ՏՈՔԹ. ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ
Առաջարկած անտառէս ներս հազիւ ոտք ենք դրած, երբ գերբնական, տարրերային, մագնիսական չոր փոթորիկէ մը ահա վերցուած ենք գետնէն, կայծակնային մեծ ոստումով տարուած առաջ՝ դէպի… խոր անցեալը:
Հոս ու հոն՝ մեհեաններ: Հայերէնի մօտ լեզու մը կը խօսին այստեղ, այո՛, բայց տարօրինակ հագած բազմութիւններ են: Մեր կողմնացոյցի սլաքը իր կողմնորոշումը կորսնցուցած է, մեր ժամացոյցները՝ կանգ են առած: Կը տարակուսինք, որ մեր շուրջի բազմութիւնները մեզ կը նկատեն ու զիրենք հարցուփորձել ալ չենք համարձակիր: Կէս-հայերէնի, կէս-յունարէնի պէս վլվլուկէն որքան կը հասկնանք, շատ արտակարգ դէպքեր կը կատարուին այստեղ: Խոսրովի որդի Տրդատ անուն թագաւոր մը կայ, որ մահամերձ էր, այժմ փոսէ մը դուրս բերուած Գրիգոր անուն խեղճ եւ հիւծած անծանօթի մը կողմէ «հրաշքով» մը յանկարծ ապաքինած է: Անոր խնդրանքով երախտապարտ թագաւորը հրամայած է մեհեանները վերցնել եւ, ըստ արժանահաւատ շշուկներու, զանոնք փոխարինել նոր տեսակ կառոյցներով, որոնց գագաթը իբր թէ պիտի զետեղուին երկաթեայ խաչաձեւ կտորներ: Սկսած են շրջելու Միաստուածութեան, Յիսուսի, Քրիստոսի, Բարթողիմէոսի եւ Թադէոսի նման անծանօթ անուններ ալ: Հապա ի՞նչ պիտի ընեն մեր չաստուածները՝ պարսիկ Արամազդը, յոյն Անահիտը ու Աստղիկը, տեղացի Վահագնը, օրինակ: Ա՜խ, սիրելի մեր այդ չաստուածները եւ քուրմե՜րը ո՞ւր պիտի երթան, Բագարանի, Աշտիշատի մեհեաններէն ներս եւ այլուր պահուած մեր մագաղաթները եւ ոսկիները ի՞նչ պիտի ըլլան: Հապա մեր խնճոյքնե՞րը, ցոփ տօնախմբութիւննե՞րը: Կ՛ակընկալուին բուռն ցոյցեր, մինչեւ իսկ պալատի գրաւում: Ապագայի նկատմամբ մեծ շփոթ, սարսափ: Յոռետես եւ մթին նախատեսումներ, բարձրաղաղակ հայհոյանքներ ամէն կողմէ:
Մենք սակայն, արդէն գուշակեցինք, հասկցա՛նք, շփոթած չենք այլեւս: Մեր «սմարդֆոն»ները (ըսենք՝ խելաձայնները կամ ուշիմձայնները) որոնք կարճատեւ մթնած էին, արդէն վերազարթնած են: Այո՛, ցոյց կու տան՝ «301, Արտաշատ», թէեւ քիչ մը անորոշ, աղոտ, անկանոն, պլպլուն: Ա՛հ, որքա՜ն պիտանի են մեր հետ բերած, մեզմէ անբաժան սա … ի՞նչ ըսինք … խելաձայնները:
Կը շտապենք քաշուիլ ետին զարմանալիօրէն մեզի սպասող անտառը՝ ամբոխէն խուսափելու եւ մեր տեսածին վրայ խորհրդածելու մտօք: Իմացած ըլլալը ու անցնիլը մէկ բան է, 20րդ եւ 21րդ դարերու լաւատեղեակութեամբ զինուած տեսածդ յետադարձ վերլուծելը, մանաւանդ դաս քաղել կարենալը՝ ուրիշ բան:
Այո՛, ականատեսներն ենք զգայացունց Հրաշքի մը հոլովոյթին: Բայց իր իսկութեամբ ի՞նչ էր հրաշքին բնոյթը: Ըստ մեզմէ ոմանց՝ անիկա անկասկած զուտ Աստուածային էր: Ըստ աշխարհի վերին ոլորտներէն ու խաւերէն ներս միշտ ու մինչեւ օրս տիրող մեքենայութեանց լաւատեղեակ ուրիշներուն՝ այս հրաշքը կեդրոնախոյս աւատապետները սանձելու եւ, մանաւա՛նդ, ազգային ինքնութիւն հաստատելու զոյգ նպատակներով կեդրոնաձիգ պետական յեղաշրջում մըն էր պարզապէս: Ահա տարակարծութեան ազատ դաշտ:
Գիտենք, մանուկ տարիքէն Տրդատ Գ. Հռոմ, Դիոկղետիանոս կայսեր հովանիին տակ, բարձրագոյն ուսում, ռազմական գերագոյն մարզում ստացած, պարթեւ հասակով յաղթանդամ անհատ էր, որ նախքան գահ բարձրանալը Յունաստանի Ողիմպիական խաղերուն ախոյանութիւն անգամ շահած էր: Համաձայն ենք, որ շատ հաւանաբար Հռոմի մէջ նաեւ ականատես եղած էր, գուցէ շփում ունեցած արագ տարածուող, այլեւս ոչ ընդյատակեայ բայց տակաւին անպաշտօն ու խմորուող քրիստոնէական շարժման եւ քարոզչութեան հետ:
Թէեւ յաջողած Հայաստանի սահմանները ամուր ապահովել ու առժամեայ խաղաղ հաւասարակշռութիւն պահել Հռոմի եւ Տիզպոնի միջեւ, հզօր Տրդատը ու իր պետական աւագանին հաւանաբար լաւ հասկցած էին, որ հակամարտ եւ հեթանոս այդ երկու կայսրութիւններու թէժ աքցանի երախը՝ նոյնպէս հեթանոս, կիսով հայախօս, կիսով մըն ալ յունախօս հայութիւնը եւ հետեւաբար պետութիւնը, իրենց ուրոյն դիմագիծը պահելու երկարատեւ կարելիութիւնը չունին: Գուցէ արքան չէր այդպէս մտածողը, այլ իմաստուն պալատականներ, զինուորականներ, նաեւ կանայք: Գուցէ տիրող լման վերնախաւը՝ միասնաբար:
Այսպէս կամ այնպէս, հիմնովին նորարար, երկու շրջապատող կայսրութիւնները դիմակալող շատ խիզախ ու մարտահրաւէր քայլի մը սուր կարիքը յստակ էր:
Մեր արշաւախումբի անդամները հասան համաձայնութեան, թէ տուեալ պայմաններով, պետական կարգով քրիստոնէութեան հաստատումը ազգային ինքնութիւնը դարբնող գերտրամաբանական, հեռահաս եւ տիրական հարուածը պիտի ըլլար: Պետութեան կը մնար ընդյատակեայ քաղաքական խաղով մը, դուք ըսէք‘ «դաւադրութեամբ» մը, զայն «ծախել» հայ հաւատաւոր հեթանոս, բայց պարզունակ ու խայտաբղէտ բազմութեան, նոյնիսկ արտաքին ուժերուն:
«Հրաշք»ները միշտ ալ վճռապէս տպաւորիչ ու համոզիչ եղած են բոլոր կրօններու, ժամանակներու եւ քաղաքակրթութեանց լայն հասարակութեանց: Նման «հրաշք» մը չէ՞ր գործադրուածը: Եթէ Տրդատ մասնակից ու տեղեակ չէր «դաւադրութեան», ոչ-մահացու նօսրացած թոյն մը, որմէ կ՛ակընկալուի բնական բուժում, լաւ ծառայած պիտի ըլլար հրաշքի համազօր բեմադրութեան մը: Վերջինը առաւել դիւրացած պիտի ըլլար եթէ «դաւադրութիւնը» գլխաւորողը Տրդատ ի՛նքն էր: Հաւանական տարբերակը: Ս. Գրիգոր յարմար եւ օգտակար պարզ «խմորող»ն էր (catalyst): Այսօր անգամ մենք հմայուած կը մնանք «Հրաշք»ին աւանդութեամբ, քան Հռոմի քաղաքական բարձր մտածողութեան շրջապատին մէջ լաւ թրծուած իմաստուն եւ յանդուգն արքայէ մը ռազմավարական շատ փայլուն, աննախադէպ, պատմութեան մէջ եզակի եւ խորիմաստ հարուածի մը շատ ուսանելի վարկածով: Մեզի համար այս պահուն անշուշտ դժուար է այդ երկուքին միջեւ լաւատեղեակ եւ անվիճելի ընտրութիւն մը ընելը, բայց կարեւոր ալ չէ խորհրդածելու համար:
Համաձայնեցանք: Կարեւորը նախ՝ կատարուած ճակատագրական «Հրաշք»ն է: Աստուածային թէ մարդակերտ: Մանաւանդ՝ հաւանական երկրորդի պարագային:
Տիեզերքը, աշխարհը, մարդկութիւնը եւ մարդը Աստուծմէ այո՛ ստացած են աննկարագելիօրէն զմայլելի, անբացատրելի, խորպէս զգաստացնող ու գերբնական անթիւ հրաշքներ: Ինչո՞ւ սակայն, յետադարձ ակնարկով, այս մէկուն վրայ երբեք չենք տեսած, կամ չենք ուզած տեսնել արտակարգ ու անհրաժեշտ այլընտրանք մը իրականացնող հայ մարդկայի՛ն պայծառ ուղեղի մը ու զօրեղ ձեռքի մը հրաշատիպ սխրանքին փառաւոր կնիքը: Հայ ինքնութեան ապահովման ու առաւելագոյն կոփման իր նկրտումով, իր ժամանակի համար ան այնպիսի հզօր, յանդուգն, հեռատես, հնարամիտ ու նորարար իրագործում էր որ, իր տարողութեամբ եւ հասողութեամբ անուղղակի Աստուածատուր էր: Ինչո՞ւ սակայն անպայման եւ միշտ սպասել Աստուծմէ, այն ալ՝ միայն ուղղակի: Իր հետ ձեռք-Ձեռքի, բայց մե՛ր ուժերով, նպատակասլաց, ծրագրուած, յեղաշրջական, լրջախոհ ու յարատեւ գործելը նզովեալ անհաւատութի՞ւն պիտի ըլլայ:
Ակընկալելի չէ՞: Անկարո՞ղ ենք:
Նայեցէք Հռոմի Սիսթինեան մատրան ձեղունի նկարազարդումին կեդրոնը Վատիկանին իսկ ընդունելի եղած Միքելանճելոյի բազմախորհուրդ պատգամին:
Այնքան ցնցուած ենք այս անցուդարձերէն ու մտորումներէն, որ չենք նկատած ինչպէս տարրերային փոթորիկը կրկին հաւաքուած է մեր վերեւ:
shavarsh_chr@msn.com