Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Աֆրինը Ինկաւ, Հետը Նաեւ՝ Քրտական Տեսլականը

$
0
0

 

0328afrin1

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

 

Քաղաքականութեան մէջ միայն տեսլապաշտ եւ գաղափարապաշտ ըլլալը ամէնէն մեծ սխալն է: Իբրեւ հայեր, մեր պատմութիւնը, մասնաւորապէս՝ 1918-1920 թուականները, սորվեցուց մեզի, որ աշխարհաքաղաքականութիւնը իրապաշտութեան «աստուածն է»: Սակայն, ըստ երեւոյթին, քիւրտերը, հակառակ՝ Քերքուքի մէջ իրենց ձախողութեան, իրենց անհեռատես քաղաքականութեան պատճառով անցեալ շաբաթ կորսնցուցին նաեւ Աֆրինը:

Աշխարհաքաղաքականութիւնը դարձեալ քրտական երազները կասեցուց, թրքական յարձակումը Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Աֆրին շրջանին մէջ յաղթանակ արձանագրեց, քիւրտերը գաղթական դարձան, եւ անոնց անջատողական կամ կիսանկախ շրջան մը ունենալու շարժումը վերջ գտաւ: Դամասկոս պատրաստ չէր օգնելու անոնց. բայց  ինչո՞ւ պիտի օգնէր, Միացեալ Նահանգներ երես դարձուցած էին, իսկ Ռուսիա կը փորձէր յօդս ցնդեցնել Միացեալ Նահանգներու երազները՝ ծանր հարուած մը հասցնելով անոնց դաշնակից ուժերուն՝ քիւրտերուն:

Սուրիական պատերազմը առիթ եղաւ քիւրտերուն եւ մասնաւորապէս Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն, որ ընդլայնեն իրենց տարածքները եւ ստեղծեն կիսանկախ շրջաններ՝ Գամիշլիի, Հասաքէի, Արաբ Բունարի, Աֆրինի եւ այլ տարածքներու մէջ: Միացեալ Նահանգները տեսնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը պառակտուած է, սկսան աջակցիլ եւ ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրել Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն, բան մը, որ զայրացուց Թուրքիան: Էրտողան մտավախութիւն ունէր, որ այս զէնքերը անցնէին Թուրքիոյ մէջ ՔԱԿ-ին: Թուրքիոյ յաղթանակով այն եզրակացութեան կու գանք, որ առանց Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան՝ քրտական ջոկատները Սուրիոյ մէջ «անպարտելի» չեն. առաւել, քրտական կողմը արգելք հանդիսացաւ, որ Դամասկոս կանոնաւոր բանակ ուղարկէ Աֆրին: Քիւրտերը մտահոգուած էին, որ եթէ սուրիական բանակը մտնէր այդտեղ, ապա իրենք պիտի կորսնցէին  Աֆրինի մէջ իրենց ունեցած քաղաքական եւ զինուորական ամբողջ ուժը. ռուսական կողմը յոյս ունէր, որ քիւրտերը կը զիջէին, սական անոնք չզիջեցան, եւ Սուրիա ղրկեց փոքրաթիւ ոչ կանոնաւոր խումբեր, որոնք չդիմանալով թրքական ռմբակոծումներուն՝ քաշուեցան. քանի մը օր ետք նաեւ քաշուեցան քրտական ինքնապաշտպանութեան ջոկատները, այսպիսով ալ ինկաւ Աֆրինը:

Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու դերին, նախ Աֆրինի մէջ ամերիկացիները ռազմական կեդրոններ չունէին, իսկ ՏԱՀԵՇ հոն կամ շրջակայ գիւղերուն մէջ ներկայութիւն չէր, այդտեղ ո՛չ կազ, ո՛չ քարիւղ կար, հետեւաբար ամերիկացիները չէին հետաքրքրուած ձիթենիի ծառերով: Սակայն ռուսական ջոկատ մը կար, եւ քիւրտերը առիթը չօգտագործեցին, եւ երբ ռուսերը քաշուեցան, ու թրքական բանակը սկսաւ ռմբակոծել սահմանային շրջանները, քիւրտերը զարմացած էին, եւ իրենց զարմացած ըլլալուն պատճառով ռուսերը ա՛լ աւելի զարմանք ցուցաբերեցին քիւրտերուն նկատմամբ: Հակառակ անոր որ քիւրտերը կը պահանջեն, որ ամերիկեան ռազմակայանները երկար ժամանակաշրջանի մը համար մնան Սուրիոյ մէջ, սակայն, ըստ երեւոյթին, Թրամփ ամէն ջանք կը թափէ հեռանալու Սուրիայէն: Մինչեւ օրս քիւրտերը այդ իրականութիւնը չըմբռնեցին, անոնք չըմբռնեցին նաեւ այն իրականութիւնը, որ Թուրքիան իրենց սահմանակից երկիրն է հիւսիսէն, իսկ հարաւէն‘ Սուրիան:

Անցեալ շաբաթ, երբ քիւրտերու հետ հանդիպումի էի, ձեռնարկին ընթացքին գրեթէ բոլորն ալ կը խօսէին «ռուսական դաւաճանութեան» մասին: Թերեւս իրաւունք ունէին զայրանալու, սակայն մենք մեզի հարց տանք, թէ Ռուսիա ի՞նչ շահ ունի օգնելով քիւրտերուն՝ Թուրքիոյ դէմ: Մոսկուա Անգարային շատ աւելի կարիքը ունի այսօր, քան երէկ, մանաւանդ՝ «խաղաղութիւն» վերահաստատելու համար Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ եւ նուազեցնելու համար ամերիկեան ազդեցութիւնը: Միւս կողմէ՝ Դամասկոս շատ լաւ գիտէ, որ ռազմական բախումով անկարելի է Թուրքիոյ դէմ ճակատ բանալ եւ ազատագրել Աֆրինը գոնէ այս իրավիճակին մէջ:

Մեզի համար յստակ է, որ ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ ալ այլ երկիրներ պատրաստ են ստեղծելու անկախ Քիւրտիստան մը: Սուրիոյ համար անզիջելի պայման է, որ կարգ ու կանոն հաստատէ սուրիական բոլոր տարածքներուն վրայ, անոր համար ալ քիւրտերը պէտք է զիջին:

Քիւրտերը Սուրիոյ մէջ ունին երկու ընտրանք՝ կա՛մ իրապաշտ ըլլալ եւ վարել ռուսամէտ քաղաքականութիւն եւ զիջիլ իրենց քաղաքական իրաւունքներն ու գաղափարական սկզբունքները Դամասկոսին, սակայն՝ ունենալ որոշ լայն մշակութային եւ քաղաքական իրաւունքներ, կա՛մ ալ կուրօրէն վստահիլ Միացեալ Նահանգներուն, մինչեւ վերջ պայքարիլ Թուրքիոյ դէմ եւ կորսնցնելով իրենց բոլոր տարածքները՝ ցիրուցան ըլլալ Սուրիոյ մէջ, այսպիսով կորսնցնելով նաեւ իրենց ժողովրդագրական միասնութիւնը:

Էրտողան յստակացուց, որ Աֆրինէն ետք պիտի ուղղուի դէպի Մընպեժ, աւելի ուշ՝ ամբողջ հիւսիսարեւելեան շրջաններէն դուրս դնելու քիւրտ «ահաբեկիչները»:

 

Yeghia.tash@gmail.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles