Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Թուրքիան Եւ Սուրիական Ճատրակը

$
0
0

 

1206syrianchessboard

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

 

Սոչիի մէջ Նոյեմբեր 22ին, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահները հանդիպում ունեցան՝ քննարկելու համար սուրիական տագնապը եւ՝ լուծումներու շուրջ համաձայնելու:

Հետաքրքրական էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսքը, զոր արտասանեց իր կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն առջեւ: Ան ընդգծեց սուրիական տագնապին խաղաղ լուծման եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղարկելու արագացման կարեւորութիւնը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան թղթակից Պոզորկմեհր Շարաֆէտտին իր՝ «Իրանի Ռուհանին Եւ Սոչիի Վեհաժողովը. Ճիշդ Ժամանակը Եւ Ճիշդ Քայլը Սուրիոյ Համար» խորագրեալ յօդուածին մէջ այդ վեհաժողովը կ՛որակէ իբրեւ ռուսական յաղթանակ, որովհետեւ Ռուսիա կրցաւ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Իրանի վստահութիւնը եւ քաղաքական օժանդակութիւնը շահիլ՝ դիւանագիտական միջոցներով լուծելու համար սուրիական տագնապը: Շարաֆէտտին նաեւ անդրադարձած է Իրանի քաղաքական եւ ռազմական յաղթանակին, որ արձանագրուեցաւ Սուրիոյ մէջ, բան մը, որ գոնէ առայժմ գրեթէ չէզոքացուց Սէուտական Արաբիոյ քաղաքականութիւնը շրջանին մէջ:

Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Սէուտական Արաբիա իր քաղաքական մկանները շարժէ եւ քայլ մը առնէ որոշ չափով հակազդելու համար Սոչիի վեհաժողովին: Այսպիսով, սուրիական ընդդիմութեան տարբեր հոսանքներէ ներկայացուցիչներ մասնակցեցան Ռիատի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին, որուն մասնակիցները պնդեցին իրենց ոչ զիջողական քաղաքականութեան վրայ եւ պահանջեցին նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը:

Այստեղ կարեւոր է քիչ մը վերլուծել Թուրքիոյ կեցուածքը՝ Սուրիոյ մէջ քրտական հարցին շուրջ: Ըստ «Թայմզ» օրաթերթին, «Էրտողան խոստացած է Ասատին, որ առանց Սուրիան տեղեակ պահելու՝ ռազմական գործողութեան պիտի չսկսի Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քրտական ուժերուն դէմ»: Ասիկա մեզ կրնայ տանիլ այն եզրակացութեան, որ շատ հաւանաբար Թուրքիա ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկէ Աֆրինի մէջ, ուր քրտական ուժերը շրջապատուած վիճակի մէջ են:

Ըստ «Թայմզ»ի, թէեւ Սոչիի վեհաժողովը մէկ կողմէ փորձեց ցոյց տալ, որ Սուրիոյ սահմաններուն վերահսկողութիւնը այժմ գրեթէ ամբողջովին կը պատկանի սուրիական կառավարութեան, այնուամենայնիւ, մօտ ապագային անոր ազդեցութիւնը պիտի նուազի, եւ Սուրիան պիտի ընտրէ, արտաքին աշխարհի հետ շփումներու առումով, առաւել բաց քաղաքական առաջնորդ: Արդեօք Իրան պիտի ընդունի՞, որ այլ նախագահ մը նշանակուի Սուրիոյ մէջ: Շատ հաւանական է, որ եթէ այսպիսի կացութեան մը մէջ նախագահական ընտրութիւններ կատարուին, Ասատ դարձեալ յաղթական դուրս պիտի գայ: Հետեւաբար Էրտողան, խուսափելու համար քաղաքական խայտառակութենէ, պիտի դիմէ ամէն միջոցի՝ Սուրիոյ մէջ իր պարտութիւնը թարգմանելու համար իբրեւ յաղթանակ, մանաւանդ որ 2018ին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններ:

Վերջերս, թրքական ճնշումներուն տեղի տալով, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կասեցուց իր ռազմական օժանդակութիւնները սուրիական քրտական զինեալ խմբաւորումներուն: Ամերիկեան օրաթերթեր նոյնիսկ քննարկեցին այն հարցը, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ, եթէ Միացեալ Նահանգներ ետ պահանջեն այն օժանդակութիւնները, զորս տրամադրած էին քիւրտերուն: Եւ այսպէս, ինչպէս Իրաքի մէջ, ՏԱՀԵՇի քաղաքական եւ ռազմական ոչնչացումով քրտական դերը իր վերջին շունչը կ՛առնէ նաեւ Սուրիոյ մէջ: Շատ հաւանական է, որ եթէ քիւրտերը ուզեն խուսափիլ իրենց իրաքցի քիւրտ եղբայրներուն ճակատագիրէն, պիտի ստիպուին գործակցիլ Ռուսիոյ հետ: Այսինքն քրտական ուժերը պիտի քաշուին Ռաքքայէն եւ Տէր Զօրէն, ապա բանակցութեան մէջ մտնեն սուրիական վարչակազմին հետ:

Իսկ Թուրքիա՞ն. Էրտողանի համար կարմիր գիծ է, որ ՔԱԿը իր սահմաններուն վրայ որեւէ ռազմական կորիզ ունենայ, եւ եթէ Ռուսիա եւ Իրան Թուրքիոյ մտահոգութիւնները հաշուի չառնեն, ապա Թուրքիան դարձեալ կրնայ օգտագործել Իտլիպի խաղաքարտը, որպէսզի նոր իրավիճակ մը ստեղծէ Սուրիոյ հիւսիսը, եւ հոս բախումը պիտի ըլլայ ոչ թէ Ռուսիոյ կամ Իրանի հետ, այլ՝ Միացեալ Նահանգներուն հետ: Թրքական արտաքին քաղաքականութիւնը, Էրտողանի ղեկավարութեամբ, դարձեալ «chekmate»-ի առջեւ գտնուեցաւ սուրիական ճատրակի խաղին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles