Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ՍԼԱՔ- Արուեստագէտ Փնտռե՞նք, Թէ՞

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Writers Sarkis MahseredjianՄարտի առաջին օրերուն, «Պի.Պի.Սի.»ն հաղորդեց լուր մը, որ ատենին շատ լուսանցքային դրսեւորում ունեցած էր ամերիկեան մամուլին մէջ։ Հաղորդեց՝ որ ամերիկացի արուեստագէտ մը՝ Ռայըն Մենտոզա, շուրջ 2 տարի առաջ ամենայն զգուշութեամբ եւ հոգածութեամբ տարանջատած է հռչակաւոր Ռոզա Փարքսի Տիթրոյիթի բնակարանը, եւ բեկորները Գերմանիա փոխադրելով՝ վերակառուցած է Պերլինի մէջ. մօտաւորապէս տարի մը առաջ, անիկա վերածուած է փոքր թանգարանի եւ ժամադրավայր մը՝ զբօսաշրջիկներու։ Հիմա, ամերիկեան մամուլին մէջ պահանջ կը դրուի, որ բնակարանը վերադարձուի Միացեալ Նահանգներ։

Անոնք, որ ծանօթ չեն Ռոզա Փարքսի, ահա հակիրճ տեղեկութիւններ անոր ու «հերոսացած» բնակարանին մասին։

Ռոզա Փարքս կը նկատուի քաղաքացիական իրաւունքներու հզօր պաշտպան մը։ Իսկ երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործածուի «քաղաքացիական իրաւունք» բառակապակցութիւնը, առաւելաբար նկատի կ՛առնուին սեւամորթներու հանդէպ անիրաւութիւններն ու անոնց իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը, առանց անտեսելու այլ փոքրամասնութիւններ։ Տարիներ շարունակ իր ցեղակիցներուն իրաւունքներուն դատին լծուած Ռոզա Փարքսի (ծնեալ 1913ին) անունը յանկարծ հռչակ շահեցաւ 1955ին, երբ ան իր բնակավայրին՝ Ալապամա նահանգի Մոնթկոմըրի քաղաքին մէջ մերժեց հանրային փոխադրակառքի մը մէջ իր նստարանը զիջիլ սպիտակամորթի մը, որ ոտքի մնացած էր։ Այդ օրերուն, այսինքն՝ նախագահ Էպրըհըմ Լինքըլնի հռչակաւոր որոշումէն շուրջ դար մը ետք, փոխադրակառքերու, ինչպէս նաեւ այլ հանրային վայրերու մէջ տակաւին սեւամորթներու ու սպիտակամորթներու համար սահմանուած կը մնային տարբեր վայրեր. Փարքս նստած էր սեւամորթերու վերապահուած բաժինին մէջ։ Դէպքը հսկայ աղմուկ բարձրացուց իր օրերուն, նաեւ անկէ ետք՝ երկար ժամանակ, այնքան ատեն, որ սեւամորթ-սպիտակամորթ խտրականութիւնը ուժեղ էր ու ծնունդ կու տար բողոքի ու պահանջատիրական ալիքներու. բողոքները դրսեւորուեցան մերթ խաղաղ միջոցներով (օրինակ՝ Մարթին Լութըր Քինկ), սակայն նաեւ բրտութեամբ (օրինակ՝ «Պլէք Փէնթըրզ» շարժումը)։ Խտրականութիւնը տակաւին իր շուքը տարածուած կը պահէ մինչեւ այսօր, այլանդակ դրսեւորումներ կը գտնէ տարբեր շրջաններու մէջ։

Փարքս ենթակայ եղաւ հալածանքներու, մահուան սպառնալիքներ տեղացին անոր հասցէին, ու ան ստիպուեցաւ տեղափոխուիլ Տիթրոյիթ ու ընտանիքի 15 անդամներուն հետ «թխ-մուիլ» փոքր բնակարանի մը մէջ։ Անոր մահէն (2005ին) ետք, բնակարանը մնաց լքուած վիճակի մէջ, իսկ շրջանը հարուածող տնտեսական տագնապը արժեզրկեց կալուածը։ Քաղաքապետութիւնը ի վերջոյ կիսաւեր բնակարանը արձանագրեց քանդուելիք բնակարաններու ցանկին վրայ։ Փարքսի հարազատներէն մէկը կալուածը գնած է 500 տոլարով ու զայն նուիրած է Մենտոզայի, որ քանդումէ փրկելու համար, դիմած է զայն Պերլին փոխադրելու քայ-լին։

 

***

 

0306artist1Շաբաթավերջին, սրտամօտ բարեկամի մը հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը պահուն, յանկարծ յիշեցի այս լուրը եւ մեր զրոյցը պահ մը կեդրոնացաւ անոր վրայ։ Հիացում արտայայտեցի, որ մարդիկ կը գնահատեն արդար դատի համար պայքարողները ու կը փորձեն անհետացումէ փրկել անոնց բնակարանները, զանոնք կը վերածեն թանգարանի։

– Մենք ալ մե՛ր մեծերուն տուները թանգարանի վերածած ենք Հայաստանի մէջ. գրողներ, արուեստագէտներ…,- վրայ բերաւ խօսակիցս։

– Հաւանաբար մենք ալ Մենտոզայի նման հայ արուեստագէտի մը պէտք ունինք, որպէսզի կործանումէ փրկէ ու թանգարանի վերածէ Արամ Մանուկեանի Երեւանի աւերակ տունը,- նկատեցի իմ կարգիս։

– Ամմա՜ն, անանկ առաջարկ չբերես, հա՛,- ընդմիջեց բարեկամս ու շարունակեց.- կ՛ելլեն, տան քարերը կը ծախեն, որպէսզի ուրիշ երկիր փոխադրուին ու հոն թանգարան շինուի…

– Մի՛ մտահոգուիր, բարեկա՛մս,- հանգստացուցի զինք.- եթէ նման առաջարկ բերեմ իսկ, կը պահանջեմ, որ բնակարանը իր տեղէն չշարժեն։- Յետոյ, պահ մը մտածելէ ետք, աւելցուցի.- Նման առաջարկ յամենա՛յնդէպս չեմ բերեր. տեսա՛նք, թէ յուշարձանին առիթով ինչպիսի՛ մուկ մը ծնաւ արուեստագէտի մը խելապատիկէն…

0306artist


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles