ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Սեպտեմբերին ես գրած էի յօդուած մը՝ քննադատելով Թրամփի վարչակազմին կողմէ Միջազգային քրէական դատարանին մերժումը: Միացեալ Նահանգներու այս դիրքորոշումը ես համարած էի յարգանքի բացակայութիւն՝ արդարադատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան նկատմամբ։
Անցեալ շաբաթ Թրամփի վարչակազմը եւս երկու գայթակղեցուցիչ գործողութիւններ իրականացուց՝ առաւել եւս ոտնահարելով միջազգային իրաւունքը եւ խուսափելով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման իրաւական լուծումէն։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները կը դադարեցնէ 1955ին Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան համաձայնագիրը, Արդարադատութեան միջազգային դատարանին (ICJ) կողմէ 3 Հոկտեմբեր 2018ին ընդունուած միաձայն որոշումէն ետք, ըստ որուն, Միացեալ Նահանգները պարտաւոր է վերսկսելու արտածումը դէպի Իրան մարդասիրական ապրանքներու եւ պահեստամասերու քաղաքացիական օդանաւային թռիչքի ապահովութեան ծառայութիւններու համար՝ հակառակ Միացեալ Նահանգներու հաստատած պատժամիջոցներուն: Ասիկա, անշուշտ, յաղթանակ էր Իրանի համար, որովհետեւ վերջինս դատի տուած էր Միացեալ Նահանգները Միջազգային դատարանին մէջ: Դուրս գալով այս համաձայնագիրէն, Միացեալ Նահանգները վերածուեցաւ ոչ արժանապատիւ պարտուողի մը։
Նախագահ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն վերսկսաւ այս տարուան Մայիսին՝ Իրանի եւ քանի մը այլ մեծ պետութիւններու հետ 2015ին կնքած միջուկային գործարքէն դուրս գալէ ետք: Պատժամիջոցները կը վերաբերէին տոլարային գործարքներու, սննդամթերքի արտածման եւ ալիւմինիումի ու պողպատի վաճառքին: Նոյեմբերին, Միացեալ Նահանգները նոր պատժամիջոցներ պիտի աւելցնէ Իրանի նաւթի վաճառքին, ուժանիւթին եւ երթեւեկութեան հատուածներու, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան ֆինանսական գործարքներու դէմ։
«Դատարանի հրամանը կը կիրարկուի դեղամիջոցներու եւ բժշկական սարքերու, սննդամթերքի եւ գիւղատնտեսական ապրանքներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական օդանաւային թռիչքի համար պահեստամասերու եւ սարքաւորումներու նկատմամբ: Միացեալ Նահանգները պէտք է նաեւ ապահովէ, որ արտօնագիրներ եւ թոյլտուութիւններ տրուին, եւ որ նման ապրանքներու եւ ծառայութիւններու համար վճարումները որեւէ սահմանափակման չենթարկուին», ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի՝ դատավճիռէն ետք յայտարարեց Միջազգային դատարանի նախագահ Ապտիւլքաւի Եուսուֆ։
Թէեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները պարտադիր են, սակայն ստիպողական չեն: Ամերիկայի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճան Պոլթըն, 3 Հոկտեմբերին, Սպիտակ տան մէջ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին իր ելոյթով յայտարարեց, որ Իրան «ծաղրանքի վերածած է» Բարեկամութեան համաձայնագիրը: Ի պատասխան՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆ Միացեալ Նահանգները կոչեց «օրինազանց վարչակարգ»։
Հետաքրքրական է, որ Միացեալ Նահանգները Միջազգային դատարանին մէջ դատական հարցեր կը ներկայացնէ ուրիշ պետութիւններու դէմ այն ատեն, երբ իր շահերը կը պահանջեն: 1979ին, Միացեալ Նահանգները դատի տուաւ Իրանի իշխանութիւնները՝ Թեհրանի մէջ իրանցի զինեալներու կողմէ ամերիկեան դեսպանատան գրաւումէն ետք: Միացեալ Նահանգները շահեցաւ այդ դատը, եւ Միջազգային դատարանը հրամայեց Իրանին՝ ազատ արձակել բոլոր ամերիկացի պատանդները եւ հատուցում վճարել: Զարմանալի է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այս պահուն կը դադրեցնէ Իրանի հետ համաձայնագիրը, այլ ոչ թէ 1979ին՝ պատանդներու հետ կապուած ճգնաժամի օրերուն…
«Անցեալ շաբաթ ՄԱԿի մէջ տեղի ունեցած դիւանագիտական հանդիպումներու ընթացքին Թրամփ, Փոմփէօ եւ Պոլթըն հանդէս եկած են Իրանի դէմ եւ յանդիմանած՝ միւս անդամ պետութիւնները եւ ՄԱԿի մարմինները, որոնք ամերիկեան շահերուն չեն ծառայեր: Այս երեքին մօտեցումը արժանացած է սառնագին արձագանգի: Նախագահ Թրամփի գլխաւորութեամբ Ապահովութեան խորհուրդի նստաշրջանին մէջ, ՄԱԿի ամէնէն ազդեցիկ կառոյցի իւրաքանչիւր անդամ մեղադրած է Ուաշինկթընը՝ Խորհուրդին կողմէ համաձայնութիւն տրուած միջուկային գործարքը մերժելուն համար»,- հաղորդեց «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը։
3 Հոկտեմբեր 2018ին Պոլթըն նաեւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ դուրս կու գայ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Վիեննայի համաձայնագիրի «կամաւոր արձանագրութենէն»: Այս որոշումը պայմանաւորուած էր Պաղեստինի իշխանութեան՝ Սեպտեմբեր 2018ին Ամերիկայի դէմ Միջազգային դատարանին ներկայացուցած բողոքով՝ Իսրայէլի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու հարցին հետ կապուած։
Վիեննայի համաձայնագիրը միջազգային պայմանագիր է, որ կը կանոնակարգէ դիւանագիտական յարաբերութիւնները պետութիւններու միջեւ եւ կ՛ապահովէ դիւանագէտներու անձեռնմխելիութիւնը: Զարմանալիօրէն, Պոլթըն ըսաւ, որ «Միացեալ Նահանգներ կը մնայ Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի համաձայնագիրին կողմ եւ մենք կ՛ակնկալենք, որ միւս բոլոր կողմերը կը պահպանեն համաձայնագիրով նախատեսուած իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները»։
Այնուհետեւ Պոլթըն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները վերատեսութեան պիտի ենթարկէ մնացեալ բոլոր միջազգային համաձայնագիրները, Միացեալ Նահանգներու ինքնիշխանութիւնը պահպանելու համար: Աւելցնենք, որ Թրամփի նախագահութեան երկու տարիէն նուազ ժամանակամիջոցի մը մէջ, Միացեալ Նահանգները արդէն դուրս եկած է Իրանի միջուկային համաձայնագիրէն, կլիմայի միջազգային համաձայնագիրէն, Միացեալ Ազգերու կրթութեան, գիտութեան եւ մշակութային կազմակերպութենէն, սպառնացած է հեռանալ ՆԱԹՕէն, հեռացած է ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդէն եւ կրճատած է UNRWA-ի (ՄԱԿի օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութիւն) ֆինանսաւորումը, որ վերջին 70 տարիներուն ընթացքին մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրէր պաղեստինցի միլիոնաւոր գաղթականներու…
Սահմանադրագէտ իրաւաբանները կրնան կասկածի տակ առնել Թրամփի վարչակազմին՝ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին իսկ վաւերացուցած միջազգային պայմանագրերը չեղեալ յայտարարելու օրինականութիւնը: Արդեօք Ծերակոյտը պէտք չէ՞ իր համաձայնութիւնը տայ Սպիտակ տան, մինչեւ վերջինիս դուրս գալը այսպիսի պայմանագիրէ մը: Ամերիկայի պատմութեան առաջին 189 տարիներուն ընթացքին ջնջուած են 40 պայմանագիրներ, Քոնկրեսի երկու պալատներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւններուն լոյսին տակ: Միայն երկու պայմանագիրներ չեղեալ համարուած են Ծերակոյտին կողմէ քուէարկութեամբ՝ վերջինիս անդամներուն երկու երրորդ ձայներու համեմատութեամբ: Դժբախտաբար, վերջին տարիներուն, Քոնկրեսի անկարողութեան եւ պատմական անգործութեան պատճառով, գործադիր ճիւղը նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը վերցնելով միակողմանիօրէն չեղեալ կը յայտարարէ միջազգային պայմանագիրներ: Ասիկա լուրջ հարց է, զոր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ, մասնաւորաբար եթէ դեմոկրատները շահին մեծամասնութիւնը, որպէսզի թոյլ չտայ նախագահ Թրամփին՝ կայացնելու կամայական որոշումներ, որոնք կը խայտառակեն Միացեալ Նահանգները ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ։
Յուսանք, որ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ, աւելի՛ պատասխանատու նախագահը կը փորձէ փոխել Թրամփի խորապէս թերի որոշումները միջազգային համաձայնագիրներու եւ կենսական այլ հարցերու վերաբերեալ։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ