Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Բաներ, Բաներ…Եւ Շատ Բաներ

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

0913bedikianԸնդհանրապէս քաղաքականութեամբ զբաղուողը չեմ: Ոչ թէ որովհետեւ չեմ սիրեր, այլ՝ անկեղծօրէն, չեմ հասկնար: Եւ ամէն անգամ ընտանեկան կամ ընկերային մեր հաւաքներուն, իբրեւ ընդհանուր խօսակցութեան նիւթ, երբ սա քաղաքականութիւն ըսուած ճիւաղին «գնդակը» մէջտեղ նետուի, եւ խօսակիցներս սկսին մեծ ու լայն ախորժակով, բարձրաձայն, նոյնիսկ պոռալով, ձեռքով եւ ոտքով արտայայտուելու ու վիճելու, կարծես իրենք ըլլան աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրներու նախագահներու քաղաքականութիւնը գծողն ու ճշդողը, ես կը մնամ լուռ: Այլ խօսքով՝ անկարծիք եւ նոյնիսկ «չխօսկան», ինչպէս յաճախ կը կրկնէ երեւանցի հարեւանս:

Ո՜հ, կը ներէ՛ք, այս պահուն մեծ ու փոքր զանազան մտածումներ սկսած են միտքիս ծայրէն անցնելու եւ գրիչս շեղելու: Ուստի, պիտի չերկարեմ:

Բայց կ՛ուզէի անպայման յիշել հետեւեալը։

Անցեալ դարու 70ականներու վերջին քառորդին, երբ ընտանեօք այս երկրի Տիթրոյիթ քաղաքը նոր հաստատուած եւ առաջին իսկ առիթով տէր եւ տիկին մօտիկ խանութը գնումի գացած էինք, հաւանաբար մեկնելով մորթիս գոյնէն, յանկարծ խանութի մուտքի դրամարկղին դիմաց կեցող տարիքոտ պաշտօնեայ տիկինը շատ մտերմիկ հարցուցած էր, թէ ես «ուրկէ՞» էի:

– «Ֆրամ Ալէփփօ», Հալէպէ՛ն,- պատասխանած էի հպարտօրէն:

– «Ուէր իզ Ալէփփօ», ո՞ւր է Հալէպը,- հարցուցած էր այս օտարը, քիչ մը անտարբեր ոճով, միաժամանակ շարունակելով իր գործը:

– «Ալէփփօ՛, Սիրիա՛», Հալէպ, Սուրիա,- կրկնած էի արագ եւ աւելցուցած. «Եու տօնթ նօ», չե՞ս գիտեր.- ըսած էի ձայնիս զարմանքի այնպիսի երանգ մըն ալ տալով, որ խորքին մէջ կար նաեւ՝ «տըմպօ՛, այս տարիքը հասած ես եւ տակաւին Հալէպին ուր ըլլալը չե՞ս գիտեր…», բաժինն ալ:

Վայրկեանին, կինս միջամտելով բացատրած էր, թէ Հալէպը կը գտնուէր Սուրիոյ մէջ եւ թէ Սուրիան ալ՝ Միջին Արեւելքի մէջ… եւ… եւ… Իսրայէլի հիւսիսը…»: Գիւտ մը: Այսչափ: Կինը, հազիւ Իսրայէլ բառը լսած, յանկարծ «ո՜հ» բացկանչած եւ գլուխը շարժած էր, իբրեւ հասկնալու նշան եւ իր աշխատանքը շարունակած, առանց նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնելու, որ գոնէ այդ օր աշխարհագրութեան նոր «դաս» մը սորված էր: Ձրի նոր գիտելիք մը, եթէ կ՛ուզէք, ընդհանուր զարգացում:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, վայրկեանին էրիկ-կնիկ իրարու երես նայած էինք եւ լռելեայն ու մտովի մեկնաբանութիւններ կատարելով՝ հեռացած:

Բայց ինչո՞ւ այս օրինակը: Կը կարծեմ, որ դարձեալ նիւթէս շեղած էի:

-Հա՛, յիշեցի:

Եթէ վերը յուշերս նուագած էի հին լարերուս վրայ, այժմ պիտի փորձեմ «նորերուն» վրայ:

Այսպէս, դարձեալ անցեալ դարու 90ականներուն, երբ ամերիկեան բանակը Քուէյթ եւ Իրաք մտած ու «նստած» էր, արդէն յաջորդող քանի մը ամիսներուն, ամբողջ աշխարհը գրեթէ գոց սորված էր, թէ ո՞ւր կը գտնուէին Քուէյթը, ապա Իրաքը ու մանաւանդ անոր մայրաքաղաք Պաղտատը, ապա՝ Քերքուկն ու Պասրան, Մուսուլն ու այլ քաղաքները: Աւելին՝ աշխարհը նաեւ տեղեակ եղած էր, թէ ո՛վ էր քիւրտը կամ ի՛նչ էր տարբերութիւնը իսլամ «սիւննի»ին եւ իսլամ «շիայի»ն: Ահա քեզի քաղաքականութիւն: Եկուր եւ հասկցիր:

Բայց կը կարծեմ, որ գոնէ այս անգամ, համայն աշխարհը անպայման շնորհապարտ պէտք է ըլլայ ամերիկեան բանակին՝ Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի ու յատկապէս Իրաքի մասին առատ եւ ձրիօրէն նման տեղեկութիւններ «բաշխելուն» համար:   Տեղեկութիւններ, սակայն արիւնոտ եւ ցաւալի, որոնք միաժամանակ հազարաւոր անմեղ մարդկանց արիւնով շաղախուած էին:

Ահա հիմա, կը կարծեմ, որ վերջապէս գոնէ նիւթիս մօտեցած եմ:

Այս բոլորին վրայ կ՛ուզեմ ա-ւելցնել, որ ասկէ շուրջ եօթ տարիներ առաջ, դարձեալ քաղաքականութիւն ըսուած խաղին շնորհիւ, աշխարհը շատ աւելի մօտէն ծանօթացաւ Սուրիոյ, ո՛չ միայն անոր մայրաքաղաք Դամասկոսին, այլեւ անոր գլխաւոր քաղաքներուն ալ: Այսպէս, ցանկին վրայ իրար ետեւէ աւելցան Ղութա, Լաթաքիա, Հոմս, Տէր Զօր, Համա եւ այլ քաղաքներ ու գիւղեր եւ ապա վերջին՝ մե՛ր Հալէպը ու մե՛ր Նոր Գիւղը, իսկ այս օրերուն ալ՝ Աֆրինը:

Իսկապէս որ՝  հիւանդագին եւ վտանգաւոր երեւոյթ: Համաճարակներու նման՝ վարակիչ: Հիւանդութիւններ, որոնց վախը աւելի զոհ կը խլէ, քան մանրէն:

Պռաւօ՛ կ՛ըսեմ այս «ուսուցիչներուն», որոնց տուած աշխարհագրութեան նոր եւ ձրի դասերուն համար համայն աշխարհը անպայման շնորհապարտ պէտք է ըլլայ:

Դասեր՝ օրը ցերեկով եւ ան ալ համայն աշխարհի աչքին առջեւ:

Դասեր, որոնց համար շատ սուղ գին վճարած էր ի՛նք, տեղացի ժողովուրդը եւ նոյնիսկ մենք՝ իբրեւ այդ երկրի երկար տարիներու հաւատարիմ քաղաքացիներ:

Դասեր, որոնք տասնեակ հազարաւոր մարդոց կեանքերը խլած էին, ինչպէս նաեւ տասնեակ հազարաւորներ՝ անտէր եւ անտիրական դարձուցած, աւերակներու եւ փլատակներու վերածած անոնց բնակարանները: Այլ խօսքով՝ խառնաշփոթ քարտէս:

Ու այս իրադարձութիւններէն մեկնած, այս օրերուն շատ դժուար է աշխարհի վիճակը բնորոշել: Իսկ եթէ այս վարկածը ճիշդ էր, հապա… հայութեա՞ն վիճակը:

Արդէն մեզմէ անկախ հասունցած էին դէպքերը: Ու ամէն անգամ կրկնած ենք, թէ ազգովին ներկայիս կ՛ապրինք մեր պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր եւ վճռական պահերը: Այս մասին պէտք է գիտակցինք, լրջանանք: Հայու ոգին դժուար պայքարի մէջ է: Զգաստանալ է պէտք: Բայց ո՞վ է մտիկ ընողը: Ահա թէ ինչո՛ւ կ՛այպանենք այս 21րդ դարը, որ դարձած է ամեհի եւ խստաբարոյ եւ որ ունի ջղային տրոփում: Հակասական եւ անհաւասար:

Ամէն ինչ բարդ է ու գրեթէ աննախատեսելի: Ո՛չ ոք գիտէ, թէ վաղուան լոյսին հետ ի՜նչ ուրուականներ պիտի ծնին: Աշխարհի մեծերու դէմքերուն վրայ դժոխքի կնիքը շատ յստակ տեսանելի է:

Այս օրերուն նաեւ մեր կեանքն ալ դարձած է ամէնօրեայ սուր ճակատամարտ: Ալ մանրուքներով զբաղելու ատենը շատոնց անցած է: Չենք կրնար ամէն բան բախտի ձգել: Չենք կրնար զիրար ատելով ապրիլ եւ յառաջանալ: Լուրջ եւ խոհեմ, առողջ մտածողութեամբ, գիտակից, հեռատես եւ արթուն ղեկավարութիւն է պէտք, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ: Պատասխանատու կեցուածք:

Ազգովին զոհ ենք աննպաստ պայմաններու: Մէկ կողմէ արտագաղթ, միւս կողմէ՝ անգործութիւն, իսկ այս կողմէն՝ լեզուի պահպանման լուրջ խնդիր: Վերջապէս, պէտք է գիտնանք, որ միասնաբար պատասխանատու ենք պատմութեան առջեւ: Այս կը նշանակէ չկորսնցնել միութիւնը ու արեան մէջ կրել մեր անցեալն ու ներկան: Այլեւս հաւատալու չենք մեզի պարտադրուած զինադադարներու կամ դաշնակիցներու կեղծ խոստումներուն: Անոնք կը նմանին այն մերկացած ծառերուն, որոնք ժամանակ մը վերջ կրնան դարձեալ ծաղկիլ. խաբուսիկ իրավիճակ:

Բայց…

Վերջապէս, ի՞նչ կը նշանակէ այս բայցը… ի՞նչ ըսել կ՛ուզուի…

Վաղը, հաւանաբար քաղաքականութիւն «խաղցող» այդ մեծերը, որոնք մինչեւ հիմա տարբեր ձեւերով բեմ բարձրացած եւ մէջտեղ եկած էին, կրնան նոր քաղաքականութիւններ «ածել» ժողովուրդներու գլխուն: Նոր ու ծանր «խաղեր» կրնան խաղալ ու դարձեալ երկիրները արիւնով «լուալ»: Ասոնք նորութիւններ չեն. շատեր կ՛ըսեն՝  իրենց արեան մէջ են, կ՛աւելցնեն ուրիշներ:

Հետաքրքրական է սակայն գիտնալ, թէ ա՛յս անգամ որո՛ւն «քիթը» պիտի արիւնի: Հապա մենք: Ա՜խ, մե՛նք. այնպէս կ՛երեւի, թէ մենք հեռու ենք այս բոլորէն: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ նման «բաներ» լուրջի չենք առած: Կարծես տարբեր մոլորակի մէջ կ՛ապրինք: Ազգովին միշտ դժգոհ ենք իրարմէ: Զիրար չխաբենք: Բայց հիմա ատոր ժամանակը չէ, որովհետեւ վաղը, շատ հաւանաբար, երբ աշխարհը աշխարհագրութեան նոր դասեր ստանայ, մենք ո՞ւր կեցած պիտի ըլլանք: Արդեօք գիտե՞նք թէ ուր… Արդեօք պատրաստ պիտի ըլլա՞նք այդ «դասերուն»: Հարկ է մենք մեզի հարց տանք: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր դիրքը, մեր կեցուածքը: Լաւ նայինք մեր շուրջը: Է՜հ, որքա՞ն է մեր ազգային գիտակցութեան չափանիշը: Արդեօք «բան» մը սորվա՞ծ ենք Իրաքէն, Քուէյթէն, կամ ալ Սուրիայէն եւ «Արաբական գարուն»էն:

Ես Պիղատոս մը չեմ: Մեղա՜յ…

Ըսելիքս արդէն սիւնակներուս սկիզբը ըսած էի: Պարզ եւ յստակ: Բարձրաձայն կը կրկնեմ. «Ե՛ս քա-ղա-քա-կա-նու-թե-նէ բան չեմ հասկնար»: Իսկ եթէ դո՛ւք կը հասկնաք, պատասխանեցէ՛ք այս հարցումներուն եւ բացատրեցէ՛ք, կը խնդրեմ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles