Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը ՄԻԱՒՈՐՈ՞ՒՄ՝ ՍԿՍԻ՛ՆՔ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ

$
0
0

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Հայոց լեզուի գոյավիճակը, իր ներկայի եւ ապագայի ճակատագիրով, տակաւ կը դառնայ տագնապեցուցիչ, իր երկճիւղութեամբ, անմիատարրութեամբ, անմիասնականութեամբ, աններդաշնակութեամբ եւ մանաւանդ՝ սխալախօսութեամբ ու սխալագործութեամբ։
Գաղտնիք չէ, Հայոց լեզուն՝ իր արեւմտահայ թէ արեւելահայ տարբերակներով, սրընթացօրէն կը նահանջէ, կ՛աղաւաղուի, կը գունաթափուի, բոլոր մարզերէն ներս եւ բոլոր մակարդակներու վրայ։
Ոսկեղնիկին նկատմամբ անգրագիտութիւնը համատարած է, խաթարուած է անոր գրաւոր թէ բանաւոր գործածութիւնը, խորթացած է անիկա իր ծննդոցէն եւ էութենէն։
Անտարբերութիւն կայ Հայոց լեզուին նկատմամբ, հակառակ զայն «փրկելու» ճիգերուն, որոնք, սակայն, հատու եւ ազդու չեն, բարեկարգելի կամ դարմանելի առողջ հունաւորումի մէջ դնելու համար զայն։
Խօսակցական հայերէնը դարձած է ահաւոր խառնարան մը, դպրոցականէն մինչեւ համալսարանականի լեզուին մէջ, ընտանիքէն մինչեւ շրջապատը, կազմակերպութիւններէն մինչեւ միջավայրը, նոյնիսկ խելահասներէն մինչեւ մտաւորականութիւնը։
Գրաւոր հայերէնը ուրիշ ողբերգութիւն մըն է, հրատարակութիւններէն մինչեւ խմբագիրը, ստեղծագործական գրականութենէն մինչեւ հեղինակը, հետազօտական ուսումնասիրութենէն մինչեւ գիտնականը։
Ո՛ր անկիւնէն ալ նայինք կամ խորաչափենք այս զարտուղղութիւնները, ներելի կամ ընդունելի ի՞նչ կրնանք գտնել հոն, այնքան ատեն որ սրբապղծուողը ու խոցոտուողը Հայու ինքնութիւնը բնորոշող Հայերէնն է։
Այս լեզուաքանդ կացութեան դիմաց, կա՞ն յուսադրող նախաձեռնութիւններ ու քայլեր, որոնք կրնան Հայերէնի պահպանման եւ անաղարտման նպաստել, զայն դուրս բերելով իր մահացու ոլորապտոյտէն։
Դժբախտաբար, լաւատես ըլլալու այնքան ալ լուրջ պատճառներ չկան, ի լուր թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ Հայերէնի գիտակութեան եւ իմացութեան շարունակուող սայթաքումին ու հաշմումին։
Ճիշդ է, պետականացած Հայաստանի պաշտօնական լեզուն Հայերէնն է, որ ենթադրուած է հանրապետութեան տարածքին դառնալու տիրող արտայայտամիջոցը, իր ճշգրիտ, անսխալ ու կատարեալ լեզուաբովանդակութեամբ։
Սակայն, իրօ՞ք այդպէս է, երբ պետական հաստատութիւններու, քաղաքային ցուցատախտակներու, ժողովրդային խաւերու, մտաւորական շրջանակներու մօտ, Հայերէնը կը փոխարինուի օտար լեզուներով, անգրագէտ տառադարձութեամբ, բարբառային խառնիճաղանճութեամբ կամ վիրաւոր լեզուախօսակցութիւններով։
Նոյնը չէ՞ Սփիւռքի պարագային, ուր իւրաքանչիւր համայնք կամ գաղութ, կազմակերպութիւն կամ շրջանակ, կը գործածէ իր «հայերէն»ը, հանդէս գալով իր «հայերէն»ով, ստեղծելով ամբողջական քաոս մը։
Ասոնց ամէնէն «պերճախօս» դաշտերը կը նկատուին, դպրոցական ու թերթային հայերէնները, որոնք ամէն ինչ կրնան ըլլալ, բացի հայերէնէ, իրենց այլանդակութեամբ ու անճոռնիութեամբ։
Ասոնք չափազանցութիւններ չեն, այլ՝ տխո՜ւր ճշմարտութիւններ, որովհետեւ անաչառ եւ անկեղծ աչքերը կը հաստատեն անոնց իրական պատկերը, մանաւանդ երբ «կ՛ապրինք» ու «կ՛ըմբոշխնենք» զանոնք, ժամանակի ընթացքին զգալով անոնց աւերիչ դառնալու հետեւանքներն ու հեռանկարները։
Ինչո՞ւ այս արագ մատնանշումները։
Վերջերս, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը կազմակերպած էր «Հայերէնն իմ սրտում է» համահայկական երիտասարդական համաժողով մը, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, հանդէս գալով ողջոյնի խօսքով։
Անշուշտ, խիստ գովելի նախաձեռնութիւն մըն է ասիկա, սակայն, հետաքրքրական է, Սփիւռքը ինչպէ՞ս մասնակցեցաւ եւ որո՞նք էին անոնք, իսկ, ամէնէն կարեւորը, այդ համաժողովէն բան մը ծնա՞ւ, թէ՞՝ «կայացաւ»ի սահմաններուն մէջ մնաց։
Առ այդ, պրն. վարչապետը կ՛ըսէ. «Ինքնութեան պահպանութեան առանցքի կարեւորագոյն երաշխիքը մայրենի լեզուն է»։
Բացարձակ ճշմարտութիւն մը, արդարեւ, բայց, պրն. վարչապետը որպէս կարգախօ՞ս կը յայտարարէ այդ միտքը, երբ այդ «երաշխիք» նկատուող մայրենի լեզուն, ինք սկսած է վտանգուելու։
Երեւանի Պետական համալսարանի մուտքի քննութիւններուն, վկայութեամբը հայրենական դասախօսական-մասնագէտներու, հայերէնագիտութեան խիստ մտահոգիչ յետադիմութիւն կայ, տակաւին պիտի չխօսինք այլ բնագաւառներէ ներս արձանագրուող Հայերէն լեզուի նահանջին մասին։
Սարգսեան ինչպէ՞ս կը բացատրէ ու կ՛արդարացնէ այդ «երաշխիք»ին հզօրութիւնը, երբ հայաստանցիք կը լքեն հայրենիքը, որովհետեւ դժգոհ են վարչակարգը շահագործողներէն եւ վստահութիւն չունին անոր նկատմամբ։
Ուրիշ տեղ մը, Սարգսեան կը յաւելու. «Մեր լեզուն է, որ մեզ միաւորելու է եւ դարձնելու մէկ միասնական բռունցք»։
Հոյակա՜պ, պիտի գոռային շատեր։
Մեր լեզուն ինչպէ՞ս կրնայ միաւորուիլ, երբ՝
ա. Անիկա համապատասխան գործնական գուրգուրանքի չարժանանար, ըլլա՛յ Հայաստանի, ըլլա՛յ Սփիւռքի մէջ, ուր եղած փորձերը այնքան թոյլ եւ անշօշափելի են, որքան բարիկամեցողութեան ու լոզունգային… առաձգական տրամադրութիւնները։
բ. Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի մէջ, Հայերէն լեզուն, համայնքայինի, կուսակցականի, քաղաքականի չափ, «բաժանարար» միաւոր մըն է, վկայ՝ մեր դասագիրքերը, մամուլը, մտաւորականները, շարունակե՞նք…
գ. Արեւելահայ լեզուն կը մնայ Մեսրոպեանին «դաւաճանող» ուղղագրութիւն մը, նախապատուելով «Աբեղեանական»ը, ոչ միայն դրական քայլ մը չառնելով այդ ուղղութեամբ, այլեւ՝ անտեսելով միաւորումի բոլոր կոչերը, որոնք կը հնչեն Հայաստանի ու Սփիւռքի կարգ մը նախանձախնդիր կողմերէ։
դ. Արեւմտահայ լեզուին պահպանումը, իր գործածելիութեամբ ու կենդանութեամբ, ինչպէ՞ս իրականութիւն կրնայ դառնալ, այնքան ատեն որ՝ որեւէ գերագոյն մարմին ի վիճակի պիտի չըլլայ ՄԷԿ ամպհովանիի տակ պահել զայն, հեռու համայնքային, կուսակցական, գաղութային ու հատուածական նկրտումներէ։
Պրն. Սարգսեան նաեւ կը յիշեցնէ երիտասարդութեան. «Մեր ուժը մեր միասնութեան մէջ է» եւ համոզմունք կը յայտնէ, որ անոնք իւրացնելով մայրենի լեզուի իմացութիւնը՝ կը կարողանան այս կարեւոր գաղափարը հաղորդել ապագայ սերունդներուն։
Այս «միասնութեան» կոչը, Սփիւռքը մինչեւ հիմա չէ կրցած իրականացնել, ոչ ալ պիտի կրնայ, իսկ ներկայիս ատիկա կը հնչէ Հայաստանէն, բայց, որքան օգտակար ու շինիչ պիտի ըլլար, որ «միասնութիւն» փնտռողն ու շեփորողը, առաջին անգամ հայրենիքի մէջ յաջողցնէր զայն, ուր կուտակուած ու կուտակուելիք ինչպիսի՜ անկատար գործօններ կան եւ ինչպիսի՜ աւերներու դուռ կը բանան անոնք։
Բաց աստի, մեր երիտասարդութիւնը, ամէնուրեք, պրն. վարչապետ, ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր պիտի խորացնէ մայրենի լեզուն, յետոյ ալ այդ գաղափարը փոխանցէ յետագայ սերունդներուն։
Միթէ աչք եւ ունք չկա՞յ, պետական այրեր եւ ազգային գործիչներ։
Հայերէնը քառասմբակ կը նահանջէ, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք։
«Միաւորում», կ՛ըսուի։
Ի՞նչը, ո՞րը, հարց չտա՞նք։
Եթէ իսկապէս լեզուն է միաւորողը, եւ այդպէ՛ս է, ապա, որպէս առաջին քայլ, սկսելու է ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՅՆԱՑՆԵԼՈՒ, ՀԱՐԱԶԱՏԱՑՆԵԼՈՒ քաղաքականութենէն։
Կարգախօսը ասիկա պիտի ըլլայ, պրն. վարչապետ, բայց ոչ… համաժողովները։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles