Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Մինչեւ Ո՞ւր Զիջիլ

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

estoukianԵրբ երկրի մը վարչակարգը կը մնայ մենատիրոջ կամքին, այդ երկրին մէջ անխուսափելի կերպով կը հաստատուի բռնակալութիւնը: Այս եզրակացութեան կը յանգինք՝ (թողունք պատմութեան բազմաթիւ օրինակները) Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի որդեգրած քաղաքականութիւնը դիտելով: Ան բացարձակ մենատէրն է իր հիմնած Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան: Աւելի քան տասնհինգ տարիներ իշխանութիւն վայելող այդ կուսակցութիւնը, անշո՛ւշտ որ ունի վարչական եւ գործնական բազմաթիւ մարմիններ: Բայց այդ մարմիններուն հասարակաց եզրն է՝ հպատակի՛լ «Ռէիս»ին (պետ): Ռէիսը ինք կը ճշդէ երեսփոխանները, նախարարները, խորհրդարանի նախագահը, նոյնի՛սկ՝ վարչապետը:

Երկարամեայ այս վարչաձեւը բնականաբար պիտի ունենար իր տխուր հետեւանքները: Պիտի դառնար սխալ օրինակ երկրի զանազան փոքր հաւաքականութիւններուն համար: Ահա այդ տեսակի փոքրամասնութիւն մըն է Թուրքիոյ հայութիւնը: Անիկա, երկրի պայմաններուն բերումով, աւելի քան հարիւր տարի է որ զրկուած է հեղինակութենէ: Հանրապետութեան պատմութեան ընթացքին դադրած է իր արդար իրաւունքը եւ բաժինը պահանջելէ: Գոհացած է իրեն շնորհուածով: Պետութեան գաւազանը միշտ գլխուն վերեւ տեսնելով՝ համակերպած է իրեն թոյլ տրուած սահմանին մէջ գոյութիւնը պահելու:

Այս հոգեբանութիւնը իւրացուցած տարրեր կը կազմեն պոլսահայուն տեսանելի երեսակը: Այդ տարրերը միանշանակ կը կազմակերպեն համայնքի ամէն մակարդակի վարչութիւնները: Կը կազմեն հոգաբարձութիւն, խնամակալութիւն, թաղականութիւն, հիմնադրամներ: Նոյնիսկ հասարակական կազմակերպութեան բնոյթ իբրեւ ակնկալուած միութիւնները, սեփական նախաձեռնութիւններ եղող մամուլը, միահամուռ կերպով կը ձեւաւորեն թրքահայ համայնքը:

Այդ համայնապատկերի մենատիրութեան կը յաւակնի Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը: Կը ներկայանայ Պոլսոյ մեծագոյն հաստատութեան վարիչ իբրեւ, ամբո՛ղջ համայնքի աշխարհական պետը: Այդ հանգամանքով՝ իր վրայ իրաւունք կը տեսնէ նաեւ կրօնապետը ճշդելու: Յիշենք Պէքճեան սրբազանին ակնարկելով՝ «Եթէ զիս լսեր՝ հիմա պատրիարք էր» խօսքը:

Պետրոս Շիրինօղլու վերջերս դարձեալ կը զբաղեցնէ համայնքային օրակարգը: Խի՛ստ վիճելի առաջարկներ կը ներկայացնէ՝ սպառնական ոճով: Ժողովուրդի հաւաքական հարստութիւնը կը գործածէ ի՛ր սեփականութեան պէս. («Եթէ նկատի չէք ունենար իմ առաջարկները՝ դահեկան մ՛իսկ չէք կրնար ստանալ ինձմէ»): Նշենք, որ այս նախադասութեան մէջ «ինձմէ» ըսուածը՝ նոյնի՛նքն ազգային հիւանդանոցին սնտուկն է:

Այս բոլորէն ետք, համայնքի պետի յաւակնութենէն տարուած՝ Շիրինօղլու նախորդ Երկուշաբթի օր, ալ վերջակէ՛տ դրաւ ՎԱՏԻՓ հարթակի աշխատանքներուն:

Նախագահ Էրտողանը վարչապետ Տաւութօղլուն պաշտօնանկ ընելէ ետք, իր շուրջինները նոր վարչապետէն ակնկալուած յատկութիւնը կը նկարագրէին «հեղինակութենէ զուրկ» սահմանումով: Ցաւալի՛ է, որ մեր համեստ համայնքի մեծագոյն դժբախտութիւնն ալ՝ հեղինակութիւն չունեցող հոգաբարձուները, խնամակալութիւնները եւ թաղականութիւններն են: Եթէ այդպէս չըլլար, ապա յիշեալ ժողովի մասնակիցներէն գէթ մէկ անձ պիտի կարենար առարկել այս ամօթալի մենատիրութեան դիմաց: Գոնէ մէկը պիտի հարցնէր նման անպատշաճութեան հաշիւը:

Ներկայ դրութեան մէջ, Պետրոս Շիրինօղլուի պատճառած ամօթը միայն իրմով սահմանուած չէ՛: Այդ ամօթին մէջ բաժին ունին այս համայնքին հեղինակութենէ զուրկ բոլոր տարրերը, ըլլան անոնք վարչական, մամուլի ներկայացուցիչ, հասարակական կազմակերպութիւն եւ մինչեւ իսկ այս բոլորին հանդէպ անտարբեր մնացող հասարակ անհատ:

 

«ԱԿՕՍ»

pakrates@yahoo.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles