Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Թաւշեայ յեղափոխութեան սկիզբէն մինչեւ օրս տակաւին կան մարդիկ, որոնք անհամբեր կը սպասեն Նիկոլ Փաշինեանի անկումին:
Յեղափոխութեան առաջին օրերուն հոս-հոն լսեցինք, որ յեղափոխականներուն մաս մը միասեռական է, մաս մըն ալ‘ Եհովայի վկաներ:
Յեղափոխութենէն ետք սկսանք լսել, որ Նիկոլ Փաշինեանի քատրերը բոլորն ալ կասկածելի անցեալ ունին կամ սկանտալային պահածք:
Աւելի ուշ նախարարութեան նշանակումներու մէջ ալ ըսելիք ունեցան՝ մէկուն հասակը կարճ է, միւսը մշակոյթէ չի հասկնար, կրթական եւ սփիւռքի նախարարներու հասցէին տարբեր հաստատումներ եղան:
Փտածութեան դէմ պայքարն ալ կասկածի տակ առին. ինչո՞ւ այս պահուն այս անձը կամ ինչո՞ւ այս ընկերութիւնը եւ ոչ թէ ուրիշ մը:
Հիմա ըսեմ ըսելիքս:
Սիրելինե՛ր.
Որքան ալ բամբասէք, կասկածիք, թերահաւատ կամ քմծիծաղով մօտենաք, գիտցէք, լաւ գիտցէք, որ ժամանակը ի նպաստ փտածութեան դէմ պայքարին է:
20 միլիոն տոլարի տուրքերու վերստանալը առաջին 100 օրուան աշխատանքին մէջ էր: Այսպէս ըսած ստուերային իշխանութեան գլուխներուն՝ նախկին համակարգին վերաբերող բացայայտումները, Մանուէլ Գրիգորեանի տիպարի իրական պատկերի ընդգծումը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ թալանին մասնակցածներու սարսափը եւ վախը:
Սարսափի եւ վախի մէջ են բոլոր անոնք, որոնք հեռուէն կամ մօտէն փտածութեան մեղսակից էին:
Մենք՝ դաշնակցականներս պէտք չէ մտահոգուինք, որովհետեւ մենք նախկին կառավարութեան մէջ եղած օրերուն արդէն դէմ էինք փտածութեան եւ կը դատապարտէինք: Ուրեմն թող վախնան անոնք միայն, որոնք գործակցած են կամ տակաւին կը գործակցին փտածներուն հետ:
Ի զուր մի սպասէք Նիկոլի անկումին: Այդ ալ ըսեմ, որ եթէ Նիկոլը ձախողի այլընտրանքի վերադարձ նախկին համակարգը չէ եւ չի կրնար ըլլալ:
Ապագան Հայաստանի հպարտ եւ ազատ քաղաքացիներո՛ւն է: