Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Երգեր Եւ Ան Ալ՝ Հայկական…Վրաս Գրէ՛

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

bedikianԱյդ առաւօտ, քիչ մը շատ կանուխէն, դրացիիս պատուհանէն սկսաւ սենեակս հասնելու անճոռնի երգ-երաժշտութիւն մը, որ հիմնովին խանգարեց միտքս:

Անսովոր իրավիճակ: Անկեղծօրէն, այդ վայրկեանին նոր եւ անտեղի կացութեան զիս մատնողը հայերէն բառերով թրքերէն եղանակ մըն էր: Իրապէս որ «մուսաներս փախած էին»: Այս մէկը քիչ մը շատ էր…: Անճաշակութիւն: Գաղափարներս վայրկեանին ցնդած էին: Սենեակէս ներս գրելս կամ ընթերցելս ալ անօգուտ էր: Միտքիս թելերը կտրտուած էին եւ վերակազմուելու համար, բոլորովին նոր ու աւելի խաղաղ մթնոլորտի մը կարօտը ունէին: Ուստի, ստիպուեցայ սեղանէս հեռանալու եւ իջնելու մեր արեւոտ պարտէզը՝ հանդարտելու: Որոշած էի, եթէ առիթով մը այդ մարդուկին հանդիպէի, անպայման «երկու» խօսքով մը զինք լաւ մը «պիտի լուայի»: Մարդ քիչ մը «ճաշակ» պէտք է ունենայ, շարունակ կ՛ըսէի մտովի, այսքան կանուխ «սիրտը հատեր» էր, ինչպէս որ կ՛ըսեն, որ այս տեսակի երգ եւ երաժշտութիւն մտիկ կ՛ընէր…: Իսկապէս ջղայնացած էի: Բայց այլեւս օգուտ չունէր: Կեդրոնացումս իսկապէս խախտած էր: Մտայ պարտէզ, եւ հազիւ անոր ծայրը հասած ու խորունկ շունչ մը քաշած էի, երբ յարնկարծ ո՜վ հրաշք, հարեւանս ինքն ալ պարտէզն էր՝ իր թուփերով զբաղուած: Հաւանաբար այս էր պատճառը, որ այդքան բարձր մտիկ կ՛ընէր: Մօտեցայ ցանկապատին: Գլուխս վեր առի ու բարձրաձայն եւ նոյնքան ալ ինքզինքիս յարգանք պարտադրող ձայնով նախ «բարի լոյս» մը ըսի ու անմիջապէս.

– Ինչպէ՞ս ես, դրացիս, առտու կանուխ այդ ի՞նչ մտիկ կ՛ընես,— ըսի արագ մը, ձայնիս մէջ բլուրներուն վրայ անձրեւ խոստացող սեւ ամպերու գալուստին նման:

– Հայկական «միւզիքա», հարեւան ճան, չե՞ս իմանում,ևև ըսաւ անմեղօրէն,ևև շատ լաւն ա, չես լսում… չես տեսնում…, նոր երգիչ ա…, հիմա օտարներն էլ նոյնն են երգում…:

– Ես ալ կարծեցի, որ թրքերէն է, ըսի արագ մը, իր խօսքը կտրելով:

-Խի՜, հարեւան ճան, ցաւդ տանեմ, էսի թուրքերէն չի, հայերէն ա, դու չես իմանում: Հիմա «աֆթօ» քշած ատենդ էլ կարող ես լսել…, երկու հայկական «չանալ»ներ կան, հայկական երգեր ես լսում ու «աֆթոյիդ» մէջ «ինճոյ» ես անում… քէֆդ ա գալիս… ցաւդ տանեմ. ուզում ես «ատրես»ը գրիմ տամ, հէլէ՛, հէլէ՛… արի… արի… էս կողմ… մի բաժակ…:

– Չէ՛, չէ, մերսի, քիչ մը շատ կանուխ է, ուրիշ առթիւ…, հոգ չէ՛. շնորհակալ եմ, երթամ, ուրիշ գործեր ունիմ, ըսի, ու կամաց մը ցանկապատէն, գողի նման հեռացայ, նոյնքան ալ անքաղաքավար առանց իմ ետեւէս հասնող իր «հրաւէր»ի բառերուն ականջ տալու, որովհետեւ իմ այս իրավիճակէս մեկնելով, մեր երկխօսութիւնը կրնար, այս անգամ մեզ երկուքս ուրիշ ճամբաներ տանիլ: Ու այս բոլորին իբրեւ հարազատ արդիւնք, մարդ ես, նոյնիսկ ես կրնայի բաւական մութ խօսքեր ալ ըսել, բռնի ժպիտիս տակ: Որովհետեւ… անէծք չար սատանային՝ չափէն աւելի ջղայնացած էի: Բայց…:

Գիտէի, որ սենեակս վերադառնալու յոյսերս այլեւս ցնդած էին: Այս աղմուկին մէջ ինչպէ՞ս կրնայի աշխատիլ, մանաւանդ որ մեր մարդուկը հիմա ինքն ալ սկսած էր իր անճոռնի, հաստ ու բարձր ձայնով ընկերանալու թրքախառն այս երգ-«շարխը»ին: Յստակօրէն ուրախ էր եւ երջանիկ:

Իմ կարգիս, իր վերջին անախորժ հրաւէր-արդարացումը միտքիս մէջ, տուն մտայ:

-«Արի մի բաժակ…». հը… ան ալ առտու կանուխ: Ծօ՛, ես ով, խմողը ո՜վ: Հապա միւսը՝ «թուրքերէն չի՛»ն, վրաս գրէ: Հէ՜յ, ես այդչափը գիտէի: Վերջապէս, ես ալ ականջ ունէի եւ հայերէնին ու քու այդ թուրքերէնին տարբերութիւնները շատ լաւ «իմանում էի», կը կրկնէի ե՛ւ մտովի, ե՛ւ անվերջ, խենթի նման:

Այդ պահուն կը զգայի, որ ընկճուած էի: Հաստատապէս դէմքիս վրայ տեսանելի էր անհանգիստ, շուարած եւ նոյնքան ալ մտահոգ նայուածք մը: Մէջս բան մը սառած էր, որովհետեւ ի տես հարեւանիս այս արդարացումին, ինծի համար նաեւ տեսանելի էր, աղուոր բանի մը փտիլը, հայու հորիզոնին վրայ:

Ո՞ւր հասած ենք: Ահա քեզի հայերէն երգ, երաժշտութիւն: Վրաս գրէ՛: Խօսքս անշուշտ բացառութիւններու մասին չէ: Երբեք ու հաստատապէս: Ուստի, մեղա՜յ Կոմիտասին եւ միւս մեծերուն: Ու եթէ այսպէս շարունակուի, ո՞ւր պիտի հասնինք: Հապա՞ գաղութին հրամցուած անորակ հայկական «մաֆյայական» սերիալները, եւ ըստ դրացիիս բացայայտումին՝ հիմա ալ «աֆթօ»ներու մէջ ալ… նոյն երգերը:

«Խառն դատարան», պիտի ըսէր ողորմած մեծ մայրս եւ ասոր հետ հաւանաբար ալ իր խարբերդցիական քանի մը «մաքուր» բառերն ալ վրան աւելցնէր:

Ո՞ւր հասած ենք, եւ ո՞ւր հասած էին հայերէն մեր երգերն ու երաժշտութիւնը, կը շարունակէի կրկնել: Հիւանդագին երեւոյթ:

Թրքախառն երգեր: Ահա քեզի վարակիչ ու վտանգաւոր համաճարակ:

Կը զգայի, որ հոգիս դարձեալ պայքարի մէջ էր: Յանկարծ յիշեցի: Տակաւին օրեր առաջ էր, երբ բարեկամներէս մէկը կատակով կ՛ըսէր, թէ «ներկայիս հայկական բանակի համրանքին չափ հայ երգիչներ եւ դերասաններ ունինք, կը վխտան մեր հայրենիքին մէջ»: Հաւանաբար: Մեղքը իր վիզը:

Ու ահա այսպէս, յանկարծ միտքիս ուղղութիւնը փոխուած նկատեցի: Երգէն անցած ու հասած էի այն միւսին: Երեւակայեցէ՛ք, ամէն ամիս, Երեւանէն մէկ կամ աւելի երգիչներ եւ դերասաններ, շատ յաճախ նոյները, կարծես մրցումի «ելած», իրարու ետեւէ «վազելով» կու գան, հասնելու Կլենտէյլ, որովհետեւ այնպէս կ՛երեւի, թէ այս շրջանը իրենց համար պարարտ «կթան կով» մը դարձած էր եւ կամ դարձուցած էին: Բայց յանցանքը իրենցը չէ…:

Է՜հ,  կար ժամանակ, որ ամբողջ մեր հին ու պատմական քաղաքէն ներս, մեծ եւ անհուն կարօտով Երեւանէն կը սպասէինք հայ մտաւորականի մը գալուստին, կամ հայրենի յայտնի արուեստագէտի մը ելոյթին, եւ աւելին՝ Պետական երգի եւ պարի նշանաւոր անսամպլի այցելութեան: Ու այս բոլորին ելոյթներով, մեր հոգիները տարբեր բուրմունքներով եւ ոգիով կը լիցքաւորուէին: Հայկական եւ հայկականութեամբ: Ու անկէ ետք կարծես նոր հայ դարձած կ՛ըլլայինք: Առաւել հպարտանքով կը քալէինք: Օրերով մեզի հրամցուած ելոյթները մեր խօսակցութիւններուն նիւթը կը դարձնէինք: Կը հիանայինք եւ երանի կու տայինք: Ահա, այդ էր մեր գերագոյն հմայքը:

Իսկ այսօր: Ալ կարօտի զգացումը մեր մէջ «սատկած» է կարծես: Որովհետեւ ականատես դարձած ենք, թէ Երեւանի մէջ, այն արուեստագէտը եւ կամ երգիչը, որ առաւօտ «կանուխ» արթնցած էր, արդէն Զուարթնոց օդակայան հասնելով իր շունչը Լոս Անճելըս «առած» կ՛ըլլար: Եւ այս բոլորը անձնական, աւելի ճիշդ՝ անհատական նախաձեռնութիւններու միջոցներով: Մէկ խօսքով՝ «փող աշխատելու» համար կամ ալ, ինչպէս որ վերջերս ալ տեսանելի է, հայրենիքը «թողնելով», ամէն միջոց «փնտռելով», հոս վերջնական բնակութիւն հաստատելու ծրագիրի մշակումով:

Ո՛չ մէկ մշակութային կնիք, բոյր եւ հրապոյր: Էհ, այսքանը չէք կարծեր, որ քիչ մը շատ է մեր այս գաղութին համար:

Յոգնեցանք, իրապէս որ յոգնեցանք զիրենք լսելէ: Արդէն ամէն օր «թի.վի,»ներէն կը տեսնենք եւ կը լսենք նոյն երգերն ու նկարահանումները: Արդեօք չի բաւե՞ր…:

Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, որ մեր գաղութէն ներս ունինք մշակութային միութիւններ, որոնք կը փորձեն զանազան նախաձեռնութիւններով, նիւթականէն առաջ եւ աւելի, հայ մշակոյթի ջահը վառ պահել: Անոնք բոլորն ալ չեն ուզեր, որ իրենց երազը մեռնի: Անոնք կ՛ուզեն ամէն ձեւով նպաստել մեր մշակոյթի բարգաւաճման ճիգերուն: Բայց …: Այնպէս կ՛երեւի, թէ իրենց համար արդէն գաղութի հրապարակը խռնուած է: Խճողուած է: Միւս կողմէ, մեր այս «հիւրերուն» նման ելոյթները մեզի մտածել կու տան, թէ կարծես մեր աւանդութեան, անցեալի եւ մշակութային շղթայի օղակները կորսուած են: Անհետացած են: Չեմ գիտեր, թէ այս մասին արդեօք մտահոգ միտք կամ միտքեր կան: Իսկապէս, որ տեղեակ չեմ: Ըլլալու է. կը տրամաբանէ հայու հոգիս:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, այս եւ նման մտահոգութիւններ կրկին ու կրկին անգամ յայտնուելով, գրիչիս նոր ուղղութիւն սկսած էին տալ: Ուստի, կ՛ըսեմ, անըմբռնելի բան մը նստած է մեր միտքերուն ծայրը, որ առիթ չի տար, որ ուրիշ ձեւով մտածենք:

Ու մտահոգ նման միտքերով՝ միշտ ես ինծի հարց կու տամ. ինչպէ՞ս կարելի է մեր այս գաղութը վերակազմել: Վերամիաւորել: Ինչպէ՞ս հայ կեանքի պայքարին մասնակից դարձնել բոլոր անոնք, որոնց գիտակցութիւնը ցամքած կ՛երեւի: Շատեր չեն զգար էականութիւնն ու կարեւորութիւնը այս բոլորին: Անձնասիրութիւն եւ քմահաճոյք ու մանաւանդ փող «աշխատելու» հոգեբանութիւն: Այս է իրենց նպատակը:

Գիտեմ: Իրենց իրաւունքն է: Հոս ազատ երկիր է: Բայց հոս ինչո՞ւ խառնարանի վերածել: Իսկ հիմա այս բոլորէն ետք, ինչպէ՞ս կազմակերպուիլ: Ինծի այնպէս կը թուի, թէ, ի տես վերեւը նշուած պատկերներուն, դարձեալ տրտմութեան հովիտին մէջէն է որ կ՛անցնիմ ու կ՛անցնինք: Անոր համար է, որ ես ինծի յաճախ հարց կու տամ. «Ե՞րբ մեր կեանքը պիտի տրոփէ մեր սիրտը: Ե՞րբ մենք տէրն ու տիրականը պիտի ըլլանք մեր միտքերուն: Ե՞րբ պիտի անդրադառնանք եւ զանազանենք էականը՝ միւսէն, կարեւորը՝ անկարեւորէն, եսը՝ մենքէն: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք վերակազմել եւ վերակազմուիլ: Ուրկէ՞ սկսիլ»:

Եւ տակաւին, այս «երբ»երուն վրայ ուրիշ անմեղ հարցումներ. այսպէս. ո՞վ է այս տողերը կադացողը: Ո՞վ է այս տողերուն արժէ՛ք տուողը կամ լսողը եւ ո՞վ է զայն գործադրողը: Ո՞ւր է ղեկը: Ղեկավարը: Մթնոլորտ ստեղծողը: Ուղղութիւն տուողը: Ինչպէ՞ս, ան՝ մեր մեծը կամ մեծերը, մեր բոլորին հոգիներէն եւ մտքերէն ներս հայութեան եւ միասնութեան աւիշ պիտի կարենան ներմուծել կամ տարածել: Ինչպէ՞ս մեր նոր սերունդները հայու ոգիով, անհուն սիրով եւ համբերութեամբ ու հոգածութեամբ պիտի դաստիարակուին: Յստակ պատասխան չունիմ: Հաւատացէ՛ք:

Անոր համար է, որ տարիներու մարմաջը կայ ու կը մնայ բոլոր բառերուս մէջ:

Ուստի, կը մտածեմ, որ այս օրերուն եւ միշտ՝ մեզի, համար հայ մարդու թա՛փ է պէտք: Եւ տակաւին՝ իր ազգին գլխաւոր ձգտումներով մտահո՛գ հայ մարդ է պէտք: Միասնական ղեկավարութիւն է պէ՛տք, որպէսզի որոնելով մեր ինքնութիւնը, մեզ բոլորով եւ միատեղ, մասնակից դարձնէ 21րդ դարու մեր հայ կեանքի առողջ պայքարին:

Ահա համեստ դեղատոմս մը, եթէ կ՛ուզէք:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Latest Images

Trending Articles



Latest Images