Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Հարաւային Կովկասը՝ Թեհրանէն Դիտուած

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

 

0811yeghiatashjianՊատմութեան մէջ Հարաւային Կովկասը միշտ ալ եղած է մեծ կայսրութիւններու ռազմադաշտը: Շրջանը վերջին 200 տարիներուն դարձաւ Ռուսիոյ, Օսմանեան կայսրութեան (Թուրքիոյ) եւ Իրանի հակամարտութիւններուն կեդրոնը: Անիկա ո՛չ միայն նշանաւոր է իր քարիւղի հանքերով, այլ նաեւ ունի ռազմավարական նշանակութիւն, որովհետեւ կը միացնէ Միջին եւ Փոքր Ասիաները: 1828ին վերջ գտաւ ռուս-պարսկական պատերազմը, եւ Թուրքմենչայի դաշնագիրով շրջանը անցաւ ցարական Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ:

Համաշխարհային Ա. պատերազմին Օսմանեան կայսրութիւնը փորձեց ամէն ջանք ի գործ դնել՝ ճամբայ բանալու դէպի Պաքու եւ այդտեղէն ալ դէպի Կեդրոնական Ասիոյ թրքաբնակ շրջանները: 1918ին, երբ Ատրպէյճան իր անկախութիւնը հռչակեց, Պարսկաստանը չճանչցաւ զայն, իսկ 1919ի Փարիզի վեհաժողովին պարսկական պատուիրակութիւնը պահանջեց Ատրպէյճանի կցումը Պարսկաստանին: Շատ քիչ բան գիտենք այդ ժամանակաշրջանի հայ-պարսկական յարաբերութիւններուն եւ այս հարցին գծով Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումին մասին: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ արցախեան տագնապի բռնկումէն անմիջապէս ետք, սկզբնական շրջանին Իրանի դիրքորոշումը հայամէտ չէր: Սկզբնական այդ շրջանին Իրան զինամթերք հայթայթեց Ատրպէյճանին, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական եւ իրանեան երկու բանակները հիմնեցին պաշտպանութեան միացեալ կեդրոն: Այս քայլը ունէր իր կրօնական բնոյթը եւ միաժամանակ թելադրուած էր իրանեան ներքին ապահովական խնդիրով:

Իրան կը հաւատար, որ Ատրպէյճանի միջոցով կարելի պիտի դառնար իր շիիական յեղափոխական գաղափարախօսութիւնը տարածել Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ իսլամական նորաստեղծ հանրապետութիւններուն մէջ, սակայն, միւս կողմէ, մտահոգ էր, որ Իրանի մէջ ապրող շուրջ 15 միլիոն ատրպէյ-ճանցիները կրնան ներքին ապստամբութեան դիմել, այդ պատճառով ալ իրանեան վարչակարգը ատրպէյճանամէտ քաղաքականութիւն կը վարէր:

Սակայն այս քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, երբ թրքամէտ Ապուլֆազ Էլչիպէյ Ատրպէյճանի նախագահ դարձաւ: Ապուլֆազ Էլչիպէյ, համաթուրանական գաղափարներով տարուած, կոչ ուղղեց Իրանի ատրպէյճանցիներուն՝ օգնութեան հասնելու Ատրպէյճանի Հանրապետութեան իրենց եղբայրներուն եւ ստեղծելու «Միացեալ Ատրպէյճան» մը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ «Հարաւային Ազրպէյճան»ը (հիւսիսային Իրան): Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը ազգայնամոլական Գորշ գայլեր շարժումին միջոցով կը փորձէր հրահրել համաթուրանական ազգայնականութիւնը հիւսիսային Իրանի մէջ: Հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան իր «Ղարաբաղեան Օրագրութիւն» խորագիրով գիրքին մէջ կը նշէ, որ 1992ի Ապրիլին Թեհրանի մէջ ուսանողական մեծ ցոյց մը կազմակերպուեցաւ Հայաստանի դեսպանատան առջեւ, ցոյցին մասնակիցները կը բացագանչէին՝ «Հայկական ֆաշականութիւնը՝ դո՛ւրս«, «Բռնատէրը՝ դո՛ւրս»: Ցուցարարները քոքթէյլ մոլոթով նետեցին դեսպանատան վրայ, եւ ոստիկանութիւնը հազիւ կրցաւ իրավիճակը իր վերահսկողութեան տակ առնել: Թամազ Փափուաշվիլի իր «Ատրպէյճան-Իրան Յարաբերութիւնները» խորագրեալ յօդուածին մէջ (22 Փետրուար 2017) կը նշէ, որ Թաւրիզի մէջ ատրպէյճանցիները հակահայ թռուցիկներ կը բաժնէին, եւ իրանեան ոստիկանութիւնը տարածուած էր հայկական թաղերը, որպէսզի պաշտպանէ շրջանը որեւէ յարձակումէ: Այս դէպքերէն ետք Իրանի քաղաքականութիւնը աստիճանաբար փոխուեցաւ հայ-ատրպէյճանական տագնապին գծով:

 

«ԹՇՆԱՄԻԻՍ ԹՇՆԱՄԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄՍ Է»

 

0811yeghyatashjian1Իրանի համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեւոր ռազմավարական կեդրոն է շրջանին մէջ՝ հակառակ քաջ գիտակցելուն, որ վտանգաւոր քայլ կ՛առնէ քրիստոնեայ Հայաստանին մօտենալով, նաեւ՝ գիտնալով հանդերձ, որ իր սահմաններուն մէջ 15 միլիոն ատրպէյճանցի կը բնակի: Թեհրան Երեւանի հետ սերտ յարաբերութիւն մշակելով՝ ցոյց տուաւ աշխարհին, թէ հակառակ անոր որ կրօնական վարչակարգ ունի, սակայն կը հաւատայ երկխօսութեան եւ բարեկամական կապեր կ՛ուզէ հաստատել քրիստոնեայ Արեւմուտքին հետ. փաստը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր յարաբերութիւններն են: Իսկ Երեւանի համար Իրան ճամբան է դէպի Արեւելքի շուկաները: Երբ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան շրջափակումի ենթարկեցին Հայաստանը, Երեւան կրցաւ շունչ առնել Իրանի ճամբով: Ատրպէյճան սկսաւ երբեմն Թուրքիոյ, երբեմն ալ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ մօտենալ Իսրայէլին, իսկ Իսրայէլի համար ասիկա հսկայ առիթ մըն էր՝ Իրանի սահմանին մօտ զինուորական խարիսխ մը ունենալու: Ատրպէյճան, որուն բնակչութեան 70 առ հարիւրը կը պատկանի իսլամական շիի համայնքին, սակայն աշխարհիկ պետութիւն մըն է, կարեւոր դեր կը խաղայ Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութեան մէջ՝ շրջանին մէջ իրանեան թափանցումը արգելակելու իմաստով: Ատրպէյճանի համար ալ Իսրայէլը ունի ռազմավարական կարեւորութիւն: Ատրպէյճանի շնորհիւ Իսրայէլ դարձաւ Ռուսիոյ զինուորական մրցակիցը սպառազինութիւններու վաճառքին մէջ, Ատրպէյճան կը ձգտի Ռուսիոյ նկատմամբ իր զինուորական կախեալութիւնը նուազեցնել եւ ռուսական զէնքերը փոխարինել իսրայէլեան զէնքերով:

Ըստ Ռահիմ Ռահիմովի «Հայաստան-Իրան ընդդէմ Ատրպէյճան-Իսրայէլի. Ո՞ւր է Ռուսիան» խորագրեալ յօդուածին (30 Յունուար 2017)՝ Ատրպէյճան իր զէնքերուն 85 առ հարիւրը կը գնէ Ռուսիայէն: Ռուսիա մտահոգ է, որ Իսրայէլի օգնութեամբ Ատրպէյճան խախտէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը Կովկասի մէջ: Այստեղ Ռուսիոյ եւ Իրանի շահերը իրարու կը համընկնին շրջանին մէջ իսրայէլեան ներթափանցումը չէզոքացնելու իմաստով: Սակայն ասիկա կատարելու համար Ռուսիա Ատրպէյճանին սպառազինութեան իր մատակարարումին քանակը աւելի բարձրացուց, եւ ասիկա դժբախտաբար կը կատարուի Հայաստանի հաշուոյն: Վերջերս իսրայէլացի բարձրաստիճան նախարարներու Հայաստան այցելութիւնը եւ անոնց այն յայտարարութիւնը, որ Իսրայէլ նաեւ պատրաստ է զէնք մատակարարելու Հայաստանին, աւելի եւս կը խորացնէ ռուսական մտահոգութիւնը շրջանին մէջ:

Ատրպէյճանի համար նաեւ կարեւոր է Իսրայէլի հետ ռազմավարական յարաբերութիւններ ունենալը, որպէսզի Ամերիկայի հրէական լոպին օգտագործէ հակահայ նպատակներով՝ կասեցնելու համար Արցախի ի նպաստ Հայ Դատի աշխատանքները Քոնկրեսին մէջ: Զարմանալի չէ այս իմաստով, որ վերջերս կը կարդանք Միացեալ Նահանգներու մէջ հրեայ լրագրողներու կողմէ գրուած հակահայկական բնոյթի յօդուածներ: Իսրայէլ-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը իր պտուղները տուաւ, երբ 2012ին Ատրպէյճան ստորագրեց 1.6 միլիառ տոլար արժողութեամբ սպառազինութեան վաճառքի համաձայնագիր մը, որուն մէջ կային նաեւ հակաօդային հրթիռներ եւ առանց օդաչուի օդանաւեր գնելու վերաբերեալ կէտ:

Դեկտեմբեր 2016ին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այցելեց Ատրպէյճան եւ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: 6 ժամ տեւած այս հանդիպման ընթացքին կազի, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ զինուորական մարզերուն վերաբերող համաձայնութիւններ ստորագրուեցան: Ըստ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաձայնագիրին՝ Իսրայէլ զէնք եւ ապահովական սարքաւորումներ պիտի տրամադրէր Ատրպէյճանին: Իսրայէլի համար այս համաձայնութիւնը կը բխի «Թշնամիիս թշնամին բարեկամս է» կարգախօսէն: Անշուշտ Իրան այս բոլորին զգուշութեամբ կը հետեւի, եւ հեռու չէ այն օրը, երբ Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 1997ի նման դիւանագիտական բախում մը պատահի Կասպից ծովուն շուրջ: Յիշեցնենք այստեղ, որ երբ 2012ին լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Իրանի հիւլէական ծրագիրին հարցով, Թեհրան մեղադրեց Ազրպէյճանը այն ամբաստանութեամբ, որ Իսրայէլին տրամադրած է զինուորական օդակայան մը՝ հարուածելու համար Իրանի հիւլէական կայանները, իսկ 2014ին իրանեան սահմանային ուժերը վար առին իսրայէլեան առանց օդաչուի լրտեսական օդանաւ մը, որ օդը բարձրացած էր Ատրպէյճանի տարածքներէն: 2012ին Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուեցան 22 կասկածելի անձեր, որոնք ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, կը պատկանէին իրանեան Յեղափոխութեան պահակագունդին եւ ամբաստանուած էին Պաքուի մէջ ամերիկեան  եւ իսրայէլեան թիրախներ հարուածելու յանցանքով:

Սակայն այս բոլորէն Հայաստան ինչպէ՞ս կրնայ օգտուիլ:

 

ԲԱԺՆԷ ԵՒ ԻՇԽԷ

 

Կայսերապաշտ Անգլիա այս նշանաբանը ստեղծողներէն մէկն էր: Եթէ թշնամիիդ չես կրնար ռազմականօրէն յաղթել, ապա փորձէ ներքին պառակտումներ յառաջացնել անոր երկրին մէջ: Կը յիշեմ, որ երբ 2015ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին ճաշասեղանի շուրջ կը խօսէինք յաջորդ խորհրդաժողովի վայրին մասին (անիկա տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ), ժողովակիցներէն մէկը ըսաւ՝ «Չեմ կրնար, Ատրպէյճանի մէջ ընտանիք ունիմ», ապա ինծի նայեցաւ եւ ժպտելով ըսաւ՝ «Բայց լեզգի եմ»: Ժողովէն ետք երկխօսութեան մտայ անոր հետ, եւ հետաքրքրական էր, որ արցախեան ազատագրական պայքարին ժամանակ լեզգիներն ալ, ոգեւորուած, նոյնպէս ունեցած են իրենց ազատագրական պայքարը: Լեզգիներուն հայրենիքը Լեզգիստանն է, որ կը գտնուի Ատրպէյճան-Ռուսիա սահմանին մօտ, անոնք ունին իրենց «Լեզգիներու ազգային շարժում» կազմակերպութիւնը, որ կը կոչուի «Սատվալ»: 1992ին անոնց ղեկավարները ձերբակալուեցան եւ աքսորուեցան: Ատրպէյճանական աղբիւրները կը պնդեն, որ Հայաստանի գաղտնի սպասարկութիւնը այս շարժումի հիմնադրութեան եւ կազմակերպումին մէջ հիմնական դեր ունեցած է: Լեզգիները իրենք զիրենք կը սեպեն բնիկ կովկասցիներ (կովկասեան ալպանացի), ժամանակին եղած են քրիստոնեայ, ապա հաւատափոխ դարձած եւ իսլամութիւնը ընդունած են:

Նոյնպէս ազգային-ազատագրական պայքար կար նաեւ Ատրպէյճան-Իրան սահմանին վրայ, ուր 1993ին հռչակուեցաւ Թալիշ-Մուղան հանրապետութիւնը, որ հազիւ 2 ամիս գոյատեւեց: Թալիշները շատ աւելի ազգայնական են, քան՝ լեզգիները, եւ մինչեւ օրս Եւրոպայի տարածքին ունին փոքր գաղութներ ու իրենց դատը կը հետապնդեն: Անոնք արցախեան ազատագրական պայքարը միշտ օրինակելի կը տեսնեն, եւ անոնց ղեկավարները կը վկայակոչեն այս կէտը:

Հակառակ անոր, որ Ատրպէյճանի բնակչութեան 70 առ հարիւրը շիի դաւանանքին կը պատկանի, սակայն պետութիւնը հալածանքի կ՛ենթարկէ շիի կրօնաւորները եւ մտահոգ է իրանեան ազդեցութենէն: 2015ին ատրպէյճանցի ոստիկանները ձերբակալեցին եւ բանտարկեցին շիի կրօնաւոր Թալեհ Պաղիր-Զատէն, որ ուսանած է Իրանի մէջ, եւ հակառակ իր երիտասարդ ըլլալուն՝ շատերուն համար մեծ ազդեցութիւն ունի եւ ղեկավարած է Նարտարանի հակակառավարական ցոյցերը: Նարտարան գիւղը, որ կը գտնուի Պաքուի մօտ, կը նկատուի շիի կրօնամոլներուն կեդրոնը, ուր հազարաւոր շիիներ ամէն տարի կ՛ոգեկոչեն Քարպալայի ողբերգութիւնը:

Ատրպէյճան նաեւ մտահոգ է Իրանի Մշակութային կեդրոնէն, որ կը պատկանի իրանեան դեսպանատան եւ անոր անդամները դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունին: Կեդրոնը հսկայական աշխատանք կը տանի տարածելու իրանեան մշակոյթը եւ կրօնական ազդեցութիւնը Ատրպէյճանի մէջ: Այս բոլորին դիմաց Ատրպէյճան կը քաջալերէ սալաֆական շարժումը, որուն կեդրոնը Պաքուի մէջ գտնուող Ապու Պաքր մզկիթն է: Վերջերս բազմաթիւ սիւննի ատրպէյճանցիներ անդամակցած էին ՏԱԷՇ ահաբեկչական խմբաւորումին։ Ատրպէյճանցի սալաֆականներու ղեկավարն է Կամեթ Սուլէյմանով, որ ուսանած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Իրան նաեւ մտահոգ է Պաքուի մէջ վերջինիս գործունէութենէն:

2013ին, Իրանի ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան կոմիտէի փոխնախագահ Մանսուր Հաքիքաթփուր յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը պէտք չէ մոռնայ, որ Ատրպէյճանի մէջ կան 17 շրջաններ, ներառեալ՝ Պաքուն, որոնք կը պատկանին Իրանին: Այս յայտարարութիւնը եկաւ իբրեւ արձագանգ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած «Հարաւային Ատրպէյճանի ազգային-ազատագրական շարժման» նուիրուած վեհաժողովին, որ հովանաւորուած էր Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ:

 

ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

 

Ներկայ դրութեամբ, Հայաստանի համար կարելի չէ Ատրպէյճանին ռազմականօրէն յաղթել, նաեւ Իրանի համար կարելի չէ Ատրպէյճանի մէջ որեւէ անջատողական շարժում քաջալերել, որովհետեւ կրնայ վտանգուիլ Իրանի ներքին կայունութիւնը, սակայն Իրան Հայաստանի միջոցով կրնայ ատիկա իրագործել: Այստեղ Հայկական Սփիւռքն ալ իր դերը պէտք է ունենայ՝ գործակցելով լեզգի եւ թալիշ ազատագրական շարժումներուն հետ: Հայաստանի համար ռազմավարական գործօն է Ատրպէյճանի մէջ ունենալ դաշնակիցներ, եւ մինչ Իրան կրօնական եւ մշակութային թափանցում կ՛ունենայ Ատրպէյճանի մէջ, Ալիեւի վարչակարգը կրնայ դժուար փուլի առջեւ յայտնուիլ: Այսօր Հայ Դատը չի սահմանափակուիր միայն հայկական իրավիճակով: Շրջանին մէջ դաշնակիցներու կարիքը ունինք: Անշուշտ ռուսական դիրքորոշումը կարեւոր է այս հարցին մէջ, սակայն Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն ապահովութիւնը ամէն բանէ վեր է: Ռազմավարական օրէնք է՝ «պաշտպանուելու ամէնէն լաւ ձեւը յարձակողական ըլլալն է»:

 

Yeghia.tash@gmail.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles