Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ապիկարներու Հիացումը Կ՛ապրեցնէ Կեղծ Հանճարները

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

 

 «…կեղծ հանճարները գիտակից են իրենց բուն իսկ վիճակին. այդ նմանութիւնները, թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին, ամԷնէն առաջ զիրենք կը խաբեն եւ զիրենք կը տեղաւորցնեն կատարելիք դերին մէջ որուն կը նպաստէ կարճատես,  դիւրահաւան եւ թեթեւութեամբ դատող ապիկարներու հիացումը»:

 

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱն,

«Կեղծ Հանճարներ»

 

Hagop Balian Երբեմն կը մտածեմ մեր փառասիրութիւններուն, մեր կարողութիւններուն եւ եղած (չեղած) մեր յաջողութիւններուն մասին: Եթէ բեմական աղմուկէն եւ շատախօսութիւններէն հրաժարինք,- քաջութիւնը ունենանք հրաժարելու,- իրատեսական առաքինութեամբ առաջնորդուելու, կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, միթէ՞ աւելի լաւ ապագայ մը չենք պատրաստեր գալիք սերունդներուն եւ ազգին համար: Մանաւանդ կասեցնելու մեր բազմաբնոյթ նահանջները, առանց գերին ըլլալու հիւանդագին յոռետեսութեան եւ ինքնախաբէութեան առաջնորդող լաւատեսութիւններու:

Հաղորդակցական միջոցները, հեռատեսիլ եւ համացանց, լայնօրէն կ՛օգտագործուին քաղքենիական հոգեբանութեան յագուրդ տուող երեւելիականութեան ձեռքբերման համար՝ որպէս միջոցներ: Արագ փոխուող աշխարհի մէջ, քաղաքակրթութիւնները սահմաններ չեն ճանչնար: Հեռուի եւ մօտի արգելքներ չկան: Բարեկեցութիւնը մարդկային բնական պահանջ է, որ դարձած է միակ արժէք, եւ կը զսպանակէ մեր բոլոր նախաձեռնութիւնները, անտեսելով բարոյական, սէր, ինքնութիւն, հաւատարմութիւն, գլխագիր Մարդը, որուն իրաւունքը մեր պարտականութիւնը պէտք է ըլլար, ըլլայ, ինչպէս կը պատգամէր անցած դարու մեծ իմաստասէրը, Ռընէ Լը Սեն (le droit d’autrui est mon devoir):

Բարեկեցութեան բաւարարման զուգահեռ կ՛աճի դիրք նուաճելու ցանկութիւնը, հռչակ, յաւելեալ իրաւունքներու ձեռքբերում, նախախնամական ըլլալու կոպիտ սնապարծութիւն:

Արտադրութիւն-դրամատիրութիւն-սպառում երրեակը պետութիւններու գործունէութեան աւագ նպատակն է, եւ կ՛առաջնորդէ ընկերութիւններու կենցաղը, հանդիսանալով այն ենթահողը, որուն վրայ կ՛աճի փոքրամասնութեան մը անհատապաշտութիւնը, որուն կը ծառայեն մշակոյթ, կրօնք, բարոյական արժէքներ, տարբերութիւններ, որոնք կ՛ուղղուին դէպի միօրինականացում, անցնելով բախումներու բովէն կամ պարզապէս համագործակցելով, այսինքն՝ ենթարկուելով: Կարծէք մարդկութիւնը անկարող է ազատութեան եւ կորսնցուցած է ինքզինք յարգելու ունակութիւնը, տեղի տալով անփոխարինելիներու առասպելական դարձած կեղծիքին առջեւ:

Եսերու ծառայած խաբեբայութիւններու ասպետները, երբ յաջողած են, իրենք զիրենք համարած են հանճարեղ, պարտուածներն ալ զանոնք համարած են հանճարեղ: Խաբեբաները չեն յանցաւորները, այլ անոնք, որոնք անհանգիստ չըլլալու համար խաբեբայութիւններուն տուրք կու տան: Եթէ մեր գիր-գրականութեան հաղորդուելու ազնիւ ունակութենէն մենք մեզ հեռացուցած չըլլայինք, կրնայինք քիչ մը աւելի իմաստուն ըլլալ եւ քիչ մըն ալ իրատես, մենք մեզ եւ մեր շրջապատը տեսնելու եւ դատելու համար: Գիրքերը լոյս կը տեսնեն այս կամ այն ժամանակին մէջ, օրուան կեանքին եւ միտքերու հայելին ըլլալու ցանկութեամբ, բայց քանի որ մարդն է միշտ անոնց առարկան եւ ներշնչողը, անոնք կը վերաբերին բոլոր ժամանակներուն:

Երբեմն քաջ եւ ազատ պէտք է ըլլալ, առանց լոկիկայի, առանց Արիստոտելի syllogisme-ին, առանց տրամաբանութեան խաղերու անձնատուր ըլլալու մտածելու, թոյլ տալով, որ միտքերը թեւածեն իրենց կուսութեամբ: Այս մտածական արկածախնդրութեան ընթացքին, բառ մը, խօսք մը, դէպք մը, բնութեան պատկեր մը կամ գեղանկարիչի մը ստեղծած գոյներու եւ գիծերու տպաւորութիւնը, կ՛ըլլան ներշնչող, կը մերկացնեն ընդունուած դատումները իրենց կեղծիքէն, մարդիկը՝ իրենց անլոյս լուսապսակներէն:

Կարեւոր չէ թէ գիրք մը ե՞րբ գրուած է, որո՞ւ համար գրուած է, ո՞վ գրած է: Այդ գիրքը օգտակար է, եթէ կը լուսաւորէ մեր միտքը եւ մեր ժամանակը: Գրադարաններու անկիւնները կան մոռցուած գիրքեր, որոնք եթէ այսօր կարդացուին, գերմանացի իմաստասէրին իմ շատ սիրած մօտեցումով, որ «պէտք է իրերուն մօտենալ մերկ եւ միամիտ հոգիով» (Il faut aller aux choses avec un ame nue et ingenue, Husserl), մենք քիչ մը աւելի բարոյական կը դառնանք: Զապէլ Եսայեան ոչ Սոկրատ է, ոչ Հուսերլ, բայց գրած է գիրք մը՝ «Կեղծ Հանճարներ»ը (Վէպ տեղական կեանքէ, 1910):

Ի՞նչ կ՛ըսէ Զապէլ Եսայեան. «…կեղծ հանճարները գիտակից են իրենց բուն իսկ վիճակին. այդ նմանութիւնները, թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին, ամէնէն առաջ զիրենք կը խաբեն եւ զիրենք կը տեղաւորցնեն կատարելիք դերին մէջ որուն կը նպաստէ կարճատես, դիւրահաւան եւ թեթեւութեամբ դատող ապիկարներու հիացումը»:

0411zabelyesayanԲարեկեցութեան զուգահեռ, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր, կը ծնին եւ կ՛աճին տեսակաւոր փառասիրութիւնները: Օր մը տիկին մը յայտարարեց, որ «հիմա դրամ եւ ժամանակ ունիմ եւ աթոռ կ՛ուզեմ»: Մեր ժողովուրդի պարագային, «հայրենասիրութիւն»ը թեւաթափ զգացականութեամբ արտայայտուող սովորական երեւոյթ է: Բայց, ինչպէս ամէնուրեք, Հայաստան(ներ)ը եւ հայերը, կամայ թէ ակամայ, ինչպէս բոլոր երկիրները եւ ժողովուրդները, նորատեսակ եւ արագընթաց յեղափոխութեան հոսանքին մէջ են, բոլոր զրկուածներու եւ տկարներու պէս թափով կը հետեւին քաղաքակրթական եւ մշակութային նորին եւ նորարութեան, միամիտ այն համոզումով, թէ այդ ձեւով կը նուաճեն փառք, ապարանքէն մինչեւ յայտնի մակնիշով ինքնաշարժ, ադամանդ, բայց նաեւ երեւելիութիւն, աթոռ-աթոռակի տիրացումով, իրաւ կամ կեղծ հռչակի նուաճումով՝ բեմերու վրայ:

Ժամանակավրէպ եւ անգործնական համարուող մարդիկ կրնան այս ընթացքին ընդդիմանալ, կառչիլ արժէքներու եւ գաղափարներու, անոնց քարոզչութեան, բայց անոնք հեղեղի մակերեսին գտնուող տաշեղի կը նմանին, արագ հոսանքը կը շարունակուի:

Ժամանակակից մարդոցմէ, ընկերութիւններէն եւ ազգերէն գողցուած են, կը գողցուին իրենց ինքնուրոյնութիւնները, նոյն եւ միաժամանակ տարբեր ըլլալու իրաւունքը: Ինքնութիւնը, որ ենթահողն է ջատագովուած ազատութեան, ստեղծագործութեան, մշակոյթի, կ՛այլասերի: Առանց ինքնութեան եւ ինքնուրոյնութեան, ազատութիւնը կը դառնայ սնամէջ եղէգ, հեռուէն լսուող թամ-թամ: Այդ ինքնութեան աստիճանական կորուստով, հայը կը մտնէ ծագումով հայ ըլլալու հոսանքին մէջ, ինչ որ ճակատագիրն է սփիւռքներու: Ժամանակի հարց է:

Քաղաքակրթական ժամանակակից ընկերութեան մէջ, բազմադարեան մշակոյթ եւ պատմութիւն ունեցող մեր ժողովուրդը, հետզհետէ աւելի մեծ թափով կը հեռանայ իր ինքնուրոյնութենէն բխած արժէքներէ, անոնց տիրութիւն ընելու իտէալէ եւ քաջութենէ: Դէպի բարեկեցութիւն արշաւը փակագիծի մէջ կը դնէ հայրենիք, ազգ, պատմութիւն, լեզու, մշակոյթ, ազատութիւն, անկախութիւն, կարծէք կ՛ուզենք ապրիլ եւ գործել միայն բարեկեցութիւն ձեռք բերելու համար, ուրկէ՝ Հայաստանէն տեղի ունեցած եւ շարունակուող տարերային արտագաղթը, եւ հակառակ խօսուած ճառերուն եւ սրահներ թնդացնող «հայրենասիրական» երգերուն, հայրենադարձութիւն տեղի չ՛ունենար: Բայց բեմերուն վրայ կը շորորան հանճարները, Նարդունին պիտի ըսէր՝  բանճարները:

Այս ապազգային-հակազգային վերաբերումին հակառակ, քաղաքական ճառեր կը խօսուին, այդ ճառերով երեւելիութիւն եւ լուսապսակ նուաճելու խաղեր կը բեմադրուին, առաջնորդի եւ ղեկավարի, որոնք իմաստունի, հանճարի եւ բանիմացի փետուրներով կը զարդարուին: Զապէլ Եսայեանի նկարագրած կարճատես, դիւրահաւան եւ թեթեւութեամբ դատող ապիկարներու հիացումը զանոնք կը զարդարէ: Գիտակցութեան եւ քաջութեան պակասը ազգը կը տանի փակուղի:

Կարեւորը բեմն է, երեւելիութեան մարմաջի բաւարարումը, որուն համար ճառ կը գրէ Մարկոսը, կը կարդայ Կիրակոսը, որպէսզի ըսուի, թէ երեւելին բաներ գիտէ… Երեւելի Մարկոսը կը ծափահարուի եւ չի խպնիր:

Հայ ժողովուրդը տոկացած, դիմացած եւ իր գլուխը պահած մարդու հպարտութիւն ունեցած է, այսօր ալ ունի երեւութապէս, հայրենիքի եւ անոր հերոսներու մասին երբ խօսք կ՛ըսուի, փող ու թմբուկով երգեր կը լսէ, բայց անմիջապէս կը վերադառնայ իր գլխաւոր առաջադրանքին՝ բարեկեցութեան, եւ միւս բոլոր խնդիրները կը մնան երկրորդական կամ երրորդական:

Այսպէս, հայը կը մոռնայ իր Երազը, թոյլ կու տայ որ գողցուի իր Երազը, կը դառնայ իմաստուն եւ գործնապաշտ, իր Երազը կը համարէ ցնորք: Կը հետեւին ազգը պահող եւ ապրեցնող արժէքներէ  հրաժարումները եւ լքումները:

Բարեկեցիկ կեանքը անհրաժեշտ է անհատին համար, բնական է, որ ան ցանկայ բարեկեցութիւնը: Բայց անհատը նաեւ կրողն է բազմաթիւ արժէքներու, պատմութեան, մշակոյթի, ան շարունակութիւն է, սունկ չէ: Այս ըմբռնումով ալ, բարեկեցութիւնը եւ նախախնամականներու ախտաժէտ երեւելիութիւնը զանգուածային կը դարձնեն աղէտ-արտագաղթը, կը խոչնդոտեն իրաւ հայրենասիրութիւնը, հայրենատիրութիւնը եւ հայրենադարձութիւնը:

Եթէ ազգի հարազատ գիր-գրականութենէն հեռացած չըլլայինք… հաւկուրութենէ նուազ կը տառապէինք:

Եթէ Զապէլ Եսայեանի «Կեղծ Հանճարներ» կարդացած ըլլայինք, իմանայինք… Ան կ՛ըսէ. «…կեղծ հանճարները գիտակից են իրենց բուն իսկ վիճակին. այդ նմանութիւնները, թէ ներքին եւ թէ արտաքին, ամէնէն առաջ զիրենք կը խաբեն եւ զիրենք կը տեղաւորցնեն կատարելիք դերին մէջ»:

Այս՝ ընկերային, քաղաքական եւ գրական ասպարէզներու մէջ: Արդարեւ գրականութիւնն ալ կը խաթարուի, երբ մարդիկ կը վերածուին այս կամ հռչակաւորի անուան ետին կանգնած ամբոխի, կը թմբկահարեն, անոնց հռչակէն փշրանք մը ունենալու ցանկութեամբ:

«Կեղծ հանճարներ»ը, ինչպէս հանրային, մշակութային, գրական եւ կրօնական կեանքի մէջ, երբեմն, երբեմն յաճախ դրսեւորուող կեղծիքը, հասարակութեան համար չարիք է: Բայց հարկ է կրկնել, որ այդ չարիքին ստեղծման եւ շարունակման մեղսակից-մասնակից է նոյնիքն հասարակութիւնը, գէթ այն հատուածը, որուն մասին Զապէլ Եսայեանի դիպուկ խօսքը միշտ ի մտի պէտք է ունենալ: Այս կացութեան «…կը նպաստէ կարճատես, դիւրահաւան եւ թեթեւութեամբ դատող ապիկարներու հիացումը»:

Եթէ »կեղծ հանճարներ»ը հեռանային կամ հեռացուէին հրապարակէն, եթէ ԵՍի հպատակող դատողները եւ դատուողները պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ առաջնորդուէին, մեր ժողովուրդի ներկան եւ ապագան միթէ՞ աւելի պայծառ չէր ըլլար:

Շատ դժուար է ինքզինքին հետ հաշուի նստիլ, այդ ինքզինքը ըլլայ անհատական թէ հաւաքական:

Շատ ծանր բառ գործածած է Զապէլ Եսայեան: Ըսած է ապիկարներ…

Ինչպէ՞ս գնահահատել «կեղծ հանճարներ»ը եւ անոնց վնասը այսօր, վաղը, Հայաստաններ եւ Սփիւռք(ներ):

Այդ յանդգնութիւնը ունեցող հեղինակութիւն եւ ամբոխային տրամաբանութիւնը յաղթած հասարակութիւն կը փնտռուին:

 

Նուազի-լը-Կրան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles