Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ազգայնականութենէն Անդին. Գործօն Հայրենասիրութեան Դերը Պետականութեան 100ամեակի Նախօրէին

$
0
0

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

 

 

Սոյն գրութեան անգլերէն բնագիրը լոյս տեսած է «Արմինիըն Ուիքլի»ի մէջ: Սոյն յօդուածը հայոց պետականութեան 100ամեակին նուիրուած շարքի առաջին յօդուածն է:

Վարագ Գեթսեմանեան

Վարագ Գեթսեմանեան

Անցաւ Մայիս 28 մը եւս, եւ հայերը նշեցին Հանրապետութեան տօնը. այն օրը, երբ Հայաստանը դարձաւ հանրապետութիւն եւ ստեղծուեցաւ 1918ի ժամանակակից հայկական պետութեան նմոյշ՝ 1375ին Հայոց պետականութեան կորուստէն ի վեր:

 Այս տարի լրացաւ Հայաստանի անկախութեան 99ամեակը: Հակառակ մեր բազմադարեայ պատմութեան մէջ փոքրիկ անկիւնադարձ մը ըլլալուն՝ անիկա կարեւոր հանգրուան է քննադատական անդրադարձի համար: Այդ մէկը փորձ մըն էր միաժամանակ ստեղծելու ֆիզիքական հայկական պետականութիւն եւ հաստատելու այն ժամանակուան համար հնարաւոր լաւագոյն կառավարութիւնը:

Այդ ժամանակէն ի վեր, ինչպէս եւ 2017ին, Հայաստանը պատմական խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով անցում կատարեց նոր սահմանադրութեամբ ամրագրուած խորհրդարանական ժողովրդավարութեան: Թէեւ ընտրութիւնները ժամանակ առ ժամանակ կը պղտորէին քուէներու գնման եւ միջամտութեան դէպքերով, քուէարկութեան խախտումներու եւ կեղծիքներու վերացման նպատակով ներդրուած թեքնիք (արհեստագիտական-Խմբ.) լուծումներն ու ընթացակարգերը կարծես թէ բարելաւած են ընտրական չափանիշները, մինչ Հայաստան կը շարունակէր կաղալ յետ-խորհրդային անցումային շրջանին:

Մինչ սփիւռքահայ համայնքներուն մեծ մասը զբաղած էր «Խոստումը» (The Promise) ֆիլմի քարոզարշաւով, Երեւանի մէջ, Ապրիլին տեղի ունեցաւ աննախադէպ համաժողով, որ կ՛անդրադառնար վերջին ժամանակներուն Հայաստանի քաղաքական բառապաշարին մէջ նոր թափ ստացած քաղաքական տեսլականին. խօսքը «Ազգ–Բանակ»ի մասին է (A Nation in Arms/Das Volk In Waffen).

Այս առումով, կարծես գոյութիւն ունի սխալ ուղղորդուած զայրոյթ, մեծ խառնաշփոթ եւ որոշակի անտարբերութիւն, մինչ անիկա անցում կը կատարէ Ցեղասպանութեան յաջորդ դար եւ կանգնած է հաստատուն ու կայուն պետականութեան մարտահրաւէրներուն առաջ:

Յօդուածին մէջ հեղինակներուն նպատակն է անդրադառնալ 21րդ դարուն հայկական քաղաքական մտքի որոշ առանցքային հարցերուն. ի՞նչ նշանակութիւն ունի Մայիս 28ը հայերուն համար՝ Հայաստանի վերանկախացումէն 26 տարի ետք: Արդեօք արդի հայկական ինքնութեան հիմքին մէջ առկա՞յ է ազգայնականութեան մէջ մատնանշուող դարաւոր թուրք–ատրպէյճանական գոյաբանական սպառնալիքը:

Արդեօք Հայաստանը ձախո՞ղ պետութիւն է: Կամ արդեօք անիկա աւելի՞ խորքային խնդիրներ ունի օրակարգի վրայ, ինչպիսիքն են «յետ-խորհրդայինէն» «հայկական պետութիւն» դառնալու անցումային պայքարը, մինչ հայերը կը դիմակայեն պետականութեան մարտահրաւէրները:

Երկու հեղինակներն ալ մեծցած են լիբանանահայ համայնքին մէջ, ուր Մայիս 28ը միշտ սիրուած տօն էր, քանի որ յոյսի եւ վերածնունդի զգացողութիւն կը ներշնչէր:

Րաֆֆի Արտալճեան

Րաֆֆի Արտալճեան

Պէյրութի Համազգայինի Ն. Փալանճեան ճեմարանին մէջ (ուր յաճախած են այս յօդուածին հեղինակները) պատրաստուած են հայ հասարակական գործիչներու եւ մտաւորականներու սերունդներ, որոնցմէ է դոկտոր Վարդան Գրիգորեան («Քարնըկի» հիմնարկի նախագահ): Նախկին տնօրէններ Լեւոն Շանթի (Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ) եւ Սիմոն Վրացեանի (առաջին հանրապետութեան վերջին վարչապետը) արձանները սփիւռքահայ սերունդներու համար յոյսի մշտական յիշեցում էին:

Յոյսի զգացումը, որուն կրցան հասնիլ հանրապետութեան հիմնադիր սերունդը, կը հակադրուի այսօրուան իրականութեան: Սփիւռքի մէջ շատերուն համար անկեղծօրէն պղտոր է հայութեան՝ պետականութեան շուրջ նկրտումներու ապագան:

1860ականներէն ի վեր հայութեան առ պետութիւն եւ առ պետականութիւն ճանապարհը պատուած է փուշերով՝ Ցեղասպանութիւն, խորհրդայնացում, 1930ականներու պոլշեւիկեան բռնաճնշումներ, Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի հսկայական կորուստներ եւ վերջին շրջանին՝ շրջափակում ու պատերազմ Ատրպէյճանի դէմ:

Սակայն հայկական հանրապետութեան համար իրավիճակը աւելի վատթարացաւ 1991էն ի վեր. Հայաստանի բնակչութեան մէկ երրորդը հեռացաւ հայրենիքէն՝ հիմնականօրէն պետական տնտեսութեան ապաարդիւնաբերականացման եւ գործազրկութեան մակարդակի բարձրացման հետեւանքով: Միւս կողմէ, Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ հայկական ինքնութիւնը կարծես յայտնուած է ձուլման վտանգին դէմ յանդիման, իսկ ոմանք ալ կը ձգտին դէպի երբեմնի հարազատ էթնոկրօնական (ազգային-կրօնական-Խմբ.) ինքնութիւնն ու համայնքները: Այս երեւոյթ մըն է, որ այսօրուան դրութեամբ նոր թափ առած է տեխնոլոկիաներու (արհեստագիտութիւններու-Խմբ.) եւ կլոպալացման (համաշխարհայնացման-Խմբ.) շնորհիւ՝ համայնքները վերածելով զանազան տեսակի ենթամշակոյթներու եւ հեռացնելով յետ-Ցեղասպանութեան սերունդի հայոց «հաւաքական գործակալութենէն»:

Այնպէս կը թուի, թէ մարդկութիւնն ու կլոպալացումը հայերուն աւելի շատ հաղորդակցելու հնարաւորութիւն կը տրամադրեն, քան ինքը՝ նորաստեղծ ազգ–պետութիւնը, եւ կլոպալ հայերը կարծես աւելի շատ կը հակին տեղական հայկական էթնիկ (ազգային-Խմբ.) պարտաւորութիւններու, քան՝ բազմաբնոյթ սփիւռքեան զբաղումներու: Տեղաբնիկները սփիւռքահայերէն կը տարբերին անով, որ անոնց տեսլականները «բազմաբնոյ»չ չեն, եւ իրենց բազմաբնոյթ ինքնութիւնը չեն կապեր այլուր ապրող հայերու, ինչպէս նաեւ հայրենիքի հետ երեւակայական յարաբերութիւններով:

Բացի այդ, հայերը կարծես ժխտականօրէն կը յարին դէպի «անհատական գործակալութեան» տիրոյթ, քանի որ շատերը ի վիճակի են աւելի շատ վայրերու մէջ կլոպալ աշխատելու: Բայց արդեօք մարդկութիւնը չափազանց շատ ու բազմազա՞ն է, որպէսզի իմաստալից հաղորդակցում ապահովէ փոքրաթիւ հայ ազգի անդամներուն համար: Արդեօք տեղական, էթնոկրօնական համայնքները բաւարա՞ր են անդրազգային ազատականութեան եւ բազմամշակութային ճնշումներուն հակազդելու համար: Արդեօք որեւէ քաղաքական կապուածութիւն չունեցող «թուղթով հայերը» (Հայաստանի մէջ կամ դուրս) բաւարա՞ր են՝ ապահովելու ազգային պետութեան հետագայ զարգացումը պետականութեան 100 տարիներէն ետք: Թէեւ դժուար է պատկերացնել կատարեալ հասարակութիւն, մենք կը համարենք, որ Հանրապետութեան օրուան առթիւ նպատակայարմար կ՛ըլլայ ներկայացնել հայ հասարակութեան վերաբերող առանցքային հարցեր:

0802nationalismԳաղափարախօսական տեսանկիւնէն, հայեացք նետելով վերջին քառորդ դարու հայ ազգայնականութեան, կարելի է ըսել, որ անիկա ինքնին անբաւարար է ազգ–պետութիւն գաղափարախօսութեան հիմնական նպատակներու ստեղծման համար: Հայ ազգայնականութիւնը հիմնականօրէն չկրցաւ՝

– Ստեղծել կայուն ազգային տնտեսութիւն.

– Ստեղծել պատշաճ կառավարում, որ միաւորէ Հայաստանի համայնքներն ու մարզերը Երեւանէն եւ Սփիւռք(ներ)էն դուրս.

– Ստեղծել նուազագոյն ազգային քաղաքական մշակոյթ (համընդհանուր արժեհամակարգ եւ հայկական աշխարհայեացքներու համակարգ) եւ նոյնականացում ամբողջ ազգի, ինչպէս նաեւ՝ Սփիւռք(ներ)ին համար.

– Ամէնէն կարեւորը, մեր կարծիքով, չէ յաջողած ստեղծել արդիւնաւէտ կառավարում, որ ականջալուր ըլլար քաղաքացիներու կարիքներուն: Կառավարում, որ միւս երկիրներէն սորվէր մշակել քաղաքականութիւն եւ իր երկարաժամկէտ բլանաւորման (ծրագրաւորման—Խմբ.) ու կատարման մէջ օգտագործէ տուեալներ եւ սցենարներ (բեմագրութիւններ-Խմբ.):

Մինչ նոր ինքնութիւններ նկարագրելու կամ յառաջ մղելու համար կը կիրառուին հայ «անդրազգ», իսկ այժմ նաեւ «կլոպալ հայ» (ի դէմս Ռուբէն Վարդանեանի՝ ի շարս այլոց) հասկացութիւնները, իրականութեան մէջ, կարծես չկայ հիմնարար հաւաքական, ազգային ինքնութիւն, որ կրնայ «հաւաքական գործակալութեան» աղբիւր հանդիսանալ ճգնաժամերու պարագային կամ ծառայել որպէս ազգային տեսլական:

Մեր կարծիքով՝ յետ անկախութեան համախմբման միակ իրական կոչը եղաւ 2016ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին, երբ աշխարհասփիւռ հայութիւնը զգաց կարճաժամկէտ, ծանօթ գոյութենական վտանգ: Հայերու կլոպալացումը այսօր կրնայ պահանջել նոր սկզբունքներու վերակառուցում՝ հայրենիքի մէջ եւ անդին ազգի «լաւագոյնն ու պայծառագոյնը» ոգեւորելու համար: Անիկա կրնայ պահանջել, որ բազմաբնոյթ ինքնութիւնները կապակցուին իրենց բնակավայրին ու հայրենիքին՝ համատեղելով անդրսահմանային, միջսահմանային մշակոյթը, քաղաքականութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը, ընդգրկելով հայերու աւելի ստուար հատուած, քան Հայաստանի շարունակաբար նուազող երկու միլիոն քաղաքացիները (որոնց 35 տոկոսը դեռեւս յետ-խորհրդային աղքատութեան թակարդին մէջն է) կամ Սփիւռքի ենթամշակոյթներու որեւէ փոքրիկ էթնօկրօնական համայնքը:

Հեղինակները կը հաւատան, որ գոյութիւն ունեցող գաղափարական ունայնութեան այլընտրանք կրնայ հանդիսանալ հայ սահմանադրական հայրենասիրութեան քաղաքացիական ձեւերու աստիճանական զարգացումը՝ որպէս ազգ–պետութեան եւ անոր սփիւռքներու արժեհամակարգ: Ի՞նչ կը նշանակէ հայրենասիրութիւն: Ըստ Ռոն Փոլի (ամերիկացի փոփուլիստական (ժողովրդական-Խմբ.) գաղափարախօս)՝ «Հայրենասէրը այն անհատն է, որ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ պատրաստ է կանգնելու իր իսկ իշխանութեան դէմ, երբ վերջինս սխալ է»: Հայ ինքնութեան պարագային հայրենիքի հետ կապը պէտք է ի յայտ գայ ոչ միայն արտաքին սպառնալիքներու առկայութեան պարագային, այլեւ պէտք է առաջնորդուի ընդհանուր խորքային սոցիալական (ընկերային-Խմբ.) արժէքներով, որոնք կրնան արդիւնաւէտ եւ ներառական աշխատանքի համար աւելի համակողմանի հարթակ ապահովել: Մենք զայն կը կոչենք «հայկական արժեհամակարգ»:

0802nationalism3Մենք այս յօդուածով կը պնդենք, որ 21րդ դարու արագ փոխուող իրողութիւններու պայմաններուն մէջ, հայկական քաղաքական միտքը ընդհանուր առմամբ պէտք է վերափոխուի՝ դառնալով «հայկական արժեհամակարգ»ի պաշտպանը: Քաղաքագէտ Իրինա Ղափլանեան այս մէկը կ՛անուանէր «իմաստի ստեղծում», որ կրնայ նաեւ նշանակել ձեւակերպել, թէ ինչի՛ն կը յանգեցնեն ազգակերտման զարգացման նոր գործընթացներն ու կառոյցները չափանշային ընկալումէն անդին: Եթէ հայ ազգը որպէս առաջնային քաղաքական միջոց կը պատրաստուի անցեալին թողել իր յետ-խորհրդային ինքնութիւնը, որպէսզի պահպանէ անդրազգի առաջընթացը, ապա հայ քաղաքական միտքը առնուազն պէտք է աւելի լաւ ձեւակերպումներ առաջարկէ «իմաստալից հայկական արժէքներ եւ ճակատագիրի զգացում» հասկացութիւններուն համար:

Մենք կը կարծենք, որ այդ արժէքները պէտք է պարունակեն շատ աւելին՝ քան այն, ինչը կ՛անտեսուի արդի հայ ազգայնականութեան մէջ. այդ արժէքները պէտք է դուրս գան զուտ ազգային աւանդոյթներէն եւ ծիսակրօնական նորմերու (կանոններու-Խմբ.) սահմաններէն (այո՛, մեր եկեղեցին ծիսական է եւ ոչ միշտ՝ հոգեւոր) եւ անդրադառնան Հայաստանի քաղաքացիներու եւ սփիւռքահայերու վրայ ազդեցութիւն ունեցող համապատասխան տնտեսական ու սոցիալական քաղաքականութիւններուն, ինչպէս վարուեցան այլ փոքր ազգ–պետութիւնները՝ սկանտինաւեան երկիրները, Սինկափուրը եւ նոյնիսկ Տուպայը:

Այսօրուան փոփպուլիստական-ազատական-ազգայնական օրակարգէն դուրս մնացեր են հայ հասարակութեան սոցիալական եւ կառուցուածքային հիմնահարցերը: Անոնք կը ներառեն քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ հետապնդումները, հայ կանանց խնդիրները եւ, ամէնէն կարեւորը, ֆինանսական անհաւասարութիւնն ու աղքատներու հիմնախնդիրը:

Այսօրուան Հայաստանի միւս խնդիրը, որ կը մտահոգէ հեղինակները, Հայաստանի վերնախաւի (որոնցմէ նաեւ՝ ինքնաբաւ սփիւռքահայերու) յաճախ տխրահռչակ լիիրաւութեան զգացումն է, որ Հայաստանը կը դիտարկէ որպէս անձնական կտաւ ու փորձադաշտ: Հասարակական կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ՝ կրթութենէն մինչեւ մշակոյթ եւ գործարար ոլորտ, երթալով աւելի յաճախ ականատես կ՛ըլլանք «ոչ-ներառական էլիտար (վերնախաւին վերաբերող-Խմբ.) եւ յաճախ բացառական միտումներու»: Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ կարծես վերնախաւը սեփական համակարգը պարտադրեր է հասարակութեան՝ ունեւորներու եւ չունեւորներու միջեւ: Ունեւորները իրենց լիազօրուած կը համարեն վերահսկելու քաղաքականութեան, գործարարութեան, երկրի կառավարման, ինչպէս նաեւ ապագայի Հայաստանը ձեւաւորելու- կազմաւորելու փորձերուն: Իսկ միւսները պարտաւոր են ծառայելու բանակին, քաջալերողի դեր խաղալու, հանդէս գալու որպէս օգնականներ-բանուորներ կամ ըլլալ ծայրայեղ աղքատ:

Հեղինակները այստեղ աւելի քիչ կը մտահոգեն տնտեսական հաւասարութեան յարաբերական տարբերութիւնները, քան անոնց հետ կապուած արդարացիութիւնը, արդիւնաւէտութիւնն ու հնարաւորութիւնները:

0802nationalism5

1918ի Առաջին հանրապետութիւնը, կարճ ժամանակ կառավարուելով՝ այն ժամանակ «կեդրոնական ձախ կուսակցութիւն» Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) կողմէ, իր ժամանակին մէկ կուսակցութեան կամ հասարակական դասի մենաշնորհ չէր: Կարելի է պնդել, որ անիկա, ըստ էութեան, շատ առումներով յառաջադէմ ամրոց էր. անիկա տուած է դիւանագիտութեան նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին կին դեսպանը՝ Տիանա Աբգարը: Մենք չենք սկսիր մեկնաբանելու այսօր Հայաստանի մէջ կանանց իրաւունքները, որովհետեւ վերջերս լրատուամիջոցներուն մէջ շատ բան լուսաբանուած է: Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ կարծես միասնաբար յետընթաց ապրած ենք:

Գործնականօրէն հեղինակները կը կարծեն, որ հայոց յաջորդ գաղափարական պատերազմը պիտի չծաւալի ազգայնական դաշտի վրայ կամ նոյնիսկ հայերու սիրտերուն ու միտքերուն մէջ: Այդ կռիւը պիտի ըլլայ կոշտ փաստերու դէմ, որ պատասխաններ կու տան այնպիսի հարցերու, ինչպիսիք են՝ արդեօք Հայաստանի տնտեսութիւնը կրնա՞յ աճ ապահովել, եւ արդեօք աղքատացած քաղաքացիները հնարաւորութիւն կ՛ունենա՞ն չքաւորութենէն դուրս գալու իրենց արժանիքներուն շնորհիւ: Քաղաքացիները կը գնահատեն, թէ որքա՛ն արդիւնաւէտ է աշխատանքի եւ կապիտալի (դրամագլուխի-Խմբ.) բաշխումը Հայաստանի մէջ, եւ արդեօք խաղի կանոնները բաւական կայուն են, որպէսզի աճ ու աւելի բարեկեցիկ ապագայ ապահովեն իրենց յաջորդող սերունդներուն համար: Հակառակ պարագային, անոնք կ՛արտագաղթեն: Այս առիթ է հայ քաղաքական միտքին համար, որպէսզի աւելի զարգացնէ  անհրաժեշտ ծառայութիւնները, ինչպիսին կրթական համակարգն է՝ այն բախտի քմահաճոյքին թողելու փոխարէն: Օրինակ, Երեւանէն դուրս մարզերուն մէջ ծնած երեխաները այսօր աշխատաշուկայ մուտք կը գործեն աւելի քիչ պատրաստուածութեամբ, քան Երեւանի վերնախաւի զաւակները:

1990ի Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրը, որ կը ներառէր 12 դրոյթներ եւ յետագային ու մինչեւ օրս կը ծառայէ որպէս Հայաստանի Սահմանադրութեան «զարգացման հիմք», կարծես չ՛արտացոլեր «հայոց արժեհամակարգը»: Ազգային պետութենէն դուրս այնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ կարծես շատ մը սփիւռքեան հայկական կառոյցներ, ինչպէս եկեղեցին եւ այլք, համընթաց չեն ներկայ ժամանակին հետ եւ ի վիճակի չեն պահպանելու «համայնքի ոգին» ու ընդհանուր կապերը ազգի՝ որպէս ամբողջութիւն, եւ հայրենիքի միջեւ:

Նման միջավայրի մը մէջ նեղ հայ ազգայնական քաղաքական գաղափարախօսութիւնը, որ բացառապէս հիմնուած է ինքնիշխանութեան ու ինքնավարութեան ձգտող սակաւաթիւ ազգի էթնոկրօնական ինքնութեան վրայ, երթալով աւելի անարդիւնաւէտ կը դառնայ 21րդ դարու բարդ եռուզեռին մէջ: Յետ-պաղ պատերազմեան դարաշրջանին, հայերը կ՛երազէին «նոր աշխարհակարգ», որով ժողովրդավարութեան եւ աշխատանքային բարոյականութեան տարածումը ինքնաբերաբար կը յանգեցնէին ազատ, անկախ եւ բարգաւաճ Հայաստանի: Այդ երազանքը, ըստ երեւոյթին, աւարտեր է, եւ եթէ հայերը կը ցանկան դիմագրաւել պետականութեան մարտահրաւէրները, ապա անոնց դիմաց կը սպասուի խիստ անհրաժեշտ զարգացման երկար ու ձիգ ճանապարհ:

2017ին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս անցում կատարեց խորհրդարանական ժողովրդավարութեան, ինչպէս եւրոպական շատ մը երկիրներ: Այնուամենայնիւ, հայաստանեան կեանքի քաղաքական պատկերը (ձախ–աջ առանցքի երկայնքով) դեռեւս հեռու է լիարժէք ըլլալէ եւ դեռ զարգացման տեղ ունի: Այսպէս, չնայած կառավարութեան կազմին մէջ ՀՅԴի ներկայութեանը, վերջին 25 տարիներուն ընթացքին կուսակցութեան ձախակողմեան գաղափարախօսութիւնը Հայաստանի մէջ գրեթէ չի զգացուիր: ՀՅԴի կողմէ սոցիալական արդարութեան կոչերը իրենց արտացոլումը չեն գտած սոցիալական եւ տնտեսական քաղաքականութեան վերաբաշխիչ գործողութիւններուն մէջ: Ըստ Ֆրետրիխ Էպըրտ հիմնադրամին (Friedrich-Ebert-Stiftung) կողմէ վերջերս հրատարակուած հետազօտութեան՝ հայ երիտասարդութեան մեծ մասը ինքզինք հաստատաբար կը տեսնէ քաղաքական պատկերի սոցիալիստական (ընկերվարական-Խմբ.) կողմին մէջ: Նմանապէս, այլ առանցքային հարցեր, ինչպիսիք են ֆեմինիստական (կանանց շարժում-Խմբ.) եւ կանաչ շարժումները, հայկական ձախակողմեան քաղաքական դաշտին մէջ դեռեւս չեն գտած իրենց տեղը:

Մինչ աշխարհասփիւռ հայութիւնը յառաջիկայ տարի կը պատրաստուի տօնելու Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակը, սովորական դարձած տօնական միջոցառումներէն ու արձաններ վեր խոյացնելու արարողութիւններէն անդին, դեռ շատ ընելիքներ կան, որպէսզի անիկա համահունչ դառնայ 1918ի Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերու ոգիին: Ինչպէս Արամ Մանուկեան, որ լայնօրէն ճանչցուած է որպէս Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, «մարդոցմէ վհատ դարբնեց բանակ», այնպէս ալ այսօրուան Հայաստանի մարտահրաւէրները կը պահանջեն նմանատիպ քաղաքական կամք եւ հնարամիտ ուղեղներ:

0802nationalism4Յօդուածը կը փափաքէինք աւարտել հանգուցեալ ընկեր Ալէն Եկիկեանի պլոքէն մէջբերումով. «Տարիներ առաջ, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի քաոսին եւ Ցեղասպանութեան խառնաշփոթի պայմաններուն մէջ, փոքրաթիւ բայց տոկուն ժողովուրդ մը, ուժ գտնելու համար յենելով իր անցեալին՝ ոտքի ելաւ Սարդարապատի մատոյցներուն՝ յանուն իր ազատութեան վերջին անգամ մարտնչելու համար: Վտանգուած էր անոր գոյատեւումը»:

Այսօր, գրեթէ մէկ դար անց, խաղասեղանին դրուած է հայոց պետութեան գոյատեւման հարցը: Այս անգամ վերջինիս անվտանգութիւնը վտանգուած է ոչ միայն թուրք–ատրպէյճանական առանցքով (եւ ռուսական աշխարհաքաղաքականութեամբ), այլ հայկական քաղաքական արժէքներու զտման եւ հայկական ինքնութիւնն ու պետութիւնը իրարու կապող հայկական աշխարհայեացքի բացակայութեան պատճառով, մինչ մենք կը շարունակենք դիմակայել պետականութեան մարտահրաւէրները: Այս միտումները ի չիք դարձնելու համար, հայոց կեանքին մէջ առնուազն բարոյական վերածնունդ է անհրաժեշտ: Եթէ հաւաքական պետութիւնը իսկապէս որեւէ նշանակութիւն ունի, ապա հայերը պէտք է զարգացնեն սթաթիւս քոյի (հաստատուած վիճակ-Խմբ.) հանդէպ արդարացի դժգոհութեան կեցուածք:

Երկու հարիւր հազար տարի առաջ Ափրիկէի մէջ յառաջացաւ մարդը եւ գաղթի ու զարգացման միջոցով ընդլայնուեցաւ դէպի հայկական լեռնաշխարհ ու անդին: Ինչպէս կը վկայեն կլոպալ (համաշխարհային, երկրագունդի-Խմբ.) գաղթականութեան եւ յարմարուողականութեան տուեալները, այդ զարգացումը դեռեւս անընդմէջ կը գործէ: Ներկայիս մէկ օրուան մէջ մեր ուղեղ մուտք գործող տեղեկութեան քանակը կը գերազանցէ 19րդ դարու եւ 20րդ դարասկիզբի միջին վիճակագրական հայու ստացած տեղեկատուութեան մակարդակը: Ամենայն հաւանակութեամբ, պետականութեան ոլորտին մէջ յառաջընթացի ուղին պիտի պահանջէ, որ հայերը դրսեւորեն յստակ, տարբերակուած դիրքորոշում, որպէսզի իրենց ազգային պետութիւնը առաւելութիւն ստանայ ներդրումներու, գործարարութեան ու զբօսաշրջութեան ներգրաւման, ինչպէս նաեւ իր արտածման շուկաներու ձեւաւորման առումով: Ամէնէն կարեւորը, այդ մէկը հայերէն կը պահանջէ աւելի յստակ ձեւակերպել «հայոց երազանք»ի սկզբունքները, որպէսզի հայ ինքնութիւնը «իմաստալից հաղորդակցում» ապահովէ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած ազգ–պետութեան համակարգին մէջ, շատ այլընտրանքներու գոյութեան պարագաներուն:

Մասնաւորապէս, ընդամէնը 26 միլիոն բնակչութիւն ունեցող սկանտինաւեան երկիրները հաւաքական «արժեհամակարգ»ի վառ օրինակ են. անոնք կը զարգանան եւ կը յարմարեցուին ժամանակակից կեանքին: Շատերը, որոնք կը նախընտրեն այնտեղ բնակութիւն հաստատել, մասամբ այդ մէկը կ՛ընեն «սկանտինաւեան երազանք»ին նկատմամբ ունեցած համակրանքին պատճառով:

Ազատական կամ փոփուլիստական հայկական ազգայնականութիւնը պարզապէս չի կրնար ըլլալ Հայաստանի պետականութեան մարտահրաւէրներուն պատասխանը: Հրատապ անհրաժեշտութիւն կայ աւելի խորամուխ ըլլալու այս մտաւոր ճգնաժամին մէջ, քանի որ դեռ հայ էթնօ–ազգային ինքնութիւնը կը շարունակէ յարմարիլ ու զարգանալ: «Մեր Հայրենիքը»՝ 1918ին Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային օրհներգը, վերստին ընդունուեցաւ որպէս 1991ի նորանկախ պետութեան օրհներգ: Ներկայիս Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ անիկա գործնականօրէն քաղաքացիական կրթութեան տարր է: Որպէսզի օրհներգը իմաստալից հաղորդակցում ապահովէ հայոց անդրազգի գալիք սերունդներուն, անիկա պէտք է շարունակէ հայրենասիրութեան զգացում եւ նուիրում արթնցնել ոչ միայն հայկական բարձրաւանդակի աշխարհագրութեան ու հինաւուրց մշակոյթի, այլ նաեւ աւելի շատ դէպի ժամանակակից ու արդիւնաւէտ հայ հասարակութեան նոր քաղաքացիական արժէքներու նկատմամբ:

 

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ «Ազդակ», «Ասպարէզ» եւ «Արմինիըն Ուիքլի» թերթերուն մէջ յաճախ հանդէս եկող հեղինակ է: Ներկայիս «Փրինսթըն» համալսարանի Մերձաւոր Արեւելքի բաժանմունքին մէջ դոկտորականի թեկնածու է:

 

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ ֆինանսներու եւ արհեստագիտութիւններու մասնագէտ է եւ սփիւռքահայ քաղաքական գործիչ, որ անկախութեան տարիներէն ի վեր Հայաստանի մէջ հասարակական ձեռներէցութիւն կը կատարէ: Շրջանաւարտ է «Ֆլետչեր» համալսարանի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան բաժանմունքէն եւ Շիքակոյի համալսարանի «Պութի» առեւտուրի բաժանմունքէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles