ՏՈՔԹ. ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ
Մեր արշաւախումբը Վաղարշապատէն դուրս է ահա: Երկինքը կը քննենք տարերային մեր փոթորիկին սպասումով: Անորոշութիւնը հաճելի չէ: Հաւատարիմ մեր անտառը գոնէ կրկին դիմացն է: Մեզմէ մէկը՝ առաւել պաղարիւնը, կ՛առաջարկէ մտմտալու փոխարէն գլգլացող գետակի մը օրօրով քնանալ եւ տեսնել ո՞ւր կ՛ըլլանք երբ արթննանք: Լաւ գաղափար է, բայց խորհրդածութեանց մղող այս կանգառին ցնցող փորձառութենէն ետք՝ անիրագործելի:
Ոչ ոք կը համարձակի խօսքի նախայարձակը ըլլալ: Անհանգիստ պրկումը փարատելու մտօք՝ մէջտեղ կը նետեմ անմեղ հարցում մը: Սա մեր 21րդ դարուն քանի՞ պետութիւն, ազգ, ՄԱԿի (Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան) անդամ է: Ինծի ուղղուած են զարմացական նայուացքներ: Ուրկէ՜ ուր: 5րդ դարու մեր Վաղարշապատը ո՜ւր, մեր այն միւս 21րդ դարու ՄԱԿը ուր: Նպատակիս հասած էի սակայն: Մէկը վարանումով ու մեղմ՝ շուրջ 2 հարի՞ւր, հարցուց: Այո, 193, ճշդեցի: Է՞հ:
Հիմա քիչ մը աւելի սթափեցուցիչ: 21րդ մեր դարուն քանի՞ ազգ այբուբենի ուրոյն ազգային տառեր ունի: Տակաւին կէս զարմացական, բայց հիմա նաեւ կէս ժպտուն դէմքեր: Դեռ լռութիւն: Սառը կոտրելու համար խոստովանեցայ, թէ ես ալ չեմ գիտեր, բայց անհաւանական է, որ անցնի 15ը: Այսպէս, գիտենք՝ լատինականը կ՛իշխէ ամերիկեան զոյգ ցամաքամասերուն, արեւմտեան Եւրոպայի, սկանտինաւեան եւ պալթեան երկիրներուն, Ասիոյ եւ Ափրիկէի անգլիական, ֆրանսական, պելճիքական, իտալական, հոլանտական զանազան նախկին գաղութներուն, Աւստրալիոյ, Նոր Զելանտայի, վերջին մէկ դարը նոյնիսկ Թուրքիոյ ու վերջերս՝ Ֆիլիփինի: Ծագումով յունական, տարածուած է հին Հռոմէն:
Արաբականը կը տիրէ մահմետական աշխարհին՝ արեւմուտքի Մարոքէն մինչեւ արեւելքի Ինտոնեզիան, անցնելով հիւսիսային Ափրիկէէն, Միջին Արեւելքէն, Պարսկաստանէն, Միջին Ասիայէն: Տարածուած է արաբական արշաւանքներով:
Յունականը, շատ աւելի ուշ պուլկարական ծագումով սիրիլականին հետ, հետզհետէ ընդգրկած է նաեւ ռուսերէնը, սերպերէնը, մոնկոլերէնը:
Բացի Յունաստանէն, վերոյիշեալ երկիրներէն ուրեմն ոչ մէկը ունի իր զուտ ազգային տառերը, թէեւ շատեր ունին իրենց յատուկ փոքր յաւելումներ, հոս ու հոն:
Հնդկաստանի աւելի քան մէկ միլիառ հաշուող հնդիկները զուգահեռաբար կը գործածեն լատինականը՝ որպէս պաշտօնականը, ու պրահմանական ծագումով տեվանակարին (կամ կարճ՝ նակարին):
Հին աշխարհի գուցէ ամէն կարգի գիւտերու եւ նորարարութեանց օրրան, 1.4 միլիառ հաշուող Չինաստանը մինչեւ օրս չունի այբուբենի տառեր, կը գործածէ իւրաքանչիւր բառի յատուկ նշանագիրներ, շատ սահմանափակելով նոյնիսկ բարձր ուսումի տէր չինացիի մը բառամթերքը: Միջազգային ու գիտական իրենց ներկայ շատ արագ զարգացման ճնշման բերմամբ, հոն այժմ կը տարածուի լատինական տառերու անպաշտօն գործածութիւնը, կարիքը: Նոյնքանով յառաջադէմ Ճափոնը, նոյնիսկ Քորէան, նոյնպէս կը գործածեն չինականին տարբերակ նշանագիրներ, մինչ թայլանտեան տառերը ապուկիտա ըսուած խրթին ձեւին մէկ կիրարկումն են:
Ի՞նչ մնաց: Մեր գիտցածով՝ եբրայերէնը, եթովպերէնի պաշտօնական ամհարականը ու քիչ մըն ալ կրօնական կիզը, ասորերէնի արեւելեան սիրիաք մատենհայան, վերջապէս՝ հայերէնը: Թերեւս լատինական ու սիրիլական գիրերու խառնուրդ, վերջերս մշակուած միջազգային ափրիկերէնը եւս: Վրացիք կը ջանան ժխտել իրենց հայանման տառերու մեսրոպաստեղծ ըլլալը, բայց, ըստ մեր ունեցած տեղեկութեանց, խորհրդային հանրագիտարանն իսկ Մեսրոպի կողմը կը հակի:
Ուրի՞շ, հարցուցի: Դատելով լռութենէն, թերեւս եթէ կան՝ մեզի յայտնի չեն:
Անդրադարձը զարթուցիչ է եւ զգաստացնող: Ծագող գիտակցութեան խթանով ընդհանուր պատկերին զմայլանքը շուտով համաձայնական կը դառնայ:
Այսօր, շատ փոքրաթիւ ազգեր կրնան դարաւոր զուտ ազգային տառեր ունենալու առանձնայատկութեան յաւակնիլ: Իր դիմացկունութեամբ, պարզ ամբողջականութեամբ ու կենսունակութեամբ մերը կը մրցի երեք մեծերուն հետ, աւելի հնամեայ է՝ քան կենդանի վեցէն գոնէ երկուքը: Մշակոյթի փառահեղ թագ:
Հայ պատմութեան, ներառեալ այժմու իրականութեան, անկրկնելի ու աննման ձեռքբերումն է սա: Այն, ինչը ամենայն իրաւամբ մկրտած ենք «Ոսկեդար», հրաշատիպ ձեռակերտն է դար մը կամրջող Տրդատ Գ., Սահակ Պարթեւ ու Մեսրոպ Մաշտոց մարդկային երրորդութեան: Մեր եկեղեցին վերջին երկուքը սրբացուցած է, մոռցած կամ անտեսած է առաջինը: Թէեւ այսօրուան մեր իրատես տրամաբանութեամբ այդ առաջինն էր ճամբայ բացող պայծառ ուղեղը, սակայն մենք մեզի զլացած ենք երկրային սուրբ երրորդութեան մը արդար եւ գիտակից իրաւատիրութիւնը: Կրօնատեսաբանական նախանձախնդրութեամբ՝ եկեղեցին եթէ չէ ուզած զիջիլ «հրաշք»ը, Տրդատ Գ.ը գոնէ հռչակէր «Մեծ»ն, որովհետեւ ազգային անսասան ինքնութեան անոր անզուգական ներդրումը կը հաւասարի, այլեւ կը գերազանցէ մեր միւս «Մեծ«ի՝ Տիգրան Բ.ի տիրակալական շատոնց անգոյ աւանդը: Իր հիմնած ազգային աննախադէպ Հաւատք ամրոցի կողքին էր որ դար մը ետք, անոր նպատակին շատ իմաստուն թափանցումով, Ս. Սահակը եւ Ս. Մեսրոպը այդ առաջինը ամրապնդող երկրորդ հսկան, մեր այբուբենը կանգնեցուցին:
Այս թերացումը արդեօք կը մատնէ վաւերապէս իսկական ու տիտան մեր արժէքներու ճշգրիտ գնահատման եւ լրիւ օգտագործման մէջ ազգային նկատելի անկարողութիւն, անատակութի՞ւն մը: Հայ իշխանները, Տրդատի մահուընէ ետք, արհամարհելով անոր գոհար աւանդը, զուտ անձնական շահադիտութեամբ՝ արագօրէն վերադարձան աւելի Տիզպոնի քան հայ թագաւորներուն գործակցելու իրենց տգիտօրէն նեղ ինքնասպասարկու վարքին, ի վերջոյ ինքնակործան ճամբուն:
Եկեղեցին ալ անմասն չմնաց այս սահմանափակ մտածելակերպէն:
Կաթոլիկ Հռոմը, իր եկեղեցւոյ առաքելական վաւերականութիւն, արմատ, հմայք տալու համար
մարտիրոսացած Պետրոս (Թովմաս) առաքեալը, իր սուրբը հռչակեց եւ իր մայր տաճարը կոչեց անոր անունով: Նմանապէս, Եգիպտոսի ղպտի եկեղեցին Մարկոս առաքեալը հռչակեց ի՛րը, բազում եկեղեցիներ կերտեց անոր անունով, թէեւ կը կարծուի, որ ան Լիպիոյ մէջ մարտիրոսացած է: Շատ աւելի ուշ, հզօրացած Վենետիկը անոր կարծեցեալ աճիւնը գողցաւ Եգիպտոսէն, թաղեց Ս. Մարկոսի հրապարակին վրայ. այժմ ան կանգնած է համանուն իր մայր տաճարի ներքեւը, Հռոմէն զատորոշող ի՛ր փառքը համայնականօրէն շեշտելու նպատակով:
Իսկ հայկական եկեղեցին, ազգային հիմնական առաքելութեան անզիջող իր հասկացողութեամբ, մեկուսացման գնաց: Երկո՛ւ առաքեալներ՝ Թադէոս եւ Բարթողոմէոս, իրարմէ անկախ քրիստոնէութիւն քարոզեցին հայոց աշխարհէն ներս ու անոր հողին վրայ ալ նահատակուեցան: Հայ եկեղեցին Գրիգոր Լուսաւորի՛չը ընդունեց որպէս իր սուրբը, իր մայր տաճարը Ս. Էջմիածին անուանեց, ինքզինք առաքելական հռչակեց: Որքան գիտենք, Ս. Բարթողոմէոս անունով կիսաքանդ վանք մը ունինք Թուրքիոյ մէջ, մինչ անոր անունին կաթոլիկ եւ բողոքական բազմաթիւ եկեղեցիներ կան աշխարհի ամէն կողմը, երկուքը հոս՝ Լոս Անճէլըսի մէջ: Եթէ Տաթէի վանքը Ս. Թադէոսի անունով է, էհ լաւ: Շատ զարմանալի է: Ս. Էջմիածին անունը քրիստոնեայ աշխարհի մեզմէ դուրս ոչ մէկուն յիշելի, արտասանելի կամ ըմբռնելի է, իսկ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչինը՝ ճանաչելի որպէս առաքելական:
Հորիզոնին վրայ կ՛երեւի ձագարաձեւ տարերային մեր փոթորիկը, կը դիմէ դէպի մեզ: Շունչ կ՛առնենք: Մեզի ի՞նչ վերապահած է որպէս յաջորդ հանգրուան:
shavarsh_chr@msn.com