ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Քաղաքականութեան տէրը ժողովո՛ւրդն է: Ո՛չ իշխանութիւնը, ո՛չ ալ կուսակցութիւնները իրաւունք ունին խլելու քաղաքականութիւնը ժողովուրդին ձեռքէն եւ փորձել ուղղութիւն տալ անոր: Եթէ կ՛ուզենք նոր եւ առողջ ծնունդ տալ հայրենի քաղաքականութեան ու զարգացումին, ապա նախ պէտք է ընդունինք, որ քաղաքականութիւն ըսուածը հայ ժողովուրդի կեանքին կապուած՝ բնի՛կ հայկական նկարագիր մը ունի: Անիկա յատուկ է մեր իրականութեան, մեր առօրեայ յարաբերութիւններուն ու յատկապէս մեր հայրենի կեանքի զարգացումին: Երբ հայը հայուն հետ կը կապուի, կը խօսի գործէն, արուեստէն, կեանքէն՝ իր պարզութեամբ, միամտութեամբ, զգացումներով, խորքով ու շարժումներով, արդէն քաղաքականացումն է, որ կ՛ընթանայ ու կը մտնէ հարազատ իր միջավայրին մէջ: Հո՛ս է հնոցը եւ ներշնչումը քաղաքական զարգացումին: Հո՛ս է ազգային մեր գիտակցութիւնը, որ մեզ կը կապէ քաղաքական այս կեանքին, ու մենք կը սկսինք ըմբռնելու եւ արժեւորելու հայրենի ժողովուրդին բնական կեանքը՝ առօրեայ իր յարաբերութիւններուն մէջ:
Ազգային այս գիտակցութիւնն է, որ կը վերակառուցէ քաղաքականութիւն հասկացութիւնը ու իմաստ կու տայ անոր՝ ժողովուրդի կեանքին կապուած: Ամէնէն կարեւորը, քաղաքականութիւն բառը դուրս կու գայ իշխանութեան հետ կապուած արեւմտեան բառարանային սահմանումէն ու կը մտնէ հայ կեանքէն ներս՝ տարրալուծուած ու վերակառուցուած իր իմաստով: Կառուցողական ու դրական իմաստն է ասիկա քաղաքականութեան, որ ազատագրուած կ՛ըլլայ իշխանութենէն, շահագործման միջամտութիւններէն, դիւանագիտութենէն, խաբէութենէն եւ պատերազմէն:
Հետեւաբար, քաղաքականութիւն ըսուածը կը հասկնանք իր վերակառուցուած հասկացութեան մէջ եւ կապուած հայկական իրականութեան: Ծնունդ կու տանք հայրենի քաղաքականութեան, կը սահմանենք եւ կ՛ընդունինք, որ քաղաքականութիւնը պարզ ու յստակ, հայրենաբնակ ժողովուրդի քաղաքական եւ գիւղական կեանքն է: Այս կեանքին մէջ չկան եւ արժէք չունին իշխանութիւնը, անոր կառուցուածքը, դիւանագիտութիւնը, պետական կազմուածքը կամ շահամոլ ու շահագործող միջոցառումները, այլ կան ստեղծագործ, կերտող, կառուցող ու հետեւաբար՝ քաղաքականացա՛ծ հայեր: Քաղաքական արժէքը սովորական հայ անհատն է՝ իր առօրեայ կեանքով, իր յարաբերութիւններուն մէջ յարանորոգ ապրումներով ու ազգին եւ մարդկութեան հանդէպ իր անխախտ հաւատքով: Սովորական իր կեանքին մէջ հայ անհատը իշխանութենէն առաջ իր ապրուստը ունի իր միտքին մէջ, պետական որոշումէն առաջ՝ իր յարաբերութիւնը դրացիին հետ, համաշխարհայնականէն առաջ՝ տեղականը, դիւանագիտութենէն առաջ՝ քաղաքականը: Վերջին հաշուով, կեանքը իր աւանդութիւնը ունի եւ կը զարգանայ իր բնական ընթացքին մէջ: Քաղաքականութիւնը իշխանութենէն առաջ քաղաքացի է: Արեւմուտքէն եկած վրիպումներ են դիւանագիտութիւն եւ իշխանութիւն յղացքները քաղաքական մեր մտածողութեան մէջ:
Արեւմտեան կարծրատիպ ու նախապաշարուած մեկնաբանութիւններէն ձերբազատուած՝ քաղաքականութիւնը կը մտնէ իր բնատուր տարածքին մէջ: Ազատագրուած կ՛ըլլայ իշխանութեան եւ կուսակցութիւններու միակողմանի ու շահամոլ ազդեցութենէն, որոնք արդէն վաղուց անտեսած են քաղաքականացած հայը եւ մնացած են ընտրանիի, ժողովներու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու շռայլ սրահներուն մէջ: Տարօրինակ է, որ մենք տակաւին յոյս ունինք մենաշնորհեալ ընտրանիէն, ներառեալ իշխանութենէն, որ կազմաքանդէ մենաշնորհային համակարգը: Իշխանութիւնն ու կուսակցութիւնները շատոնց կորսնցուցած են այդ կարողութիւնը, կորսնցուցած են իրենց կապը քաղաքականութեան հետ, եւ ասոր համար ալ առիթ տուած են՝ «երկրում արտագաղթի դիրքորոշում ունեցող եւ այդ ուղղութեամբ ինչ որ քայլեր կատարող անձանց քանակը շատ բարձր» ըլլալուն, կամ՝ որ «Հայաստանից մեկնողների թիւը անհամեմատ գերարազանցէ ժամանողների թուին»: Ասիկա արդէն ապաքաղաքականացման դիպուկ երեւոյթ է, զոր յաճախ կը կարդանք հայրենի մամուլին մէջ:
Սփիւռքի մէջ նաեւ մեր երեւակայական եւ անհեթեթ համաշխարհայնացման միտքերով սկսած ենք տուայտելու ապաքաղաքական մտածողութեան մէջ եւ ազգային տեսիլք փնտռելու Սփիւռք-Հայաստան համաշխարհայնացած տարածքին մէջ, կամ՝ այսպէս ըսուած՝ անդրազգային հայու տիպար մը պատկերացնելու եւ քաղաքական զարգացման արժէք մը տալու անոր: Անտեսած ենք, թէ քաղաքականութիւն ըսուածը ներամփոփ եւ ներուժ զարգացումի գործն է ժողովուրդին համար: Անիկա կեա՛նքն է քաղաքացիին՝ իր յուզումներով, զուարճութիւններով եւ ստեղծագործութիւններով:
Իսկ եթէ քաղաքականացում կայ Սփիւռքի մէջ, ապա անիկա պէտք է փնտռել կազմակերպ եւ ներամփոփ գաղութներէն, կամ՝ այսպէս ըսուած՝ կեթոներէն ներս: Անոնք են քաղաքականացման հնոցները, ուր հայը կը գտնէ իր ազատ միջավայրը ու կը մտնէ քաղաքական կեանքէն ներս:
Հայ քաղաքական զարթօնքի թելադրանքն է ասիկա, ուր տակաւին չենք թեւակոխած ու չենք մտած այդ գործին մէջ: Փոխարէնը՝ ուժ տուած ենք համաշխարհայնացած հայու կամ անդրազգային հայու ներդրումին՝ աշխարհին հետ յարմարելու մտայնութեան: Պարտուած ենք մեր քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ համաշխարհայնացած ենք: Չենք կրցած առաջքը առնել փտախտին կամ արտագաղթին, որովհետեւ համաշխարհայնացած ենք: Տակաւին չենք անդրադարձած, որ հայ ժողովուրդի քաղաքականացման առաջին թշնամին համաշխարհայնացո՛ւմն է եւ անոր հետ եկող դատարկ դիւանագիտութիւնը:
Հայ քաղաքական միտքի յեղափոխական թելադրանքն է ասիկա, որ քաղաքական զարգացման տեսիլքը կը կեդրոնացնէ հայրենի ենթակառոյցին մէջ: Մեր ազգային փիլիսոփայութիւնն է ասիկա, որ խարսխուած է հայրենի ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ: Քաղաքականութիւն չկայ այդ կեանքէն դուրս: Հոն է, որ հայը կը գտնէ իր բնական կեանքը, ազգային գիտակցութիւնն ու զարգացման ընթացքը, եւ անկէ կը բխի համաշխարհայնացումը ու համամարդկայինի արժեւորումը: Աւելի դիպուկ խօսքով՝ ենթակառոյցէն կը սկսի երկրի կառուցումը, հետեւաբար նաեւ՝ արտագաղթի դէմ պայքարը, եւ բնականաբար նաեւ՝ ազգային զարգացման մեր ընթացքը: Հասկնալի չեն քաղաքական մեր ներկայ մեկնաբանութիւնները: Անհեթեթ է նաեւ քաղաքական մեր բառամթերքը: Կը գործածենք ապաքաղաքականացած բառեր, օրինակ՝ «ստատուս քուօ», «ռեսուրս», «ստանդարտ», նաեւ՝ «սփիւռքներ», սակայն առանց տեսնելու համակարգը: Անհեթեթութիւններու մէջ կը տուայտին քաղաքական մեր միտքերը: Վերջին հաշուով, հասկնալու համար մեր քաղաքականութիւնը, անհրաժեշտ է սկսիլ մեր խորքէն, ներսէն, մեր քաղաքի ու գիւղի կեանքէն եւ ընդունիլ, որ այդ կեանքէն դուրս գոյութիւն չունի քաղաքականութիւնը: Եթէ բռնենք այս միտքը, պիտի կարենանք նաեւ սկիզբ մը տալ մեր քաղաքականութեան, մեր պետականութեան, պիտի կարենանք ազատ, անկախ ու զարգացող հայրենիք մը ունենալ հայ գիւղացիին եւ քաղաքացիին համար:
Եթէ բռնենք այս քաղաքականութիւնը, արդէն ոստում մը առած կ՛ըլլանք դէպի կառուցում եւ երկրի զարգացում: Կ՛ազատագրենք ժողովուրդը իշխանութենէն, մինչեւ որ քաղաքականանայ ա՛ն, եւ կը ձերբազատուինք նաեւ լալկան յօդուածներէ: