Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութեան Փողերախումբը

$
0
0
Fanfar Fanfar 1 Fanfar 2 Fanfar 3 Fanfar 4 Fanfar 5 Fanfar 6

ՀՄԸՄի փողերախումբը Շրջանային Վարչութեան կարեւորագոյն բաժանմունքներէն մէկն է, որ իր ելոյթներով ոչ միայն ՀՄԸՄի, այլ նաեւ շրջանի հայկական բոլոր ձեռնարկներուն փայլք կու տայ:

Նուիրեալ քանի մը ՀՄԸՄականներու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ քով-քովի պահել խումբ մը երաժշտութեան սիրահար երիտասարդներ, որոնք սիրով եւ կանոնաւորութեամբ կը հետեւին փողերախումբի փորձերուն:

Բնական է, որ ՀՄԸՄի փողերախումբը դժուարութիւններ դիմագրաւէ, յատկապէս իր փորձերը կատարելու վայր ապահովելու գծով: Սակայն յաջորդական Շրջանային վարչութիւնները, գիտակցելով ՀՄԸՄի փողերախումբի կարեւորութեան թէ՛ ՀՄԸՄի եւ թէ համայնքի կեանքէն ներս, լաւատեսութեամբ կը շարունակեն գուրգուրանք ցուցաբերել անոր նկատմամբ, միշտ քաջալերելով անոր անդամները շարունակելու իրենց երաժշտասիրութիւնը եւ կը փորձեն նոր, երիտասարդ եւ խոստմնալից անդամներ ներգրաւել անոր շարքերուն մէջ: Եւ յաջողած են: Այսօր ՀՄԸՄի փողերախումբը կը բաղկանայ 60 անդամներէ, եւ անիկա հպարտանքն է ՀՄԸՄին եւ գաղութին համար:

ՀՄԸՄի փողերախումբը միշտ ունեցած է իր յատուկ յանձնախումբը, որ ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերած է եւ կը շարունակէ ցուցաբերել խումբին, ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելով անոր անդամներուն համար: Նաեւ, յանձնախումբը փողերախումբի երաժշտասէր անդամներուն համար կը կազմակերպէ երաժշտական դասընթացքներ, որպէսզի անոնք համոզումով եւ ինքնավստահութեամբ ՀՄԸՄը եւ համայնքը խանդավառելու իրենց պարտականութիւնը կատարեն:

ՀՄԸՄի փողերախումբի յարատեւման մէջ մեծ դեր խաղացած են կարգ մը նուիրեալ ՀՄԸՄականներ, որոնք տակաւին նոյն ոգիով կը շարունակեն իրենց պարտականութիւնը,  ուրիշներ իրենց բազմազբաղութեան, աշխատանքի կամ տեղափոխման պատճառով հեռացած են: Դժբախտաբար կան նաեւ անդամներ, որոնք կեանքին հրաժեշտ տուած են, մեծ ցաւ պատճառելով իրենց շրջապատին:

Այդ բոլոր անդամներն ալ իրենց դրոշմը ձգած են նուագախումբին վրայ. անոնցմէ կ՛արժէ յիշել եղբայրներ՝ Յակոբ Պոսնոյեան (մահացած), Յարութ Գիլէճեան, Փօլ Պաշգապագեան, Սեպուհ Առաքելեան, Վաչէ Մկրտիչեան եւ Մանուէլ Մարսէլեան: Յատուկ յիշատակութեան արժանի է փողերախումբի երաժշտութեան ուսուցիչ հանգուցեալ եղբ. Յարութ Կունտուզեան, որ երկար տարիներ սիրայօժար երաժշտութեան դասընթացքներ տուաւ փողերախումբի յատկապէս երիտասարդ անդամներուն:

Շրջանային վարչութիւնները ունեցած են իրենց ներկայացուցիչները յանձնախումբին մօտ, որոնք միշտ քաջալերած են փողերախումբի գործունէութիւնը: Փողերախումբի յանձնախումբի անդամները շաբաթական փորձերուն հետեւելէ եւ հրապարակային ձեռնարկներու ընթացքին անոր ընկերակցելէ անկախ, նաեւ լուրջ քարոզչական եւ անդամարշաւի աշխատանքներ կը կատարեն:

Ներկայիս փողերախումբին մօտ Շրջանային վարչութեան կապն է եղբ. Փիեռ Մանուկեան, որ մեծ ներդրում ունի խումբի գոյատեւման մէջ: Ներկայիս փողերախումբի յանձնախումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ երաժշտասէր քոյր-եղբայրները.

Փօլ Պաշգապագեան՝ Ատենապետ

Ռազմիկ Արիսեան

Ոսկան Արիսեան

Ռաֆֆի Ճուգճեան

Գէորգ Մանուկեան

Վարդան Գույումճեանի

Լենա Արապեանի

Գրիգոր Ապաճեան

ՀՄԸՄի փողերախումբը իր ազգային երգերու եւ ոգեւորիչ քայլեղանակներու կատարումով միշտ ներկայութիւն է գաղութին մէջ:  Անիկա գլխաւորած է հետեւեալ ձեռնարկները, մեծապէս տպաւորելով մասնակիցները.

– 25 Ապրիլ 2015ի Արդարութեան քայլարշաւը.

– Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկներ.

– ՔԱՀԱՄի փակման եւ Նաւասարդեանի բացման հանդիսութեանց դրօշակի արարողութիւններ

– Նաւասարդեանի փակման հանդիսութեանց դրօշակի արարողութիւններն ու շքերթը.

– Ամէն տարի, Դեկտեմբերի առաջին շաբաթավերջեը կազմակերպուած Մոնթրոզ քաղաքի Ս.  Ծննդեան շքերթներուն ՀՄԸՄի արի-արենուշներու խումբերուն հետ մասնակցութիւն.

– ՀՅԴի Օրուան նուիրուած ձեռնարկներու դարօշակի արարողութիւններ.

– Պաշտօնական հիւրերու դիմաւորում.

– ՀՕՄի եւ շրջանի այլ կազմակերպութիւններու ձեռնարկներու դրօշակի արարողութիւններ.

– ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած բոլոր ձեռնարկները եւ յատկապէս 16 Սեպտեմբեր 2018ի ժողովրդային փառատօնի սկաուտական տողանցքը:

 

 


 

ԱԼԻՍ ՆԱՒԱՍԱՐԳԵԱՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

 

Լաւագոյն Մաղթանքներով

Կը Շնորհաւորեն Բոլորի

Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles