Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ուսուցիչը՝ Պարոն Փիլիպոս Դերձակեան

$
0
0

0417pillibos

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

Գրադարանիս փոշիները առնելով զբաղած էի: «Պարապ վախտի խաղալիք» պիտի ըսէր Իսահակեան, երբ դարակներէն մէկուն վրայ, Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարանի նախակրթարանի տարիներուս հայերէնի «Շողական Բ. տարի» դասագիրքս յանկարծ աչքիս զարկաւ:

Ի՜նչ զարմանք, արդէն կը զգամ, որ բազմազան անուններ ծնունդ կը սկսին առնելու եւ կարգով կը փորձեն խածնել սիրտս եւ ուղեղս: Անուններ, որոնց առջեւէն յաճախ եւ ինքնաբերաբար կ՛անցնիս սրտի մորմոքով եւ յիշատակներու շարանով. եւ ի տես անոնց այս արագ «ներկայութեան»՝ այսպէս իրերայաջորդ կերպով կը ծնին նաեւ դրուագներ, տեսարաններ, բառեր եւ երեւոյթներ, որոնք ոչ միայն կը ներկայացնեն, այլեւ կը պատկերեն ապրուած եւ անուշ անցեալի մը գոյնզգոյն օղակներէն կախուած գեղեցիկ յուշեր, որոնք կարծես միաբերան քեզ կը կանչեն: Անոր համար էր, որ այդ պահուն յիշողութեանս կ՛ընկերանար նաեւ հինը վերապրելու հաճոյքը: Հոգս չէր, եթէ այդ հինը նոյնիսկ որոշ դառնութիւն ունենար: Ինծի համար «հինը» միշտ սիրելի էր եւ այդպէս ալ կը մնար:

Իսկ հիմա, արդէն կը զգամ, որ հաղորդուած եմ աշակերտական տարիներուս տեսարաններով: Ճառագայթուն տպաւորութիւն…

Թէեւ փոխուած են ժամանակները, եւ փոխուած նոյնպէս պայմանները՝ կ՛ըսեմ եւ միշտ կրկնած եմ, սակայն վարժուած ենք խօսելու անցեալի եւ երբեմն ներկայի մասին: Բան մը արդարացնելու ճիգ չէ այս մէկը: Ժամանակին հետ խօսիլ իրեն իսկ մասին, եւ այդ ալ՝ արթնցող բաբախումներով: Ամէն զգայուն սիրտ պիտի ուզէր այս մէկը ապրիլ: Նորութիւն չէ՛:

Խնամքով կը վերցնեմ դասագիրքս: Կ՛անջատեմ զայն պատող «միւսներէն» ու կը փորձեմ մատներովս եւ ակնածանքով թղթատել: Աստուա՜ծ իմ, որքան հին է այս գիրքը: Ութսուն եւ աւելի տարիներու կեանք: Կարծես վէպ մը ըլլար… Ու կը սկսիմ լռութեամբ կարդալու աչքիս հանդիպակաց էջերն ու անոնց տողերը, որոնք կամաց-կամաց յուշերս կը հասունցնեն:

Կը զգամ, որ մթնոլորտս լեցուն է նոր կեանքով: Կարծես երբեք չեմ մեկնած այդ դպրոցէն: Յանկարծ էջի մը ճակատին, բառ մը, նօթ մը, կը ստիպէ, որ քիչ մը աւելի կանգ առնեմ, քիչ մը աւելի յամենամ:

«Ապրի՛ս»: Այսքա՛ն… Կոկիկ ձեռագիր:

Երկար կը մտածեմ: Կը փորձեմ յիշել այս բառին առիթն ու պահը: Ինքնաբերաբար կրկնակի կ՛իյնամ խոր մտմտուքի մէջ: Այդ պահուն, մէջս վերյիշելու մեծ ցանկութիւն կը ծնի։ Շուարած եմ եւ կը վախնամ, որովհետեւ յիշողութիւնս կրնայ ուշանալ: Կը վախնամ, որ նոյնիսկ կորսուիմ:

Բայց… ո՜վ հրաշք… Թէեւ չեմ յիշեր առիթը, սակայն կը յիշեմ այդ բառին հեղինակը: Ուսուցիչս էր, այդ օրերու հայոց լեզուի դասատուս՝ պարոն Փիլիպոս Դերձակեանը: Իր ձեռագիրն էր:

Պարոն Դերձակեան մեզի հայրենակից էր: Ծնողքիս շատ մօտիկ էր, յատկապէս՝ ողորմած հօրս: Բայց՝ ո՛չ մէկ արդարացում: Ան «խիստ» եւ բծախնդիր ուսուցիչ էր: Իր քով բացառութիւն չկար: Միշտ ակնածանքով կը մօտենայինք իրեն: Հարուստ անհատականութիւն ունէր: Միջահասակ, կոկիկ ու սանտրուած մազերով, միշտ մաքուր հագուած, միշտ փայլուն ու ներկուած կօշիկներով եւ աչքերուն մթագոյն ակնոցով: Ակնոց, որուն երկու ապակիներուն ետին աչքերու գունդերու խաղերը կարելի չէր տեսնել կամ նշմարել: Միշտ իր դէմքին վրայ արձանացած եւ ծանր շուքով կիսատ ժպիտ մը կար: Լայն ճակատով դէմք մը՝ յօնքերու անհանդարտ շարժումներով:

«Երկաթէ՛ մարդ»… Դպրոցի բարձր կարգի աշակերտները, իր անուան այս մակդիրը «կապած էին»: Իսկապէս, որ դուրսէն դիտողին համար, կարծես ուրիշ աշխարհէ եկած էր ան՝ դանդաղ եւ հաստատ քայլերով:

Դպրոց կամ ակումբ՝ նո՛յնն էր: Ինք շատ լաւ դիտող մըն էր: Ունէր իր անձնական տեսակէտը: Իր հաստատ համոզումը կ՛արտայայտէր իւրայատուկ ձեւով եւ ճշգրիտ առաքելութեամբ, սովորականէն վեր համարձակ ու անշահախնդիր: Արեւմտահայերէնին վրայ իր կեանքէն աւելի գուրգուրացող հայ մըն էր: Հարազա՛տ խարբերդցի մը: Մէկ խօսքով՝ առա՛նց սակարկութեան նուիրում: Ան, հաւանաբար, իր ասպարէզը աղօթքի նման ինքնաբուխ նուիրումի վերածած էր: Իրեն համար միայն հայ աշակերտով կարելի պիտի ըլլար ապրեցնել Մեսրոպ Մաշտոցը։

Չեմ գիտեր, թէ այսպէս, որքա՞ն ատեն գրադարանիս բաց երկու փեղկերուն դիմաց կանգնած էի: Անմիջապէս կը զգամ, որ տարիները չեն պղտորած, ո՛չ ալ մաշած կամ մոռացութեան մատնած պարոն Դերձակեանի ներկայութեան պահերը եւ պատգամի ուժ ունեցող իր խօսքերուն թարմութիւնը։ Իրապէ՛ս, որ ինքն ալ հիմա գրադարանիս դիմաց կեցած՝ «կ՛ապրէր»:

Եթէ այդ վայրկեանին կար բան մը, որ զիս այսպէս անտրտունջ եւ կանգուն կը պահէր, այդ ալ իր յուշերն էին: Մեր այդ փոքր տարիքին, հայ ուսուցիչի իր կերպարով, ան ոչ միայն մեզ կը ծանօթացնէր մեր մայրենիին, այլեւ մեզ կը մօտեցնէր հայ գիրքին եւ մեր աչքերը կը կապէր հայ աշխարհին, հայ կեանքին ու հայ մարդոց՝ անկե՛ղծ դրոշմով:

Անձնական փորձառութենէս մեկնած կ՛ուզեմ կրկին բացայայտել, որ ուսուցչութիւնը ինքնին պահանջկոտ ու դժուար առաքելութիւն մըն է: Հայ ուսուցիչն է մեր ազգային պայքարի յառաջապահը, մեր օրերու ֆետային եւ հայ ստեղծագործ միտքը, որ նկարագիր կը կերտէ մեր մատղաշ սերունդի ուղեղներուն մէջ: Նաեւ կը հաւատամ, որ ուսուցիչներու ուսերուն ծանր եւ միեւնույն ժամանակ պատասխանատու աշխատանք է դրուած։ Որովհետեւ, ինծի համար, հայ ուսուցիչը այն հիմքն է, այն կենսատու աղբիւրը, որուն շնորհիւ կը ձեւաւորուի, կը լիցքաւորուի հայ աշակերտին մտածելակերպն ու աշխարհայեացքը: Նաեւ՝ որովհետեւ հայ ուսուցիչին համար կարեւորը տա՛լն է, եւ ոչ միայն ըլլալը: Այլ խօսքով՝ ճառագայթե՛լն է՝ ուսուցիչ անունը կրելէն աւելի: Ա՛յս է իսկական ուսուցիչի առաքելութիւնը:

Կը մտածեմ ու կը կրկնեմ… Զոհողութիւն եւ նուիրում, եւ այդ նուիրումի արարքին մէջ իսկ՝ գոհունակութի՛ւն: Վերջ ի վերջոյ, հայ ուսուցիչը ե՛ւ դասատու է, ե՛ւ դաստիարակ:

Մեր մեծերը միշտ ըսած են՝ «Մարդուն բնութագիրը՝ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին իր ստեղծածն ու ձեռք բերածն է»: Եւ ահաւասի՛կ յստակ օրինակը… Ուստի, կ՛ուզեմ այս պահուն բռնել միտքիս թելը, ընթանալու համար անշեղ: Կը վախնամ, որ յանկարծ այդ թելը կտրուի, մոլորուի ներկայէն եւ անցնի անցեալ: Անոր համար ալ կ՛ուզեմ ազատ պահել գրիչիս բերանը:

Պարո՛ն Դերձակեանը իսկական մտահոգ եւ մտածող՝ երազը կեանքի վերածող լոյսի ճամբուն առաջնորդող հայն էր: Ամէն դասի պահուն կը խօսէր, կը յորդորէր, որ մենք աշխատինք բարձր բռնել հայ միտքի «ջահը»:

Անկեղծ կրնամ ըսել, որ ի՛նքն էր մէջս հայերէն գիրք կարդալու սէրն ու լոյսը ամբարողը: Եւ ամէն օր ինք կ՛ապրէր այդ լոյսին համար, ուրախութեամբ եւ ֆիզիքապէս, որպէսզի շուտով բոլորս ալ վերակազմուէինք եւ ճակատաբաց մուտք գործէինք «հայութեան» շէնքէն ներս:

Ահա թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ հայերէն գիրքը ինծի համար դարձած է մեծ ցանկութիւն, կողմնացոյց, ուղեկից եւ հաւատարիմ բարեկամ: Նաեւ՝ եղած է միտքիս նոր ճանապարհ բացող, գեղեցիկը, բարին եւ ճշմարիտը բացայայտող ազգային գիտակցութեան ու հայութեան գոյատեւման հիմնաքար, մայրենի լեզուի պաշտամունք:

***

Վերջապէս փակեցի գրադարանիս փեղկերը: Անցեալս, իր շնորհապարտ եւ երախտապարտ զգացումներու փունջերով, կրկին խնամքով պահեցի գրադարանիս մէջ։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles