Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Առաջին Յեղափոխականներ…

$
0
0

 

0908nosmoking

 

 

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

ՀՀ Առողջապահութեան փոխնախարարուհի Լենա Նանուշեանին վստահուած է հանրային վայրերու մէջ ծխախոտային ապականութեան դէմ առաջին օրինագծի պատրաստութիւնը եւ մենք սրտանց յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն եւ իր գործակիցներուն այս յեղափոխական նախաձեռնութեան համար:

Վերջին իշխանափոխութենէն ի վեր, դիմատետրի իմ ընկերները նկատած են, որ ես ընդհանրապէս ժլատ գտնուած եմ այս մեծապէս ողջունելի իշխանափոխութիւնը այնուամենայնիւ յեղափոխութիւն համարելու խնդրին մէջ: Պնդած եմ ու կը պնդեմ, որ յեղափոխութիւնը դեռեւս մեր առջեւն է. ան պիտի գայ մեծ ճիգերով եւ զոհողութիւններով, եթէ գայ: Նիկոլ Փաշինեան եւ մեր ժողովուրդը թանկագին պատեհութիւն մը ունին արմատապէս յեղափոխելու երկրի համակարգը եւ անկէ բխող քաղաքական եպերելի մշակոյթը: Բայց այդ մէկը պէտք է ընե՛լ: Յեղափոխութիւնը պէտք է բերել: Այդ գործը պէտք է հետապնդել մեծ թափով՝ նայելով դէպի յառաջ եւ ոչ՝ դէպի ետ: Ծխախոտի ապականութեան դէմ պայքարը այդ մեծ գործին դաշտերէն մէկն է:

0911lenananoushianԾխախոտի ապականութեան դէմ այս կառավարական նախաձեռնութիւնը առայժմ դեռ կը գտնուի իր նախնական փուլին մէջ եւ սակայն ան շրջադարձային է իր էութեամբ եւ պէտք է վայելէ բոլոր քաղաքական ուժերու — ներառեալ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան — անվերապահ եւ գործօն զօրակցութիւնը: Այժմէն իսկ պէտք է շնորհաւորել փոխնախարար Լենա Նանուշեանը իր որդեգրած ուղղութեան համար: Այս օրէնքը պէտք է ըլլայ խստապահանջ, ուղղափառ եւ հարուածային: Անոր կիրարկումը պէտք է ըլլայ ամբողջական եւ առանց բացառութիւններու: Օտար պետական հիւրերու պարագային կարելի է օգտագործել ԱՄՆի փորձը:

Ես կը յուսամ, որ այս օրինագիծը լուրջի կ՛առնուի կառավարութեան բոլոր անդամներուն եւ պր. վարչապետին կողմէ: Ան պէտք է լուրջի առնուի Ազգային ժողովի ամէն մէկ անդամին կողմէ եւ գիտենք, թէ խորհրդարանին մէջ փոքր չէ թիւը ծխողներուն: Ան պէտք է լուրջի առնուի բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ անոնց ղեկավարներուն կողմէ: ԲԱՅՑ ՄԱՆԱՒԱՆԴ ԱՆ ՊԻՏԻ ԼՈՒՐՋԻ ԱՌՆՈՒԻ ՄԵՐ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԵՒ, ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ, ՄԵՐ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ: Ամէն օր, որ հայոց երկրի ծնողները իրենք իրենց կը թոյլատրեն ծխախոտի գործածութիւնը իրենց տուներէն ներս, անմիջականօրէն կը սերմանեն քաղցկեղի եւ այլ հիւանդութեանց սերմերը իրենց հարազատներու կեանքերէն ներս եւ կը հարուածեն մեր ազգային անվտանգութիւնը:

Սիրելի Լենա, 2022ը շատ հեռու է: Կարելի չէ դանդաղիլ: Այս օրինագիծը պէտք է օրինագրուի անմիջապէս եւ կիրառման դրուի եւ այս կառավարութիւնն իսկ պէտք է ձեռնարկէ անոր վճռական գործադրութեան: Ձեր օրով պէտք է հաստատուին բոլոր հիմնական կանոնները այս օրէնքի գործադրութեան համար: Այլապէս տարիներէ ի վեր հակածխախոտային ազդարարութիւնները անսաստողները եւ առհասարակ այդ շուկայի մենաշնորհային ուժերը իրենց հսկայ քաղաքական զինարանով ջարդուփշուր կ՛ընեն զայն առանց դոյզն վարանումի:

Յառա՛ջ անդեդեւ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles