Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Արուեստ Եւ Դիւանագիտութիւն

$
0
0

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

 

razmigshirinian1Որքան մտերմացած ու մարդկայնացած դիրքերէ նայինք ժողովուրդի կեանքին, սավորական անհատի հոգեկան ապրումին եւ կապուինք անոր բնական ու անշպար կենցաղին հետ, այնքան փրկուած կը տեսնենք զինք դիւանագիտական թէ արուեստի միջամտութիւններէն: Այնքան նաեւ մեր միտքը, մեր տեսիլքը կը պայծառանայ ժողովուրդի կեանքին ու հոգիին կապուած: Մաքուր եւ հարազատ է կեանքը իր քաղաքական առանձնութեան մէջ՝ առանց արուեստի, առանց դիւանագիտութեան:

Կանքի եւ արուեստի քննարկման ու յատկապէս անոնց շաղկապման նիւթերը տրամադրութիւն քանդող նիւթեր եղած են ինծի համար: Ճիշդ այնպէս ինչպէս քանդուած տրամադրութեամբ դուրս կու գամ՝ քաղաքական եւ դիւանագիտական օրակարգեր քննարկող հանդիպումներէն: Յետոյ, կ՛առանձնանամ, կը մտածեմ ու կ՛եզրակացնեմ, որ ի վերջոյ, քաղաքականութիւն ըսուածը բնական ու հարազատ կեանքն է մարդուն, որ եղծուած ու խեղաթիւրուած է եւ չէ հասկցուած պարզ ու մտերմիկ իր յարաբերութիւններուն մէջ: Իսկ դիւանագիտութիւնը՝ պարզապէս արուեստն է միջամտութեան: Արուեստն է, որ կը միջամտէ կեանքին ու կը խանգարէ անոր պարզ ու բնական ընթացքը:

Դիւանագիտութիւնը եւ քաղաքականութիւնը տարբեր բաներ են, տարբեր յղացքներ ու հասկացողութիւններ: Քաղաքականութիւնը, ընդունի՛նք, սովորական անհատին առօրեայ պարզ կենցաղն է, իսկ դիւանագիտութիւնը՝ միջամտութիւն մը միայն կեանքին մէջ:

Դիւանագիտութիւնը չէ կրցած քաղաքականութեան պատկերը ըլլալ, ինչպէս արուեստը փորձած ու չէ կրցած կեանքին պատկերը ըլլալ: Լաւագոյն պարագային, կեանքին մօտենալու, կեանքը բացատրելու եւ անոր իմաստ տալու ճիգ մըն է արուեստին ըրածը: Զարմանալի չէ որ այդ ճիգին մէջ ան միշտ կը շեղի իրականէն, կեանքէն  ու կ՛անհետանայ անհեթեթին մէջ: Չի կրնար հպատակիլ կեանքին կամ երակ եւ ջիղ տալ անոր, ու կը մնայ ինքն իր մէջ՝ արուեստ պարզապէս արուեստին համար: Հետեւաբար նաեւ, կը մնայ միջոցին մէջ, տուայտած, օրօրուած ու երերած, երբեմն կեանքին զարնուած՝ ու ինկած, ինչպէս մժեղը կը տեսնէ լոյսը, կը զարնուի անոր ու կ՛իյնայ: Արուեստը, լաւագոյն պարագային, ինքն իր պատկերն է, ինչպէս կեանքն է միայն ինքն իր պատկերը:

Ինչ որ դժուար է ընդունիլ՝ արուեստ ըսուածին նոյնացումն է մարդկայինին հետ եւ անոր ճիգը մտնելու կեանքէն ներս: Դժուար է ընդունիլ, որ իր կեանքը ապրող սովորական անհատը արուեստին պէտք ունի իր կեանքը հասկնալու համար: Դժուար է ընդունիլ, որ սովորական գիւղացին, իր առօրեան ապրող, արտը հերկող, ցեխին հետ մտերմացած գիւղացին արուեստ պէտք ունի իր կեանքը տեսնելու համար: Այս մարդիկը կեանքէն չեն հեռանար, կառչած կը մնան անոր, նոյնացած կեանքի խորքին, շրջումներուն ու այլազանութեան հետ: Իսկ արուեստի թէ դիւանագիտութեան միջամտութեամբ մը, կեանքի բնական հոլովոյթը կ՛այլանդակի, կ՛օտարանայ ինքն իրմէ, կը կորսնցնէ իր հարազատ պատկերը, կը խեղաթիւրուի ու կ՛անջատուի իր խորքէն: Արուեստագէտն ու դիւանագէտը կը նոյնանան՝ կեանքին դէմ ելած եւ կեանքը խանգարելու իրենց միջամտութեան գործին մէջ:

Վերջին հաշուով, մարդ անհատը քաղաքական իր կեանքը կ՛ապրի: Իսկ քաղաքականութիւն ըսուածը՝ պարզ ու յստակ, մարդու ներաշխարհին հետ շաղկապուած քաղաքացիի եւ գիւղացիի սովորական կեանքն է: Քաղաքական կեանքը խոր արմատներ ունի մարդու հոգիին կապուած եւ չի կրնար անհեթեթութեան վերածուիլ: Իսկ քաղաքական զարգացումը՝ այդ կեանքին հաճոյքն ու հմայքն է ժողովուրդին համար: Դժբախտաբար, սակայն, կայ իշխանութիւն, դիւանագիտութիւն, արուեստ եւ միջոց, որոնք խանգարող դեր ունեցած են կեանքին մէջ:

Ասիկա նաեւ մղիչ պատճառ մըն է, որ սովորական անհատը գիտակից ու ամուր կառչած մնայ իր կեանքին, առօրեայ իր յարաբերութիւններուն, ու քաղաքական բնականութեան. Անդրադառնայ որ արուեստը քաղաքական զարգացման տեսիլք չունի իրեն համար: Արուեստին մէջ կը կորսուին մարդկային բնականութեանց, ընկերային գիտակցութիւնը եւ քաղաքական արժէքներու ըմբռնումը: Ի՞նչ է, ի վերջոյ, իմացական կորիզը քաղաքական մեր մտածողութեան, եթէ ոչ աշխատաւոր ժողովուրդը սովորական, ուրախ թէ թշուառ իր կեանքին մէջ: Արուեստը չէ կրցած թափանցել կեանքին մէջ կամ պատկերել անոր գոյութիւնն ու ընկերային արժէքը: Այսպէս է նաեւ դիւանագիտութիւնը, որ դիմակն է եւ չէ կրցած պատկերել սովորական մարդուն քաղաքական կեանքը: Դժբախտաբար սակայն, ինչ որ կը տեսնենք այսօր՝ մարդկութիւն մըն է, որ կը մնայ արուեստի ու դիւանագիտութեան շպարին փակած, թերաճութեամբ դիմակուած, ու իր կեանքը անհեթեթին մէջ կորսնցուցած:

Տակաւին դժուար է գտնել կեանքին հետ նոյնացած ու անոր ակունքներէն բխող ու ցայտող արուեստի արտայայտութիւն: Դժուար է գտնել կեանք պատկերող արուեստի որեւէ գործ կամ միջոց: Միջոց բառը դիպուկ ու դիտումնաւոր է հոս, որովհետեւ արուեստը իր արտայայտութեամբ դէպի կեանք հասնելու միջոց եղած է միայն եւ, հետեւաբար նաեւ կեանքէն անջատուած՝ միջակութիւն: Դժբախտաբար, կեանքին զգայնութիւնները խորտակող յաւակնութիւններ ալ եղած են արուեստին մէջ: «Արուեստը արուեստին համար» արտայայտութիւնը, օրինակի համար, ինքն իր մէջ ամփոփուած, ինքն իր իմաստին մէջ պարփակուած, իր արտայայտութեան մէջ միայն որակուած, եւ ի վերջոյ, անջատուած կը մնայ կեանքէն:

«Չորս ամիս առաջ փոքրիկ Լուիզայի ծնուելու ժամանակ ոչ մի կոպեկ այդպէս էլ չստացայ, պարտքով գումար էինք ճարել, որ երեխայի ծնուելու հետ կապուած ծախսերը հոգանք»:

Քաղաքական կեանքէն զատ ո՞վ կրնայ լուծել այս հարցը: Ո՞ր դիւանագիտութիւնը կրնայ լուծում տալ 30ամեայ բազմազաւակ Լիանա Ղուկասեանի այս վիշտին: Ո՞ր արուեստը կրնայ պատկերել այս կեանքը: Արուեստի ի՞նչ հնարք եւ գործիք, ի՞նչ միջամտութիւն առանց կորսուելու միջոցին մէջ:

Մարդ անհատին համար քաղաքական միտք մը կայ, ի վերջոյ, որ կրնայ հասնիլ կեանքին ու հասկցուիլ անոր հետ: Այդ միտքը կրնայ ձերբազատել ինքզինքը դիւանագիտութենէն: Հետեւաբար նաեւ անիկա կ՛ըլլայ կեանքին պատկերը առանց արուեստի միջամտութեան: Այս է մարդ անհատի մտքին ազատագրումի խորքը:

Ըստ իս՝ արուեստը հետեւանք է նաեւ քաղաքական միտքի եւ հոգիի պակասին, հետեւանք է դէպի կեանք մրցակցելու մարդուն պատմական միջակութեան: Մարդիկ չեն հասկցած կեանքը, ատոր համար ալ դիմած են արուեստին, սկսած են արուեստական մեկնաբանութիւններ ընելու, մրցելու ու փորձելու հասնիլ անոր: Իսկ եթէ արուեստը հասնի կեանքին, արդէն կը դադրի արուեստ ըլլալէ: Կը ներկայանայ կեանքով մթերուած ամբողջական յուզումով: Պէտք չես ունենար կեանքին նոյնացած ու կեանքով դադրած արուեստի ետին պատմութիւն հիւսելու, պատկերներ յօրինելու, որպէսզի անոր շաղկապումը գտնես կեանքին հետ ու ապրիս անոր վայելքը, կամ պահ մը լաւ զգաս անոր հետ: Անիկա ուղղակի կեանքն է որ կը պատկերէ անոր ամբողջ յուզմունքով ու հոգիով: Բայց անիկա գոյութիւն չունի: Անիկա չէ նայած կեանքին ու փորձած պատկերել զայն առանց շեղումներու:

Վերջին հաշուով, մարդ անհատը կեանքին իրականութիւնն ու վայելքը կ՛ապրի իր առաւելութիւններով ու թերութիւններով: Կեանքին մէջ կան նախանձ, ատելութիւն, բարիք եւ զուարճութիւն: Կեանքը լեցուն է մեղքերով եւ խենթութիւններով, նաեւ հաճելի եւ անախորժ անակնկալներով: Արուեստէն ու դիւանագիտութենէն ազատագրուած մարդ անհատը իր հարազատ պատկերն է, իր կեանքը կ՛ապրի եւ վերջ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles