Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Մեր Յօդուածները Պէտք Է Քննական Մօտեցում Ունենան

$
0
0

ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ

 

0829armanԱնբաղձալի վիճակի մէջ դրաւ զիս գաղափարակից ընկերս Վաչէ Բրուտեանը՝ իր «Մենք Հալածախտէ Չենք Տառապիր» խորագրեալ յօդուածով (տես՝ «Ասպարէզ», 24 Օգոստոս 2018): Անբաղձալի՝ երկու առումով: Նախ՝ պիտի չ՛ուզէի հրապարակային բանավէճի մէջ մտնել յարգելի ընկերոջս հետ, իսկ երկրորդ՝ նախորդ իմ յօդուածով արտայայտած միտքերս պարզաբանելու համար, այժմ հարկադրուած կը զգամ, ինչպէս կ՛ըսեն, կարկինը քիչ մը աւելի լայն բանալու, զոր, այլապէս, պիտի չ՛ուզէի ընել տարբեր նկատառումներով: Պիտի փորձեմ նախորդ յօդուածովս արծարծած միտքերուս ու տեսակէտներուս տարբեր ուղղութիւն մը տալ, յուսալով որ այս անգամ յօդուածիս միտք բանին աւելի կը յստականայ:

Ըստ էութեան, Վաչէ Բրուտեանի եւ իմ տեսակէտներու ճամբաբաժանը կը սկսի այսօրուան իրերու դրութեան մէջ հակադաշնակցական արշաւի մեր գնահատումներէն: «Դաշնակցութեան քաղաքական կեցուածքներուն, անոր ղեկավարներու կամ մարմիններու տեսակէտներուն դէմ արտայայտուողներուն, զանոնք չբաժնողներուն կամ, այսպէս ըսած, հակա-տեսակէտ ունեցողներուն հասցէին հակադաշնակցականի պիտակաւորումով յօդուածներու գրոհ մը կայ մեր հասարակական ցանցերու եւ մամուլի մէջ…» իմ տեսակէտին, յօդուածագիր ընկերս հետեւեալ ձեւով կը հակաճառէ «Ուրեմն, տարբեր խօսքով, ըստ յօդուածի հեղինակ ընկերոջս, հակադաշնակցական պայքար չկայ, այլ… ՀՅ Դաշնակցութեան նկատմամբ քննադատութիւններ, «հակա-տեսակէտներ» արտայայտողներ կան, որոնց նկատմամբ մեր մամուլին մէջ «հիսթերիա»ի հասնող վերաբերում կայ: Այդպէս չէ՛, բացարձակապէս: Կա՛յ հակադաշնակցական արշաւ մը, յատկապէս այս օրերուն, ըլլա՛յ ընկերային ցանցերու, ըլլա՛յ կարգ մը զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մէջ եւ այս արշա՛ւն է որ հասած է «հիսթերիք» վիճակի ու ոչ թէ դաշնակցական մամուլին մէջ անոնց նկատմամբ հակադարձութիւնը»:

Բոլորովին չեմ բաժներ մեր ընկերոջ այս միտքերը: Բայց նախքան նիւթը արծարծելը, կ՛ուզէի հարցումով մը դիմել իրեն. այդ ինչպէս եզրակացուց իմ գրած վերի տողերէն, թէ ըստ իս հակադաշնակցական պայքար կամ արշաւ գոյութիւն չունի: Արդեօք պարզ չէ՞, որ գոյութիւն ունի ըսելով գրած եմ իմ նախորդ յօդուածը, այլապէս, եթէ գոյութիւն չունենար, ինչու պիտի գրէի: Նախորդ յօդուածիս նպատակը ըստ էութեան հակադաշնակցական պայքարի կամ արշաւի գոյութիւնը այս օրերուն հարցականի տակ դնելը չէր: Եւ կը ցաւիմ ըսելու, որ մեր ընկերը պարզապէս տպաւորութեան մը (դեռ այդ ալ թիւր) ազդեցութեան տակ գրած է յօդուածը: Իմ նախորդ յօդուածը այս օրերու հակադաշնակցական արշաւի երեւոյթին մեր բնութագրումին, զայն դիմագրաւելու ձեւին ու եղանակին կը վերաբերէր: Եւ այդքան: Կ՛ենթադրէի որ իմ ընտրած յօդուածի խորագիրը այդ տպաւորութիւնը պէտք է ձգած ըլլար:

Այժմ անցնիմ մեր նիւթին: Ընդհանուր առումով մեր ընկերոջ գնահատումը «հակադաշնակցական» երեւոյթին առնուազն թերի է ու խոցելի: Սա՛, լաւագոյն պարագային կէս ճշմարտութիւնը ըսելու պէս բան մըն է միայն, որովհետեւ Դաշանակցութեան դէմ բարձրացած ալիքը այս ժամանակաշրջանի քաղաքական ու հասարակական մթնոլորտի եւ իրավիճակի դիտանկիւնէն եթէ չվերլուծես, կրնաս սխալ եզրակացութիւններու յանգիլ եւ մեր ջանքերը այս ալիքը դիմագրաւելու կրնան նոյնիսկ հակառակ ազդեցութիւնը ունենալ:

Համաձայն եմ մեր ընկերոջ՝ Դաշնակցութեան դէմ ալիք մը կայ մեր հասարակութեան մէջ: Բայց ինչո՛ւ կայ հարցումին, սպառիչ ու համոզիչ անդրադարձ կամ պատասխան չեմ տեսներ մեր մամուլին մէջ, այլ միայն «հակա»ներու տեղատարափ: Վերջին հաշուով, այնպէս չէ որ լուսնակ գիշեր մը պառկեցանք ու առաւօտ արթնցանք ու տեսանք որ հակադաշնակցական արշաւ մը սկսած է ու գլուխը առած կ՛երթայ: Չէ. բնաւ այդպէս չէ: Քաղաքական գիտութիւններու վկայականի ալ կարիք չունինք հասկնալու, որ նման արշաւի ալիքներ այդպէս պատահականօրէն չեն յառաջանար:

Կը կարծեմ, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, եթէ մեր մամուլը շրջահայեաց մօտեցում ցուցաբերէր այս խնդիրին, յատկապէս Հայաստանի վերջին ամիսներու իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Ճիշդ պիտի ըլլար, որ այս «արշաւ»ի երեւոյթին «հակադաշնակցական» հապճեպ բնութագրումը ընելէ առաջ, քննէինք ու խօսէինք անոր տուն տուող պատճառներուն մասին եւ ապա եզրակացնէինք: Կը ցաւիմ ըսելու, որ նման քննական, վերլուծական մօտեցում չեմ տեսած Վաչէ Բրուտեանի այս ու նախորդ յօդուածներուն մէջ: Կը ցաւիմ նաեւ ըսելու, որ ոչ ալ տեսած եմ իմ, քու, մեր յօդուածագիր ընկերներու սիւնակներուն մէջ, ուր, ինչպէս ինք կը մատնանշէ, ընդհանրապէս հակադարձութիւն կայ քան քննական մօտեցում: Հաւանաբար որովհետեւ քննական մօտեցում մը նաեւ սխալներ ընդունելու կամ ինքնաքննադատութեան երթալու անհրաժեշտութիւնը կը թելադրէ՛:

Դաշնակցութեան դէմ այսօրուան արշաւի ալիքը զիս չի զարմացներ: Ինչպէս նշեցի վերը, նման երեւոյթներ պարապէն չեն ծնիր ու ոչ ալ կրնար ծնիլ: Ասիկա տրամաբանական հետեւանքն է անցնող Մայիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային իշխանափոխութեան շարժումին: Ատենին գրած էի այս մասին: Ատենին գրած էի որ ժողովրդային այս շարժումը նաեւ քաղաքական շարժում է ընդդէմ իշխանութիւնը բաժնեկցող բոլոր քաղաքական ուժերուն, ներառեալ Դաշնակցութեան, որ Հանրապետական կուսակցութեան առաջին դաշնակիցը կը համարուէր: Գրած էի, որ այս շարժումը առնուազն ժողովրդային անվստահութեան քուէ է հանդէպ Դաշնակցութեան ու անոր վարած քաղաքականութեան: Արդեօք կարե՛լի էր ուրիշ ձեւով մեկնաբանել եղածը, եթէ այո, խնդրեմ բացատրեցէք: Պատճառ ու հետեւանք այս կապակցութիւնը չենք կրնար դուրս ձգել այսօրուան մեր դիտարկումներէն կամ երեւոյթը հասկնալու մեր փորձերէն: Ուստի հետեւութիւնները ըստ այնմ պէտք է ընել: Այսօրուան «հակադաշնակցական» արշաւը, որուն մասին կը խօսի մեր ընկերը, ինչ ծաւալի ալ որ է, մեր ինքնութեան ու գոյութեան դէմ արշաւ չէ, այլ մեր քաղաքական վարքագիծին, մեր քաղաքական որոշումերուն դէմ ժխտական կեցուածք է ընդամէնը: Պէտք հասկնալ որ այսօր կայ ժողովրդային տրամադրութիւն մը, ժողովրդային dynamics մը, որ, ցաւօք սրտի, յօգուտ Դաշնակցութեան չէ եւ սա օրինաչափ է: Շատ բնական երեւոյթ է որ քաղաքական կեանքի մէջ գործող կուսակցութիւններու վարկանիշը ելեւէջներ ունենայ: Կուսակցութեան մը վարկանիշը կը բարձրանայ երբ անոր քաղաքական գործն ու կեցուածքը համահունչ ըլլան ժողովուրդի կարիքներուն ու բաղձանքներուն: Ուշ կամ կանուխ պէտք է անդրադառնալ, որ Հայաստանի մէջ իբրեւ հասարակական-քաղաքական գործող կուսակցութիւն, Դաշնակցութիւնը այս խաղի օրէնքէն բացառուած չէ: Ուշ կամ կանուխ պէտք է անդրադառնալ նաեւ, որ մեր կուսակցութեան համար այսօրուան նման դժուարին պահեր կարելի չէ դիմագրաւել այսպէս ըսած classic հակադաշնակցական պայքարի antidote-երով կամ, եթէ աւելի ճիշդը կ՛ուզէք, մտակաղապարով, որքան ալ ազնիւ ըլլան մղումները: Վաչէ Բրուտեանի յօդուածէն յաջորդ մէջբերումս բարացուցական է այս առումով:

«Բայց իրականութեան մէջ որոնք են մեր դէմ այս քննադատական կեցուածք դրսեւորողները. ինչ կ՛ըսեն, կամ ըսած են անոնք որ պատճառ դարձած է մեր կողմէ զիրենք «հակադաշնակցական պայքարի շրջանակին մէջ տեղադրելուն: Կան օրինակներ Արման Պաղտոյեանի յօդուածին մէջ: Դժբախտաբար չեն նշուիր: Չեն նշուիր նաեւ այն պատճառով, որ լաւագոյն պարագային՝ հազուադէպ են. ընդհանրապէս չկան այդ տեսակի յօդուածներ: Եւ մեր հանրային կեանքի յոռի երեւոյթներէն մէկն ալ այս է»: Այսինքն պէտք էր անուններ նշէի որպէսզի համոզիչ ըլլայի: Այսինքն, օրինակի համար, պէտք էր որ սովետական տարիներու նմանողութեամբ համայնավար քանի մը յօդուածագիրներու անունները նշէի միտքս հասկցնելու համար: Բուն խնդիրը անունները չեն: Անցեալ Մայիսին, հարիւր հազարաւոր Հայաստանի քաղաքացիներ Երեւանի փողոցները իջան եւ իրենց քաղաքական քննադատական կեցուածքը դրսեւորեցին նաեւ Դաշնակցութեան քաղաքական վարքագիծին դէմ, խնդրեմ, եթէ անպայման անուն պէտք է տալ, կարելի է ընտրել այդ հարիւր հազարաւորներու բազմութենէն: Այդ ալ աւելցնեմ, որ անոնց մէջ մեր սիրելի կուսակցութեան զրպարտողներ ալ կան, քննադատողներ ալ կան, մեզմէ դժգոհողներ ալ կան, աժան, ամէնէն աժան որակի հակաքարոզչութին ընողներ ալ կան ու վստահաբար ազնիւ ու պարկեշտ բայց թերեւս յուսախաբ շատ ու շատ քաղաքացիներ ալ կան: Այս բոլորի համագումարով գոյացած պատկերին պէտք է նայիլ ու վերջը գրել, որովհետեւ քիչ մը անհեթեթ կ՛ըլլայ ասոնցմէ զրպարտիչները զատորոշել եւ համարել հակադաշնակցական, երբ բոլորը նոյն հարթակին վրայ են:

Համաձայն եմ այն դիտարկումին, որ Դաշնակցական մամուլը կուսակցութեան խօսքը փոխանցողն ու անոր միտքն ու վարքագիծը բացատրողը պէտք է ըլլայ: Բայց ոչ վստահելով հակադարձութիւններու վրայ: Նախ ըսեմ որ «հակադարձութիւն» բառը ժխտական connotation (երանգաւորում) ունի եւ ես, վստահ եմ որ մենք բոլորս պիտի չուզէինք մեր մամուլը տեսնել միայն հակադարձող (reactionary) դիրքերու վրայ: Երկրորդ, հակադարձելը երկսայր սուրի նման է: Մէկ կողմէ շատ լաւ կը հասկնամ, որ մեր ընդդիմախօսներուն պատասխանելը անհրաժեշտ է: Միւս կողմէ սակայն, հակադարձելու տրամադրութիւններու մէջ հարցեր կրնան մարդկայնօրէն անհատականացուիլ, կիրքային ու զգացական դառնալ ու ինքնաբերաբար սահմանափակել մեր մտահորիզոնը, արգիլել որ ընդհանուր պատկերը չկարենանք տեսնել եւ, այս բոլորի արդիւնքով, մեր պատգամը չկարենանք հասցնել մեր հանրութեան: Կը կարծեմ որ մեր ընդդիմախօսներուն (որքան ալ զրպարտիչ ու աժան) հետ աւելի լաւ կ՛ըլլայ պատասխանելու ոճով ու տրամադրուածումբ խօսիլ քան՝ հակադարձելու:

Վերը մատնանշած այդ համագումարին մաս կազմողները այսօրուան մեր քաղաքական ընդդիմախօսներն են. յաջորդին եկէք խօսինք թէ ինչ ունինք ըսելիք իրենց:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles