Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ծանր Աշխատանքը Հիմա Կը Սկսի

$
0
0

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ

 

vahan-e1406572389494Վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը հարկաւոր էր որպէս պայման, բայց ոչ բաւարար՝ երկիրը առաջնորդելու հանդարտ եւ բարգաւաճ հունի:

Հարկաւոր՝ որովհետեւ իշխող համակարգը անկարող էր (եւ դեռ է) իրականացնելու այն արմատական եւ լրացուցիչ (consequential) բարեփոխումները, որոնց կարիքը արդէն վաղուց դարձած է հրատապ: Այս անկարողութիւնը կը բխի այն իրողութենէն որ իշխող համակարգին եւ մենաշնորհային համակարգին փոխադարձ կախուածութիւնը այնքան խարսխուած ու հաստատուած է, որ ինքնա-բարեփոխումներ կիրառելը անհնար է:

Ոչ-Բաւարար՝ որովհետեւ Հայաստանի ներկայ անկայունութիւնը շատ աւելի խոր արմատներ ունի քան Սերժ Սարգսեանի պատասխանատուութիւնը այս հարցին մէջ: Անիկա արդիւնքն է հերթական օրինախախտումներու ընտրութիւններու ոլորտին մէջ եւ բոլոր մակարդակներու վրայ, որոնց պատճառաւ սահմանադրականօրէն անթերի եւ օրինաւոր ձեւով ընտրուած վարչապետը, ժողովուրդին առջեւ չունէր լեգիտիմութիւն (օրինականութիւն-Խմբ.): Ներկայ համակարգի օրինականութիւնը չէ՛ր որ հարցականի տակ էր Երեւանի փողոցներուն մէջ, այլ իր բարոյավարկը (credibility):

Թէ՛ իշխող համակարգը եւ թէ քուէարկող հասարակութիւնը մեղք եւ պատասխանատուութիւն ունին այս կապակցութեամբ: Իշխող համակարգը, մասնաւորապէս Հանրապետական կուսակցութիւնը, շարունակաբար չարաշահած էր իր վերահսկողութեան տակ գտնուած լծակները եւ միջամտած է ընտրական գործընթացին՝ ընդհանրապէս զայն ուղղելով ի նպաստ իր շահերուն: Նոյն ժամանակ՝ քուէարկող հասարակաթիւնը ընդհանրապէս չէր կրցած խուսափիլ իր ձայնը ծախելու փորձութենէն եւ սպառնալիքներու առջեւ տեղի տալու թուլութենէն: Այս բոլորին արդիւնքը պարզ էր: Ոչ-ներկայացուցչական, գործարար, անձնական շահերէ մղուած խորհրդարան մը, որ պատասխանատու կը զգայ ոչ ոքի նկատմամբ, ներառեալ իր իսկ ընտրատարածքներու հասարակութեան: Ժողովուրդը, Սերժը դրժելով, այդ խորհրդարանն է որ կը դրժէ:

Այս բոլորէն միայն մէկ յստակ եզրակացութիւն կարելի է քաղել: Հայաստանի թէ՛ քաղաքական եւ թէ քաղաքացիական համակարգը (բառերուն ամէնէն լայնապարփակ առումով, ներառեալ՝ քաղաքացիներու մտածելակերպը եւ մօտեցումը կառավարման չափանիշներու հանդէպ) պէտք է ենթարկուի հիմնական եւ համապարփակ վերակառուցման: Խորհրդարանական նոր ընտրութիւններու կոչը երկրորդ հարկաւոր անկիւնադարձ մըն է: Սակայն պէտք է նաեւ գիտակցիլ, որ թէ՛ ներկայ իրավիճակը եւ թէ առաջադրուած լուծումը կը դիմագրաւեն ներքին եւ արտաքին լուրջ վտանգներ: Յիշենք այդ վտանգներէն մի քանին:

Ներքին վտանգները կապուած են մտածելակերպի եւ մօտեցումի ոչ-ամբողջական յեղաշրջման մը հետ: Օրինակ, քաջալերիչ երեւոյթ էր երիտասարդութեան եւ մանաւանդ ուսանողներու մասսայական  (զանգուածային-Խմբ.) մասնակցութիւնը այս ցոյցերուն: Սակայն կ՛արժէ այսօրուընէ իսկ սեղանի վրայ դնել հետեւեալ հարցը. արդեօք այդ նոյն ուսանողները, որոնք լեցուցած էին Երեւանի փողոցները, ճգնաժամը անցնելէ ետք, պիտի վերադառնան հի՞ն գործելակերպին: Պիտի փորձե՞ն կաշառքով ընդունուիլ համալսարան. պիտի փորձե՞ն կաշառքով քննութիւններ անցընել ու աւարտել դպրոցը: Եթէ այո՝ հիմնական շատ բան փոխուած չ՛ըլլար նոյնիսկ վարչապետին հեռանալով: Պարզապէս կը վերադառնանք նոյն փտած համակարգին, տարբեր առաջնորդներու ղեկավարութեամբ:

Աւելի մեծ ներքին վտանգը, նոյն ընդհանուր մտավախութենէն ծնած, նոր ընտրութիւններու անցեալին նման խարդախուած ըլլալու հարցն է: Ընտրութիւնները պիտի կրնա՞ն ազատ ըլլալ: Հայաստանի մէջ, առանց բացառութեան, ցարդ ոչ մէկ ընտրութիւն եղած է ազատ եւ վարչապետին հրաժարականը ինքնին երաշխիք մը չի կրնար ըլլալ որ յաջորդ ընտրութիւնները յանկարծ ըլլան ճշմարիտ եւ արդար: Ո՞րքանով փոխուած է քուէարկող հասարակութեան մտայնութիւնը: Քուէարկող քաղաքացին պիտի կարենա՞յ՝

— Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշակէ պաշտօնանկ ըլլալ.

— Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ կորսնցնել իրեն շատ պէտք եղած 20,000 դրամի ընտրակաշառքը:

–Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ, որ իր ընտանիքը կրնայ սոված մնալ.

–Իր ձայնը չվաճառել, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ, թէ ինք կրնայ հեռացուիլ իր ընկերային շրջանակէն.

–Այլ խօսքով՝ միջին քուեարկող քաղաքացին պիտի կարողանա՞յ միայն ու միա՛յն իր խիղճով քուեարկել:

Եթէ այս հարցումներուն պատասխանները դրական են, ապա Հայաստանը անցած կ՛ըլլայ քաղաքական եւ տնտեսական հասունութեան բոլորովին նոր փուլի մը: Այլապէս, անկրկնելի առիթ մը կորսնցուցած կ՛ըլլանք եւ կը վերադառնանք հին համակարգին:

Երկու խօսք ալ կ՛արժէ ըսել արտաքին վտանգներու մասին:

Թշնամին արդէն իսկ վիրաւոր եղնիկի հոտը առած՝ շնագայլի պէս իր զօրքերը կը հաւաքէ մեր սահմանին: Վտանգը անկասկած որ իրակա՛ն է: Բայց այդ իրականևմահացու վտանգը կրնայ նաեւ չարաշահուիլ Սերժին յաջորդող իշխող համակարգին կողմէն: Եթէ յանկարծ նոր Ապրիլեան ճակատամարտ մը բացուի, մենք հաւանաբար կը տուժենք երկու ճակատներու վրայ միաժամանակ: Առաջին՝ նոր պատերազմի հետ կապուած մարդկային եւ նիւթական կորուստներն են: Իսկ երկրորդ, եւ հաւանաբար աւելի լուրջ՝ ներքին բարեփոխումներու առաջնահերթութեան նսեմացման ռիսքն (վտանգը-Խմբ.) է:

Երկրորդ արտաքին վտանգը կը ներկայանայ Ռուսիայէն: Կասկած չկայ թէ գերտէրութիւներու եւ յատկապէս Ռուսիոյ յաւակնութիւնները մեծ դեր ունին Հայաստանի անցուդարձերուն մէջ: Ի՞նչ է Ռուսիոյ դիրքը Հայաստանի այս իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Ի՞նչ են Արեւմուտքի տրամադրութիւնները: Հայաստանի քաղաքական ապագան կը մնայ հզօր արտաքին ուժերու ազդեցութեան տակ, պահանջելով բարձրագոյն մակարդակի դիւանագիտական հմտութիւն գալիք շրջանի առաջնորդներէն:

 

23 Ապրիլ 2018


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles