ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Քաղաքակրթութիւն կոչուածը յաճախ կը ներկայացուի որոշ խմբակի մը հետ: Երբեմն ազգի մը անունով, երբեմն ալ տարածաշրջանի մը ընդհանուր համայնապատկերին մէջ կը բնութագրենք քաղաքակրթութիւնը: Օրինակի համար, ընդունուած եւ համատարած արտայայտութիւններ են «արեւմտեան քաղաքակրթութիւն», «Միջերկրականի քաղաքակրթութիւն», «հայկական քաղաքակրթութիւն», կամ՝ «հնադարեան քաղաքակրթութիւն»: Սակայն, այս բոլորէն անջատաբար կրնանք խօսիլ նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան մասին:
Քաղաքակրթութիւն, որ ձեւաւորուած է տարիներու հոլովոյթով եւ հետզհետէ չափանիշ մը դարձած: Ահա այդ տեսակի քաղաքակրթութիւնը վերջերս որդեգրեց կարեւոր հասկացողութիւն մը, ըստ որուն՝ մահապատիժ կոչուածը ինքնին ոճրագործութիւն է: Այս հասկացողութիւնը իւրացնող եւ որդեգրող բոլոր երկիրները, անշո՛ւշտ, անցեալին ունեցած են մահապատիժի շատ մեծ փորձառութիւն: Սակայն, ներկայ մտածելակերպը շրջանցած է այդ փորձառութիւնները եւ հասած այս նոր հասկացողութեան, ըստ որուն՝ մահապատիժը սովորական պատժամիջոց մը ըլլալէ աւելի վրիժառութեա՛ն երեւոյթ մըն է: Այդ առումով ալ տեղ չունի արդարադատութեան ժամանակակից հասկացողութեան մէջ:
Թուրքիոյ մէջ այս համոզումի ռահվիրան եղաւ Ֆարուք Էրեմը: Ան երկար տարիներ աշխատած էր իբրեւ եղեռնադատ ատեանի դատաւոր: Արձակած էր մահավճիռներ, որոնք արդարութիւն հաստատելէ աւելի՝ կը ծառայէին վրիժառութեան: Արդարեւ, թոշակառու դառնալէն ետք հրատարակած յուշերը մեղանչումի մը բնոյթը ունէին: Մեղանչումը խոստովանելու համար գործածած էր՝ «յանցաւորը որ քերթես՝ մարդ դուրս կու գայ» ասութիւնը: Զանազան օրինակներ թուած էր մահապատիժի վճիռներու մասին, որոնք արդար չէին, բայց կը համապատասխանէին օրէնքով ճշդ-ուած վճիռին: Այս մեկնաբանութիւնները մասամբ հիմք ծառայեցին, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ ալ բազմաթիւ իրաւապաշտպաններ հետզհետէ բաժնեն նոյն համոզումները եւ Թուրքիոյ սահմանադրութենէն վերացուի մահապատիժը:
Թուրքիա ունեցաւ զարմանալի վերիվայրումներ վերջին տասը-տասնհինգ տարիներուն ընթացքին: Այդ վերիվայրումներուն իբրեւ հետեւանք, վերջերս օրակարգի վրայ դրուած է մահապատիժը վերահաստատելու գաղափարը: Տակաւին երէկ (7 Օգոստոս 2018-Խմբ.), «Մեծ միութիւն» կուսակցութեան նախագահ Մուսթաֆա Տեսթիճի հրապարակաւ կը յայտարարէր, թէ խորհրդարանի վերաբացումով իր կուսակցութիւնը բանաձեւ պիտի ներկայացնէ՝ առաջարկելով մահապատիժի վերահաստատումը: Այս «բարեբաստիկ» լուրը աւետելու ժամանակ, ան կ՛աւելցնէր նաեւ հետեւեալ պատճառաբանութիւնը. «Մա-հապատիժը մեր հաւատքի թելադրանքն է»: Այս խօսքը, եթէ հաշուի առնենք գրութեան սկիզբը երկար ներկայացուած բացատրութիւնները, ապա կարելի է ընդունիլ նաեւ՝ «Մեր կրօնքը ոճրագործութիւն կը թելադրէ» ըսելով: Այստեղ կայ նաեւ իրաւացիութեան բաժին մը: Իսկապէ՛ս որ Թուրքիա, հանրապետական շրջան անցնելէ ետք իր առաջին բարեփոխումը ըրաւ՝ որդեգրելով անցեալի «շերիաթ»ական իրաւաբանութեան փոխարէն քաղաքակիրթ իրաւաբանութեան սկզբունքները: Ուրիշ ձեւով կարելի չէր քաղաքակիրթ աշխարհին մաս կազմել: Բայց ճիշդ հո՛ս է, որ կը ծագի բուն խնդիրը: Արդեօք Թուրքիոյ հասարակութիւնը այս պահուն ցանկութիւն ունի՞ քաղաքակիրթ աշխարհին մաս կազմելու, թէ աւելի ձեռնտու է հեռանալ այդ քաղաքակրթութենէն եւ վերականգնել անցեալի այն բարքերը, որոնցմէ հեռացած էինք՝ պարզուած պայմաններու թելադրանքով:
Երկրի օրակարգին վրայ կան այս տեսակի շա՜տ ու շատ հարցումներ, որոնց կարեւորութիւնը այնքան ալ նկատելի չէ քաղաքական հակաճառութիւններու ժխորին մէջ:
8 Օգոստոս 2018