Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Արտախորհրդարանէն Դէպի Խորհրդարան Նրբանցքներ Հարթելու Պահը

$
0
0

 

khempakragan_121218

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի

 

Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի կամարտայայտութեան երկրորդ կարեւոր փուլը կայացած է արդէն: Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները չեն վիճարկուիր մասնակից որեւէ քաղաքական ուժի կողմէ. առընթեր՝ թէ՛ ընտրութիւնները մշտադիտարկողները, թէ՛ միջազգային լրատուադաշտի ներկայացուցիչները եւ թէ գերտէրութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաները դրական գնահատականներ կը հնչեցնեն ընտրութիւններու կայացման եղանակին մասին՝ ժողովրդավարական օրինաչափութիւններու յարգումի ընդհանուր շրջանակներուն մէջ:

Նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին միջազգային կանոններով կազմակերպուած բանավէճերը, ընտրական համակողմանի գործընթացներու լուսաբանման հաւասար կարելիութիւններու ընձեռումը, բայց մանաւանդ ընտրութեան ազատ, անկաշկանդ եւ թափանցիկ կայացումը ժողովրդավարացման ճանապարհին նշաձողի նոր աստիճանաչափ նուաճեցին մեր պետութեան:

Ձեւաւորուած է խորհրդարանական համակարգի առաջին խորհրդարանը. 132 հոգինոց խորհրդարանին մէջ «Իմ Քայլը» դաշինքը ունի 88 պատգամաւոր, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 26 եւ «Լուսաւոր  Հայաստան»ը՝ 18: Թուաբանական այս պատկերը ինքնին կ՛ենթադրէ, որ քաղաքագիտական առումով կայ գլխաւոր ուժ, որ համաձայնական կառավարութիւն կազմելու որեւէ անհրաժեշտութիւն չունի՝ ապահոված ըլլալով կայուն մեծամասնութիւն:

Գործող Սահմանադրութեամբ ընդդիմութեան տրուած ընդլայնուած լիազօրութիւնները այս պարագային ընդդիմութեան վերապահուած պաշտօններ եւ գործառոյթներ ապահովելով հանդերձ, ըստ էութեան հակակշիռ-զսպիչ դեր կատարելու կարելիութիւնը չեն ստեղծեր: Պարզ է տրամաբանութիւնը. երկրորդ ուժի ղեկավարը արդէն յայտարարած է, որ գործող մեծամասնութիւնը ներկայացնող վարչապետին հետ համագործակցելու հակուած է, մինչ «Լուսաւոր Հայաստան»ը ըստ էութեան ծրագրային հակասութիւններ չունի գործող մեծամասնական դաշինքին հրապարակած առաջադրանքներուն հետ:

Հաստատութենական ընդդիմութեան կայացման նախադրեալները, գէթ այս պահու դրութեամբ, շատ տեսանելի չեն: Խորհրդարանը գաղափարաբանական գետնի վրայ կը յատկանշուի միաձոյլ ազատականութեամբ:

Տուեալներու բացակայութեամբ, այսուհանդերձ կայ ընդհանուր համապատկերի տպաւորութիւն, որ խորհրդարանը բաղկացնող պատգամաւորներու գերակշիռ մասը քաղաքացիական գործիչի (աքթիվիստի) կարգավիճակէն կտրուկ անցում կը կատարէ դէպի օրէնսդիր դաշտ, դէպի պետական-խորհրդարանական միջավայր: Պատգամաւորներու երիտասարդ նկատելի թիւ մը, որ իր հանրային կենսափորձը շահած է քաղաքացիական շարժումներու ծաւալած գործունէութեամբ:

Նուազ թիւերով, սակայն առաւել քաղաքական փորձառութեամբ, եւ միւս կողմէ՝ շատ թիւերով, սակայն նուազ քաղաքական, բայց առաւել քաղաքացիական գործունէութեան փորձառութեամբ պատգամաւորներու համատեղումով ձեւաւորուած խորհրդարանի մը փաստը կայ այսօր Ազգային ժողովի բաղադրատարրերուն ծանօթանալ ուզող հետեւողին առջեւ:

Այս իրողութիւնները կը յուշեն, որ գաղափարաքաղաքական բնոյթի քննարկումներու արտախորհրդարանական միջավայրի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի հետզհետէ. այլ խօսքով՝ արտախորհրդարանական հաստատութենական ընդդիմութեան մը կազմութիւնը, որ զուգահեռ խորհրդարանին, պիտի ապահովէ հանրային քննարկումներու հնչեղութիւն՝ անվտանգութեան խն-դիրներու, տնտեսական հարցերու, արցախեան հակամարտութեան, ընկերային, կրթական, մշակութային, հայրենիք-Սփիւռք ոլորտներուն եւ անշուշտ ընդհանրապէս արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններուն:

Բնականաբար այս բոլոր խնդիրները կ՛ենթարկուին խորհրդարանական քննարկումներու, կ՛ունենան օրինագիծի տեսք, կը վերածուին օրէնքի: Միաբեւեռ էութեամբ խորհրդարանը, սակայն, թէ՛ հակակշիռ-զսպիչ համարժէք գործօնի բացակայութեան եւ մանաւանդ բազմակարծութեան բացը լրացնելու առաջադրանքով արտախորհրդարանէն դէպի խորհրդարան միտքերու եւ գաղափարներու նրբանցքներ հարթելու անհրաժեշտութեան առջեւ է: Որքան բազմանան խորհրդարանական-արտախորհրդարանական ուժերու համատեղ լսումներն ու քննարկումները, այնքան կը շահի այսօրուան միաբեւեռ խորհրդարանը:

Իսկ արտաքին մարտահրաւէրներու դիմակայման համար կամ ընդհանրապէս արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններու իրացման ընթացքին միակուսակցական կառավարութիւնը արհեստավարժ մարդուժ գործի լծելու առընթեր էապէս հրամայական անհրաժեշտութիւնը պիտի զգայ խորհրդարանին այսօր մաս չկազմող, սակայն ըստ էութեան համահայկական տարողութիւն եւ ցանցային կառոյց ունեցող կազմակերպութիւններուն հետ նպատակաուղղուած համագործակցութեան: Յատկապէս, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ատրպէյճանին զինուժ վաճառելու արգելքներու սահմանման, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման, Եւրոպական Միութեան հետ համարկումի ծրագիրներու վաւերացման եւ նման գերակայ կարեւորագոյն ուղղութիւններու իրականացման համար:

Գործադիրէն ետք արդէն իսկ օրէնսդիրին մէջ մեծամասնութիւն կազմող միակուսակցական-միադաշինք դրութիւնը պետականաշինութեան եւ թռիչքաձեւ զարգացումներ ապահովելու համար ներառական մեքանիզմներ յառաջացնելու անհրաժեշտութեան առջեւ կանգնած է:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles