ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Յստակացնենք սկիզբէն՝ մեր ըսելիքները կ՛առնչուին վարքագծային ու քաղաքական կեցուածքներու եւ ոչ թէ զգացական դրսեւորումներու: Օրինակի համար, անիմաստ բան է ըսելը, որ այսինչ ժողովուրդը շատ ռազմապաշտ է, կամ՝ խաղաղապաշտ: Այդպիսի բան չկա՛յ: Բայց կա՛ն ռազմապաշտ կամ խաղաղամէտ քաղաքականութիւն վարող, այդպիսի վարքագիծ ունեցող պետութիւններ, քաղաքական միաւորներ:
Օրինակի համար, նացի Գերմանիան ռազմապաշտ էր. սակայն չկարծենք, որ իր ոխերիմ թշնամի Մեծն Բրիտանիան խաղաղասիրութենէն հալումաշ վիճակի մէջ էր. կայսրութիւն մը «խաղաղասէր» չի կրնար ըլլալ, չէ՞: Պարզապէս, կան պետութիւններ, որոնք իրենց հարցերու լուծման բանալին կը տեսնեն առաւելաբար պատերազմի մէջ (օրինակները դուք յօդուածագիրէս աւելի գիտէք), մինչ ուրիշներ՝ ո՛չ, ինչպէս՝ Զուիցերիան, Աւստրիան, Չիլին: Միայն թէ Գանատա կամ Աւստրալիա ապրող հայ ընթերցողները թող չշփոթին. այդ երկիրները վերջիններուն շարքին չեն պատկանիր… Սա՝ ի միջի այլոց:
Ատրպէյճանը կը պատկանի շարքին այն պետութիւններուն, որոնց քաղաքական վարքագիծը բացայայտօրէն ռազմապաշտ է: Իսկ Հայաստանի վարքագիծը հիմնուած է ինքնապաշտպանութեան ու արդարութեան սկզբունքներուն վրայ. ժողովրդային լեզուով՝ «մեզի հետ մի՛ իյնաք»:
Իրերու այս դրութեան մէջ է, որ վերջին տարիներուն, Ատրպէյճան անընդհատ կը փորձէ «տաք» պահել կացութիւնը Հայաստանի հետ իր սահմաններուն վրայ: Հայկական բանակը երբեմն զուսպ կը մնայ, իսկ երբեմն ալ՝ անհրաժեշտ պատասխանը կու տայ: Վերջինս, քանի մը օր առաջ էր՝ Յուլիս 4ին, երբ հայկական հրետանին հակադարձեց ազերի բանակի հրթիռներու տարափին: Այս զինուորական «հարցուպատասխանին» ընթացքին, ըստ հաղորդուած լուրերուն, սպաննուեցան նաեւ երկու քաղաքայիններ՝ ատրպէյճանական Ալխանլու սահմանային գիւղէն:
Պատճառը յստա՛կ էր: Հայկական դիրքերը ռմբակոծող ատրպէյճանական հրետանին տեղադրուած էր նշեալ գիւղի տարածքէն ներս: Ատրպէյճանի զինուորական հրամանատարութիւնը իր հրետանին տեղադրած էր գիւղի տարածքէն ներս, այն յոյսով, որ հայկական հակադարձումի պարագային՝ ի-րենք պիտի կարենան հայկական կողմը ամբաստանել «խաղաղ բնակչութեան ռմբակոծում»ով: Մէկ խօսքով, ատրպէյճանական զինեալ ուժերը դաւադրաբար կը պահուըտին իրենց քաղաքային բնակչութեան ետին ու այնտեղէն կը կրակեն հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ շատ լաւ գիտնալով, որ հայկական կողմը կրակին պիտի պատասխանէ կրակով եւ ոչ թէ հայկական ծիրանով կամ վարդերով:
Սա, անշո՛ւշտ, երեխայական եւ շա՜տ հինցած հնարք է:
Հայկական բանակի հրամանատարութիւնը «Կուկըլ»ի քարտէսներով եւ տեսագրութիւններով արագօրէն բացայայտեց Ատրպէյճանի այս երեխայական մօտեցումը: Իսկ հայկական դիւանագիտութիւնը անցաւ հակայարձակողականի՝ ԵԱՀԿէն ներս իր ներկայացուցիչ Արման Կիրակոսեանի միջոցով, Հինգշաբթի, 6 Յուլիսին, հաղորդագրութեամբ մը բացայայտելով քաղաքայինները իբրեւ մարդկային վահան գործածելու ատրպէյճանական վարքագիծը:
Տարօրինակը սակայն այն է, որ Հայաստանի մէջ գործող ոչ-կառավարական միջազգային կազմակերպութիւն մը (NGO)՝ Մարդու իրաւունքների միջազգային ֆեդերացիա (որուն հայաստանեան մասնաճիւղը կը կոչուի «Քաղաքացիական հասարակութեան ինստիտուտ» եւ մասամբ կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական Միութեան կողմէ, ըստ իրենց կայքէջին), իր տնօրէն՝ ոմն Արտակ Կիրակոսեանի ստորագրութեամբ, հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է՝ ըսելով, որ «պէտք է վերջ դրուի քաղաքացիական բնակավայրերը թիրախաւորելու՝ տարիներ շարունակ կիրառուող հակամարդկային պրակտիկային»: Ան կը շարունակէ՝ ըսելով, որ հոս ընելիք ունին «իրաւապաշտպանները, միջազգային կազմակերպութիւններից սկս-ած՝ մինչեւ շարքային զինուորները»:
Ո՛չ մէկ բառ կայ Ատրպէյճանի կողմէ իր իսկ սեփական քաղաքացիները իբրեւ մարդկային վահան շահագործելու վարքագիծին դէմ: Այս չի բաւեր, այլ տեսէք միտքի ի՛նչ գոհարներ կը հրամցնէ մեզի այս նոյն կազմակերպութիւնը. անիկա «կոչ է անում Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) իշխանութիւններին անաչառ հետաքննութիւն անցկացնել՝ պարզելու կատարուածի հանգամանքները եւ յանցակազմի ապացոյցների հիման վրայ պատժել բոլոր մեղաւորներին»:
Կոչը ուղղուած չէ սակայն միջազգային մարմիններուն, ԵԱՀԿին, որ քննութիւն բանան ատրպէյճանական նենգամտութեան շուրջ եւ՝ «պատժեն բոլո՛ր մեղաւորներին», այլ՝ հայկակա՛ն կողմին, որ պատժէ… թշնամիի հրետանային դիրքերը լռեցնող հայ սպան ու զինուորը: Խեղկատակութեան տարողութիւնը կարելի՛ է պատկերացնել, չէ՞:
Օտար գումարներով Հայաստանի մէջ իբրեւ թէ ժողովրդավարութեան զարկ տալու կոչուած այս եւ նման կազմակերպութիւններու՝ իբրեւ թէ «խաղաղասիրական» վերոնշեալ կոչերը, յստակ չէ, թէ ճիշդ որո՞ւն կը ծառայեն: Մէկ բան յստակ է, որ անոնք չեն ծառայեր Հայաստանի ու հայութեան շահերուն: Ո՛չ միայն չեն ծառայեր մեր շահերուն, այլեւ՝ նոյնիսկ կը հակադրուի՛ն անոնց(*):
Յօդուածագիրիս կարծիքով, վերոնշեալին նման հակապետական տեսակէտներ (աւելի ճիշդ՝ խռխռոցներ) խմբագրող ու տարածող կազմակերպութիւնները պէտք է կրեն օրինական պատասխանատուութիւն: Իսկ եթէ Հայաստանի օրէնսդրութիւնը թերի է այս իմաստով, ապա ԱԺին (Ազգային ժողով) պարտականութիւնն է գոցել այդ բացը՝ ի շարս բազմաթիւ նման բացերու:
Վերջին թելադրանք մըն ալ վերոնշեալ «խաղաղապաշտ» կազմակերպութեան տնօրէն Արտակ Կիրակոսեանին. անձա՛մբ, կամ ձեզի համախոհներու պատուիրակութեամբ մը, գացէ՛ք շփման գիծ, սահման՝ ձեզի հետ տանելով այս յայտարարութենէն օրինակ մը, ու զայն անձամբ յանձնեցէք ազերի Ալխանլու գիւղին հանդիպակաց խրամատին մէջ կանգնած հայ զինուորի մը:
Հըբը՞…
(*) «Բաց հասարակութիւն» կոչուած միջազգային կազմակերպութիւնը (որ կը ղեկավարուի հանրածանօթ Ճորճ Սորոսի կողմէ), անցեալ տարուան ընթացքին, Հայաստանի մէջ աւելի քան 1.75 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում յատկացուցած է շարք մը կազմակերպութիւններու (աղբիւրը՝ Հայ միտիա կէտ Էյ.Էմ.): Ամէն մարդ գիտէ, թէ Ճորճ Սորոսը ո՛վ է, ի՛նչ կ՛ընէ, ի՛նչ ըրած է (Ուքրանիա, Վրաստան, Հայաստան, նոյնիսկ՝ Մ. Նահանգներ, ուր 2004ին հսկայական գումարներ ծախսեց՝ տապալելու համար Ճորճ Պուշ կրտսերի վերընտրութիւնը):