Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Որպէսզի վտանգուած «կապոյտ» մոլորակը շարունակէ մնալ ԿԵԱՆՔԻ ՏՈՒՆ:
Մարդկային ընկերութիւններու հակասութիւնները իրարու եւ բնութեան հետ հետզհետէ աւելի մեծ ծաւալ կը ստանան: Խիստ հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ համաշխարհային պատերազմէ խուսափելով հանդերձ, ի՞նչ է ամէն տարի բախումներու հետեւանք զոհերու թիւը: Պատերազմները մնայուն են, իրենց գործած աւերներով: Նոյնքան մեր մտածման ճամբան կը լուսաւորէ գիտնալ, թէ ամէն տարի քանի հազար կամ միլիոն մարդիկ կը մեռնին անօթութեան, ծարաւի կամ ապականած ջուրի որպէս հետեւանք:
Փոխարէն կ՛իմանանք, որ աշխարհի միլիառատէրերու թիւը տեւաբար կ՛աճի, կ՛աճին գործարկութիւնը եւ անոր հետեւանք թշուառութիւնը: Հացի համար մարդիկ կը գաղթեն իրենց բնաշխարհէն: Պարկեշտ քաղաքացին, ղեկավարը եւ մտաւորականը պէտք է հարց տան, թէ միլիառները, որոնց աշխատանքին արդիւնքն են, աշխատանք՝ որ կ՛իւրացուի, կը կողոպտուի: Ի՞նչ է այդ միլիառներուն վախճանական նպատակը: Միեւնոյն ժամանակ կը կողոպտուին եւ կը փճացուին բնութիւնը եւ անոր բնական հարստութիւնները, կ՛աճին կարեւորի կողքին անկարեւոր արտադրութիւնները, մարդկութիւնը առնելով սպառման տենդի յորձանուտին մէջ:
Մարդը դադրած է նպատակ ըլլալէ: Նպատակ է շահը եւ դրամի կուտակումը: Գիտութեան յառաջդիմութիւնը փոխանակ բարիք ըլլալու, նուազ աշխատանքով արտադրութեան գերաճին կը ծառայէ, յառաջացնելով գործազրկութիւն, թշուառութիւն, ընկերային տագնապներ:
Կան տեսութիւններ եւ վարդապետութիւններ, անոնք կարծէք իշխանատենչութեան կը ծառայեն: Դէպի առաջ վազք՝ բոլոր մարզերու մէջ: Գերարտադրութիւնը կը սպառնայ անապատի վերածելու կեանքի թոքը հանդիսացող երկրագործութիւնը՝ փճացնելով մշակելի հողային տարածութիւնները: Նաեւ ծովերու կեանքը՝ ձկնորսութեան ճարտարարուեստականացումով եւ մեր թափած աղբերով:
Մարդկութեան արտադրած աղբը վաղուան մեծ տագնապը պիտի ըլլայ: Ո՞վ չէ իմացած, որ ամբողջ մոլորակը չի բաւեր Ամերիկայի աղբը պարտկելու: Եւրոպական երկիրները իրենց աղբը կ՛արտածեն Ափրիկէ, կ՛աւելցնեն ջրային արդէն քիչ պաշարներու ապականումը եւ հիւանդութիւնները:
Մինչեւ ե՞րբ կրնայ շարունակուիլ այս վտանգաւոր արշաւը: Գիտենք, թէ ո՞ւր պիտի յանգի, բայց ոչ մէկ համաձայնութիւն եւ ամպագոռգոռ ժողով կը յաջողի շրջել դէպի վերջնական աղէտ ընթացող չարիքներու անիւին թաւալումը: Գիտենք, որ բնութեան եւ մոլորակի հարստութիւնները անսպառ չեն, բայց կը շարունակենք անխնայ սպառել եւ մսխել: Կը ստեղծենք նորանոր պայմաններ բազմապատկելու համար մսխումները:
Մարդկութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի ստիպուի անզսպելի դարձած սպառման իր կենսաձեւը վերատեսութեան ենթարկելու կամ մոլորակային եւ կենսաբանական անելանելի աղէտ ստեղծելու: Գերարտադրութիւնը նկատի չունի ոչ մարդուն առողջութիւնը, ոչ ալ բարօրութիւնը, այլ շահը, ծառայելով դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան, ինչպէս ըսած էր Հռոմի սրբազան քահանայապետ մը: Սպառողական ընկերութիւնը, դրամատիրական խօլ արշաւը, պերճանքի կիրքը եւ գինովութիւնը, անոնց հետեւանք անհաւասարութիւնները, մոլորակի հաւանօրէն անվերադարձ ապականման զուգահեռ, կը սպառնան մարդու գոյութեան եւ ընդհանրապէս կեանքին: Այս վտանգին ի լուր եւ ի տես, չենք անհանգստանար, բանտարկուած մնալով մեր եսապաշտութիւններուն եւ մրցակցութիւններուն մէջ, հակառակ անոր, որ ոչ ոք կրնայ ըսել թէ անտեղեակ է:
Փոխանակ հեռատեսիլի պաստառին վրայ երեւցող ինքնագոհութեան պատկերներու, հնչող ճառերու սփռող եւ հանդիսատես ըլլալու, եթէ յիշեցնէին, որ աշխարհի մէջ 795 միլիոն մարդիկ, մեր նմանները, անօթութենէ կը տառապին, այսինքն մոլորակի բնակիչներէն 9էն 1ը, մեր կենցաղը թերեւս կը փոխուէր, քաղաքականութիւնը եւ տնտեսութիւնը կը բարոյականանային: Թերեւս մեծով եւ պզտիկով, անհատներ, ժողովուրդ, ազգեր, պետութիւններ, մեծեր եւ պզտիկներ, նուազ զինարշաւի կը դիմէին, եթէ յիշեցուէր եւ յիշէինք, որ աշխարհի մէջ 3.1 միլիոն հինգ տարեկան չեղած մանուկներ սնունդի պակասէ կը մեռնին ամէն տարի: Զարմանալի է: Զուարճութեան քաղաքակրթութիւնը այս պատկերը ոչ կը տեսնէ ոչ ալ անով կը հետաքրքրուի: Հեռատեսիլի պատուհանէն չի տեսնուիր այս աղէտը: Երբ կարգ մը երկիրներու մէջ մանուկներու անհարկի գիրացումը մտահոգիչ է, զարգացման ընթացքի մէջ եղող աշխարհի մէջ 66 միլիոն դպրոցական տարիքի տղաք անօթի փորով դպրոց կ՛երթան: Անդին, քաղքենի մտայնութեամբ, կը խօսինք այդ 66 միլիոնի տարեկիցներուն հաւասարակշռուած սնունդ տալու մասին:
Երբ այս մասին մտածէք, միաժամանակ մտածեցէ՛ք, որ նոյն այն աշխարհին մէջ, ուր այդ անօթիները կան, կան նաեւ 2043 միլիառատէրեր… Գիտենք, եւ հիացական հետաքրքրասիրութեամբ կը հետեւինք…
Ժամանակակիցներուս անհեթեթ երջանկացնող հակասութիւնը…
Ժողովներ կը գումարուին բնութիւնը պաշտպանելու համար: Օդանաւը, որ կոչուած էր ըլլալու ճամբորդական օգտակար միջոց մը, դարձած է զբօսի եւ զուարճութեան միջոց, կը շահագործուի միշտ յաւելեալ շահի համար: Անոր գործածութեան չափազանցութիւնը պատկերացնելու համար եթէ դիմենք թիւերու, կը հասկնանք անսանձ չարաշահումը, զուարճութեան եւ դրամի համար:
Ամէն օր 102,000 օդանաւեր թռիչք կ՛առնեն, եւ անոնց այրած վառելանիւթի բնածխային կազը կը թափի մեր մոլորակին վրայ: Ճամբորդատար օդանաւ մը միջին հաշուով 900 լիթր վառելանիւթ կը սպառէ 100 քիլոմեթրի համար: Բազմապատկեցէ՛ք օդանաւերու թիւով եւ անոնց գացած ճամբաներու 100 քիլոմեթրերով: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ մթնոլորտի ապականումը: Աւելցուցէ՛ք հրթիռներու արտանետումները:
Մոլորակը պարուրուած է մեր արտադրած ապականումով: Մինչեւ ե՞րբ անիկա կրնայ տոկալ. այս ուսումնասիրութիւնն ալ օր մը պէտք է ընեն գիտնականները: Եթէ բնակելի մոլորակ մը չգտնուի, եւ եթէ շնչահեղձ ըլլայ մեր մոլորակը… Չխորհիք, որ սարսափի դիպաշարի մասին է խօսքը:
Այս բոլոր նշումները ցոյց կու տան, որ մարդը մեծագոյն թշնամին է իր ՄԵԾ ՏԱՆ, մոլորակին, թշնամին է իր նմանին, երբ մէկ կողմէ կան աստղաբաշխական միլիառներ եւ միւս կողմէ՝ անօթութեան եւ ծարաւի պատճառով մեռնող միլիոնաւոր մանուկներ: Գումարեցէ՛ք մոլորակի անկասելի պատերազմներու զոհերը, հաշմանդամները, աւերումները:
Մարդը, ընկերութիւնը, ղեկավարութիւնները, պիտի գտնե՞ն իրարու եւ բնութեան հետ ներդաշնակուելու ճանապարհը: Անհատապաշտութենէն մարդկայինը տանող:
Փորձը ցոյց կու տայ, որ այդ ճանապարհը խցուած է:
Հոգեփոխութիւն ծնունդ տուող ղեկավարութիւն մը կը սպասուի, բոլոր մակարդակներու վրայ: Երկար սպասումը այս պարագային կը տանի անվերադարձ աղէտի: Կրաւորականութիւնը մեղսակցութիւն է:
Համեստներն ալ կրնան մտահոգուիլ, ահազանգել եւ հակազդել, որպէսզի բնութեան եւ գիտութեան բարիքները աւելի հաւասարութեամբ բաժնուին, եւ յարգուի հասարակաց տուն մոլորակը:
20 Յուլիս 2017, Նուազի-լը-Կրան