամ որ անոնցմէ մէկը տասնվեցամեայ տղու պէս ցատկելով բեմ ելլէ, լայն ժպիտը դէմքին, դուք անոնց դէմքե՛րը դիտեցէք ու պիտի տեսնէք խղճալի՜ վիճակը մարդու անկումին…
Դէմքեր, ուր ամէն օր կը տպուին իրենց խաղին հետեւանքով խեղուած հազարաւոր ճակատագրեր…
Դո՛ւք որոշեցէք, թէ որուն դէմքը պիտի այլակերպէ այս դէպքը։
Պատմողը հիւանդանոցի մաքրութիւն ընող երիտասարդ կին մըն է։ Հալէպի արուարձանի մը մէջ կ՛ապրէին, ծայրը ծայրին հազիւ հասցնելով, աշխարհին ալ վնաս չէին հասցներ։
Դուռերը ջարդելով ներս լեցուեցան չորս հինգ հսկայական, մօրուքաւոր զինեալներ։
Ամուսինը, որ գործէն յոգնած եկեր ու երկնցեր էր, ոտքի ցատկեց։ Պզտիկները մնացին կեցած տեղերը քարացած, ծեր մայրը՝ նստած տեղը։
- Սիւննի՞ էք, թէ՞ շուն, – պոռաց մէկը։
Տանտէրը, նայելով մանուկներուն ու կիներուն՝ տեղւոյն վրայ ստեց.
- Սիւննի ենք։
Չարախնդացին ու դառնալով մանուկներուն, մէկը պոռաց.
- Սիւննի էք, թէ՞…
Պզտիկը համարձակութիւն գտաւ, վազեց ու մօրը ոտքերուն փարեցաւ, մեծը՝ հինգ տարեկան, լայն բացուած աչքերը յառեց «ամմոյին», ուսերը թօթուեց.
- Չե՜մ գիտեր…
- Էյ, կի՛ն, հետերնիս պիտի գաս։
- Զիս սպանեցէք, կինս միայն դիակիս վրայէն կրնաք տանիլ, – խուլ ըսաւ տղամարդը։
- Լա՜ւ, քեզի կը տանինք, տարբերութիւն չկայ,- ու քաշքշեցին դուրս։ Շատ բարի գտնուեցան։
Տարին։ Երեք ամիս ետք վերադարձաւ։ Ինք չէր, ստուեր էր, կմախք էր. ոչ խօսք, ոչ ուտել, ոչ նայիլ։ Այսօր ալ գլխահակ ու լուռ կը դեգերի լերան վրայ։ Չի խօսիր, չի նայիր, չ՛ուտեր. դէմք չունի։ Քսանհինգ տարեկան է։
*Օսքար Ուայլտի «Տորիան Կրէյի դիմանկարը» վէպին հերոսը, ազնուական դասակարգէն, արտակարգ գեղեցկութեամբ երիտասարդ, իր անառակ ու ոճրային իւրաքանչիւր արարքէն ետք երբ կը դիտէ իր դիմանկարը, զայն փոփոխուած կը տեսնէ, մինչեւ կը հասնի կատարեալ այլանդակումի։ Հեղինակին յուշումը պարզ է՝ մեր գործերը մեր հոգիին վրայ կը դրոշմեն իրենց հետքերը։
***
Երբ խօսում են Վրաստանի
Թշնամանքից արիւնոտ,
Զարմանք է ինձ պատում յայտնի,
Եւ խորին ցաւ, եւ ամօթ…
Յ. Թումանեան
Ուրիշ ցաւ եթէ չունիս, Հայաստանի կայան մը բաց ու ուզածիդ չափ՝ ցաւ… արտաքին ու ներքին ճակատներու վրայ։
Կը լսենք, թէ վրացիները, կաթողիկոսական ու նախագահական գահերէն մինչեւ ետին պահակը, վիրահայոց հնամենի եկեղեցիները կը սեփականացնեն։
Եթէ անկախութեան առաջին իսկ տարիներէն հայերս այդ եկեղեցիներուն մէջ գէթ մէկական քահանայով շաբաթական պատարագ տայինք, պիտի փորձէի՞ն գրաւել…
Անկախութիւնը զիրենք աւելի անկախ դարձուց, զմեզ՝ կախեալ… ով՝ ինչ է։
Բայց զիս բնաւ չի պատեր մեր սրբալոյս բանաստեղծին զարմանքը։ Ան մարդու մէջ մարդկայինի յաղթանակին կը հաւատար, թէկուզ եւ «քանի ձեռքից այրուէր»։ Ան բանաստեղծ էր, երկինքի զաւակը ու Սէր ցանել էր իր առաքելութիւնը։
Ես բանաստեղծ չեմ, այլ սէր երազող մը միայն։ Առաւել՝ իմ մռայլ ու գերնիւթապաշտ դարուս զաւակն եմ (կամայ- ակամայ), ուր նիւթը խեղդեր է Մարդը, սէր ու հաւատք։
Վրացիներն ալ մարդ են ու հրաշալիօրէն իւրացուցած են դարուս ոգին։
Ինչպէս որեւէ մարդ, նոյնպէս ազգերը ունին բարդոյթներ, որմէ զերծ չեն նաեւ մեր միակ «քրիստոնեայ» դրացիները։ Վրացիի «արժանապատւութիւն» ունեցիր ու դիմացիր, երբ ամէն կողմէ աչքդ կը մտցնեն երկրիդ ամբողջ տարածքին ու մայրաքաղաքիդ մէջ հայերու մշակութային հետքերը. հաւանաբար դիւրին չէ։ Մենք, որ տուող եղած ենք միշտ, չենք կրնար հասկնալ՝ նման պարագայի երախտապա՞րտ, թէ նուաստ կը զգայ ժառանգորդը (հարկաւոր է թուրք-ազերիներու մէջ մարդ գտնել ու այս մասին հարցնել, անոնք մեծ փորձառութիւն ունին)։
Վրաց ազգային ընկալմամբ՝
- Որեւէ վրացի իշխանազուն է, իսկ որեւէ հայ, ընդամէնը՝ խանութպան։
- Վրաց գիրը Մաշտոցը ստեղծած է, եթէ ըսես վրացիի մը, ձին պատրաստ պիտի ունենաս, կամ ծակուելու ենթակայ գլուխ։
- Եան մասնիկը մականուններու վրայ՝ սաստիկ կ՛ազդէ իրենց ջիղերուն. մականուն ըսածդ իծէ, շվիլի կը վերջանայ. ու անմիջապէս զայն փոխելու կը ձեռնարկեն։
- Շիրակը, Լոռին, Անիով ու Կարսով, Լոռէ բերդով ու Հաղպատ Սանահինով Վրաստանի կը պատկանին. Թամար թագուհին վկայ (կրնա՞ք, դուք ալ Տիգրանը վկայ բերէք ու ծովէ ծով Հայաստան պահանջէք…)…
- æաւախքի խօսք ալ չես ըներ, անշուշտ…
- Եթէ Վրաստանի հայոց եկեղեցիները կ՛ուզէք՝ ուրեմն Հայաստանի հիւսիսի քաղքեդոնական վանքերն ալ մեզի պիտի տաք (ահա՛ ազնուականի վայել առեւտուր)։
Վերջերս Գագիկ Ծառուկեանը Աբովեանի մէջ հոյակերտ եկեղեցի բարձրացուց։ Մե՞նք՝ չարախօսեցի՛նք, նախանձեցա՛նք, անտեղի ու ապաժամ գտանք։
Մինչդեռ մարդը կառուցեց ի՛ր երկրին մէջ, հայրենի՛ հողին վրայ…
***
Այսօր ալ պատշգամէս փոքրիկ ու գեղեցիկ փամփուշտ մը գտայ ու գուրգուրանքով դրի սափորին մէջ, ուր իր՝ տարբեր տարիքի ու հասակի ընկերները կը հանգստանան։ Բարեկամներս են անոնք, քանի որ այլ նպատակով ղրկուած, սակայն իրենք խնայած են կեանքս։ Իրե՞նք, Աստուա՞ծ, պատահմո՞ւնքը… Կարեւորը՝ անոնք հոն են ու կը յիշեցնեն զիս, որ կրնայի այսօրուան արեւը չտեսնել։ Փա՛ռք ձեզի, Աստուած ու բախտ։ Այսօր իւրաքանչիւր սուրիացի երեկոյեան փառք կու տայ, որ ցերեկուան պատահարի մը չհանդիպեցաւ. առտու, գիշերուան մարտերու ձայներէն յոգնած, սակայն երջանիկ է, որ չմնաց փլատակի տակ ու անգամ մը եւս տեսաւ արեւը։
So՜ wonderful is life…