Image may be NSFW.
Clik here to view.
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Խմբագրատունը այն բացառիկ վայրերէն է, ուր ամենաանսպասելի պահուն յանկարծ տեղեակ կը դառնաս զարգացումէ մը, որուն մասին նախապէս ոչ մէկ ակնկալութիւն գոյութիւն ունէր: Ահա այդ տեսակի անակնկալ մը եղաւ Երեքշաբթի օր, թերթի համացանցի էջին հասնող ե-նամակ մը: Հաղորդագրութիւն մըն էր այդ, զոր ստորագրած էին՝ սկսելով Յունաց Տիեզերական պատրիարքէն, երկրի բոլոր ոչ-իսլամ համայնքներու ներկայացուցիչները: Հաղորդագրութիւնը խոստովանանք մըն էր Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ կամ հրեայ հաւատացեալներու կրօնքի ազատութեան համար: Իսկոյն սկսանք մտմտալու, թէ ո՛ր զարգացումներու հետեւանքով նման յայտարարութեան մը կարիքը զգացուած էր:
Թուրքիոյ քաղաքացի բոլոր քրիստոնեաները կամ աւելի լայն բացատրութեամբ՝ բնակչութեան մեծամասնութենէն տարբեր հաւատքի մը հետեւողները, շատ լաւ գիտեն երկրին մէջ տիրող անհանդուրժողութեան մասին: Կասկած չկայ, որ հասարակ մարդկանց գիտցածէն շատ աւելին գիտեն նաեւ այդ համայնքներու ներկայացուցիչի դիրքի մէջ գտնուող հոգեւոր առաջնորդները:
Անոնք կը խօսէին կրօնքի ազատութեան մասին: Այս նիւթով երաշխիք մը ներկայացնելու կարիքը անգամ ապացոյց մըն է խնդիրներու առկայութեան: Արդարեւ, քիչ մը զգոյշ դիտարկումով ամէն ինչ պարզ կը դառնայ: Օրինակի համար, մեզի եկած հաղորդագրութեան մէջ, Յունաց Բարթողիմէոս սրբազանի անուան տակ նշուած էր «Տիեզերական պատրիարք» տիտղոսը: Եւ այդ տիտղոսը շրջանցուած էր նոյն յայտարարութեան արձագանգող պետական լրատուամիջոցին՝ «Անատոլու Աժանս» գործակալութեան հրապարակումին մէջ:
Իրա՛ւ, Յունաց Տիեզերական պատրիարքը ազատութեան ո՞ր յատկութեամբ կը բացատրէ Հէյպելի կղզիի Յունաց դպրեվանքի արգելափակուած ըլլալու փաստը: Կամ՝ Հայոց պատրիարքական փոխանորդը կրօնական ազատութեան ո՞ր դրսեւորումով կը մեկնաբանէ պատրիարքի ընտրութեան դէմ յարուցուած պետական արգելքը: Նոյնպէս կ՛արժէ հարցնել ասորիներու առաջնորդին, թէ այդ ի՞նչ տեսակ ազատութիւն է, երբ գրաւուած են եկեղեցապատկան բազմաթիւ կալուածներ ու անոնցմէ մէկ մասին վերադարձը կը ներկայացուի իբրեւ շնորհք:
Խմբագրատան մէջ խորհրդածութիւններով համոզուեցանք, թէ նման յայտարարութեան մը կարիքը գոյացած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի՝ պատուելի Էնտրու Պրոնսընի բանտարկութեան առթիւ ունեցած ելոյթով:
Իրողութիւնը շա՛տ պարզ ու յստակ է: Թուրքիա, թէ՛ պետական միտքով եւ թէ հասարակութեան մտայնութեամբ, անհանդուրժողական է իսլամ կրօնքի սիւննի դաւանանքէն դուրս մնացած բոլոր հաւատքներուն նկատմամբ: Շատ երկար տարիներ ու մինչեւ օրս, երկրի մեծագոյն վտանգներուն առաջին եռեակին մէջ յիշուած է քրիստոնէութեան քարոզչութիւնը: Կարելի է ըսել, թէ պետութիւնը շատ մեծ կասկած սնուցած է իր ժողովուրդի հաւատքի թուլութեան իբրեւ հետեւանք: Կարծած է, թէ քանի մը քարոզիչներու բարեխօսութեամբ, երկրի հասարակութիւնը դիւրաւ կը հրաժարի իր իսլամ հաւատքէն ու կը հետեւի քրիստոնէութեան: Անշո՛ւշտ որ պետութեան գործիչները այդքան ալ յիմար չեն եղած: Անոնք դիտումնաւոր կերպով հրահրած են նման վտանգ՝ հասարակութիւնը լարուած պահելու միտումով: Այդ ռազմավարութիւնը բնականաբար ունեցած է իր հետեւանքները, որոնց բերմամբ՝ եկեղեցիներ կը խրտչին զանգակներու ղօղանջէն, գերեզմանատուները կը շրջապատուին աւելի քան չորս մեթր բարձրութեամբ պարիսպներով եւ քրիստոնեաներ եկեղեցի կը մտնեն՝ ստուգիչ սարքերով օժտուած դռներէ անցնելով:
Երանի՜ թէ հաւատքի ազատութեան մասին հարցնէին նաեւ ալաուիներուն, քրիստոնեայ թուրքերուն կամ եզիտիներուն: Հաւանաբար, անոնք եւս Թուրքիոյ մէջ տիրող հաւատքի ազատութեան մասին պատմելիքներ ունենային…
pakrates@yahoo.com