Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Աղաղակող Անհաւասարութիւն

$
0
0

0129inequality

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 

Մարդկութեան պատմութիւնը անհաւասարութիւններու պատմութիւն մըն է: Որքան ալ ետ երթանք ժամանակին մէջ, անհաւասարութեան երեւոյթը միշտ ալ կ՛երեւի մարդկային յարաբերութիւններու ոստայնին մէջ: Նոյնիսկ կենդանական աշխարհին մէջ ընդհանրապէս:

Այդ երեւոյթէն յառաջացած են «իրաւունքը՝ զօրաւորին», «շամբերու օրէնքը» եւ նման ասոյթները: Միշտ ալ եղեր են ուժեղներ ու տկարներ, իշխողներ ու իշխուողներ, գերեվարներ ու գերիներ, որսորդներ ու որսեր… եւ այս՝ անհատական թէ հանրային կեանքին մէջ, առանձին մարդոց թէ հաւաքականութիւններու առնչութեամբ:

Լաւագոյն պարագային զօրաւորները տէ՛ր են եղեր տկարներուն, օգներ, յոռեգոյն պարագային՝ հալածեր, շահագործեր, յօշոտեր են զանոնք, իրենց կա՛մքը պարտադրեր անոնց:

Մասնակի փորձեր են միայն այս կացութիւնը սրբագրելու եւ մարդավայել կեանք մը ապահովելու համար կատարուած բոլոր ճիգերը՝ իմացական շարժումները, կրօնները, յեղափոխութիւնները, մասնակի անոր համար, որ այդ ճիգերը յաճախ չեն արդիւնաւորուեր, անգամ հակառակը կատարեր են, աւելցնելով տիրողին ուժը եւ ազդեցութիւնը: Այսօր ալ կը շարունակուին այդ «ճիգեր»ը, այդ գուցէ միշտ ապարդիւն ճիգերը:

Այս մտորումները կը յառաջանան ի տես վերջերս Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Համաշխարհային տենտեսական գագաթնաժողովին, որուն մասնակցեցան 2000 անհատներ՝ աշխարհի ամէնէն հարուստ ու ամէնէն զօրեղներէն: Անոնց օրակարգին վրայ թէեւ կար նաեւ աղքատութեան վերացման խնդիրը, ինչպէս դիտել կու տայ «Լը Տըվուար»ի բազմավաստակ աշխատակիցը, անոնց նպատակը սակայն յաւելեալ տնտեսական յարաբերութիւններ հիւսել ու իրենց երկիրներուն եւ ընկերութիւններուն համար նոր շահեր ու շահարկումներ ապահովելն էր: Ինչ որ ինքնին դրական երեւոյթ է, սակայն չի մեղմացներ անհաւասարութիւնները: «Մնացեալը խորհրդանշական է», կ՛աւելցնէ հրապարակագիրը: Արդարեւ, այդ բոլոր ձեռքբերումները պիտի ծառայեն խորացնելու եւ ընդլայնելու ունեւորներուն եւ չունեւորներուն միջեւ խրամատը:

«Օքսֆամ» միջազգային կազմակերութիւնը, ինչպէս ամէն տարի՝ Տաւոսի ժողովի նախօրեակին, կը հրապարակէ ընկերային անհաւասարութիւններուն վերաբերեալ սահմռկեցուցիչ տեղեկութիւններ: Անցեալ տարի «Օքսֆամ»ը կը տեղեկացնէր, թէ աշխարհի ութ ամէնէն ունեւոր անձերը, միա՛յն իրենք, ունէին այնքան հարստութիւն, որքան աշխարհի բնակչութեան ամէնէն աղքատ կէսը: Նոյնպէս, դիտել կը տրուէր, որ մարդկութեան ամէնէն հարուստ 1 տոկոսը ունէր այնքան զուտ հարստութիւն որքան մնացեալ 99 տոկոսը: Իսկ այս տարի, «Օքսֆամ»ը կը նշէ, թէ անցեալ տարուան ընթացքին ստեղծուած յաւելեալ հարստութեան 82 տոկոսը նոյն այդ մէկ առ հարիւրը ստացած է, մինչ աշխարհի բնակչութեան այդ աղքատ կէսը՝ ոչի՛նչ:

«Լը Տըվուար»ի այլ լրագրող մը, քաղելով «Պլումպըրկ»ի ֆինանսական գործակալութեան հրապարակումներէն, վերջերս կը տեղեկացնէր, թէ մեծ ընկերութիւններու կամ հաստատութիւններու ամէնէն լաւ վարձատրուող ղեկավարները Գանատայի մէջ կը վաստկին աշխատաւորի միջին աշխատավարձին 149 անգամը, ինչ որ Գանատան կը դասէ 22 հարուստ երկիրներու շարքի 7րդ աստիճանին վրայ: Զարմանալի չէ, անշուշտ, որ այդ անհաւասարութեան սանդղակին առաջին՝ ամէնէն բարձր աստիճանը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգները, 265 բազմապատիկով, նկատի առնելով աշխատավարձը եւ անոր ընկերացող առաւելութիւնները, ներառեալ հանգստեան թոշակին առնչուած բաժնետոմսերու պարգեւները: Զարմանալին երկրորդ աստիճանը գրաւողն է՝ Հնդկաստա՛նը (229 անգամ): Չինաստանը տասներորդ աստիճանին վրայ կը գտնուի ներկայիս (127 անգամ): Ամէնէն վարի՝ 22րդ աստիճանին վրայ գտնուելու պատիւը կ՛երթայ Նորվեկիոյ (20 անգամ միայն), մինչ Շուէտը կը գրաւէ 18րդ (60 անգամ), իսկ Ֆինլանտան 14րդ (71 անգամ) տեղերը:

Այլ հրապարակումէ մը կը տեղեկանանք, թէ տարուան երկրորդ օրը՝ Յունուար 2ին, կ.ա. ժամը 11ին երեք վայրկեան մնացած, Գանատայի ձեռնարկութիւններու ամէնէն լաւ վարձատրուած ղեկավարները արդէն իսկ ստացած էին այնքան վճարում, որքան պիտի ստանար միջին աշխատաւորը ամբողջ տարին աշխատելով:

Տնտեսագէտները կը նշեն, որ անհաւասարութիւնները հետզհետէ կը բազմապատկուին: Մինչ վերին ղեկավարութեան վարձատրութիւնը 2016ին 8 տոկոսով աւելցած է, միջին աշխատաւորինը միայն 0.5 տոկոսով, եւ սղաճն ալ նկատի առնելով՝ իսկութեան մէջ նուազած է իր գնման կարողութիւնը: Այդ հարուստները ա՛լ աւելի կը հարստանան սակարանի արժէքներու խաղերով, եւ ոչ անպայման իսկական արժէքներու յաւելումով, իսկ այդ խաղերը վարելը արդէն իրե՛նց իսկ մասնագիտութիւնն է…

Այլընտրանքային քաղաքականութիւններու գանատական կեդրոնը կը պահանջէ հարկային հիմնական բարեփոխում մը՝ նուազեցնելու համար այդ տեսակի անհաւասարութիւնները: Այս վերջինները, իրենց իրական արժէքէն բացի ունին նաեւ խորհրդանշական իմաստ՝ պետերու աշխատանքին ու աշխատաւորներու աշխատանքին արժէքային տեսակէտէն, տանելով սեփական քրտինքով վաստակի հասկացութեան արժեզրկման:

«Լը Տըվուար»ը վերռյիշեալ խմբագրական ակնարկը կ՛եզրակացնէ մէջբերելով «Օքսֆամ»ի ընդհանուր տնօրէնուհի Ուինի Պիանեիմայիի դիտումը, թէ «Դժուար է գտնել քաղաքական պատասխանատու դէմքեր ու ձեռնարկութիւններու պետեր, որոնք մտահոգուած չըլլան անհաւասարութիւններով: Աւելի դժուար է գտնել անոնցմէ այնպիսիներ, որոնք պատրաստ են այդ անհաւասարութիւններուն դէմ պայքարելու համար քայլ մը առնելու»: Հրապարակագիրը կ՛աւելցնէ, թէ, ընդհակառակն, բոլորը, նոյնիսկ Գանատայի ազատական կառավարութիւնը, ամեն ինչ կ՛ընեն մրցակցութիւնը աւելցնելու եւ հարուստներու տուրքերը նուազեցնելու համար՝ նոր դրամագլուխներ ներգրաւելու յոյսով, բայց միաժամանակ կրճատելով ընկերային սպասարկութիւնները, որոնց այնքան կարիքը ունի ժողվոուրդը:

Անշուշտ, այս երեւոյթները յատուկ չեն միայն այսպէս կոչուած զարգացած երկիրներուն: Աշխարհի երկիրներուն մեծամասնութեան մէջ, ուր տիրողները բռնապետեր են, սակաւապետեր եւ յանցապետեր, կացութիւնը աւելի լաւ չէ, ընդհակառակն:

Ի՛նչ են հետեւանքները այս բոլորին:

Կ՛աւելնան յուսահատական արարքները, անձնասպանութիւններն ու ոճիրները, ահաբեկչական արարքները, գողութիւնները, հիւանդութիւններն ու մասամբ նորին: Կ՛ընդլայնի սեւ շուկան, եւ հետեւելով ունեւորներու օրինակին՝ նուազ ունեւորներն ու չունեւորներն ալ կը ջանան խուսափիլ իրենց հարկերը վճարելէ: Կառավարութիւնները այս ախտերուն դէմ կը պայքարին իրենց նուազող տնտեսական միջոցներով,– միջոցներ որոնք կը ստեղծուին առաւելաբար միջին դասակարգի օրինապահ քաղաքացիներու քրտինքով,– միշտ զեղչելով ուսման, գիտութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի եւ այլ ընկերային մարզերու յատկացուելիք գումարներէն: Դեռ չեմ նշեր բնութեան հասցուած չարիքները:

Այո՛, միշտ ալ եղած են անահաւասարութիւններ, բայց այսքան բացայայտ, համատարած ու աղաղակո՞ղ…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles