Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սեւ Կատուն Եւ Ուրիշ Բաներ

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

bedikianԿը կարծեմ, որ շատերու համար ծանօթ անուն-բացատրութիւն մըն է այս «սեւ կատու»ն, ինչպէս նաեւ իրեն հետ առնչուած եւ աւանդութիւն դարձած զանազան նախապաշարումները: Դարերէ ի վեր, մարդիկ միշտ զգուշացած են, երբ հանդիպած են, կամ իրենց մօտէն կամ դիմացէն սեւ կատու մը անցած է, որովհետեւ, անոր ներկայութիւնը մեկնաբանուած է հետեւեալ ձեւով՝ «օրս ծուռ պիտի երթայ», «դժբախտութիւն մը պիտի պատահի», «սրտնեղութիւն մը պիտի ծագի», «սխալ բան մը պիտի կատարուի», «հիւանդի մը լուրը պիտի լսուի», «արկած կամ աղէտ մը պիտի պատահի»: Մէկ խօսքով՝ գլխու փորձանք: Յստակ է, թէ նախապաշարումը մարդոց մտածելակերպը դէպի ինչպիսի տեղեր կրնայ առաջնորդել…: Ու խեղճ կենդանին, համաձայն այս նախապաշարումներուն, յատկապէս Արեւելքի մէջ միշտ նախատուած եղած է: Այդ սեւ կատուն, ուզէ թէ ոչ, դարձած է հոմանիշը մարդոց դժբախտութիւններուն եւ միաժամանակ՝ անոնց ողջ էութիւնը կրծող մտածումներուն։

Անթիւ համրանքով մարդիկ չեն ախորժիր սեւ կատուէն: Բայց սեւ կատուին յանցանքը ի՞նչ է, երբ իր մորթը կամ «բուրդը» այդ գոյնը ունի: Կը յիշեմ, տակաւին աշակերտ էի, մեր բազմամարդ բակէն ներս, եբր տանիքէն սեւ կատու մը դէպի վար՝ խոհանոց մօտենար, բակի բոլոր պատուհաններէն տասնեակներով կօշիկներ կը նետուէին խեղճ կենդանիին գլխուն՝ «ուղուրսուս հայվան» (բախտ բեկանող անասուն) պոռալով:

Այդ օրերէն, կարծես ես ալ նոյն «գիծը» ժառանգած էի: Անկեղծօրէն, չեմ սիրեր, չեմ ալ ախորժիր ընդհանրապէս կատուներէն եւ յատկապէս՝ «սեւ»էն, որովհետեւ կը կածեմ, որ իր ներկայութիւնը ոխ եւ քէն կը բերէ ընտանիքներէն կամ անոնց անմիջական շրջապատէն ներս: Պարզապէս՝ նախապաշարում: Ի՞նչ ըսեմ: Ձեռքս չէ՛… Ո՛խ՝ ըսի: Ինծի համար մեծ արարք մըն է այս մէկը, որ մեր կեանքը կը դառնացնէ: Ցաւ մըն է, որ երբ քեզի փակչի՝ օձիքդ չի ձգեր: Ազատում չկա՛յ…

Յիշեցէ՛ք: Այս բոլոր մատնանշումները ձեզի համար նորութիւններ պէտք չէ ըլլան: Իրականութիւններ են, որոնք եկած են, կու գան եւ տակաւին պիտի գան, ուզենք թէ ոչ, եւ մեր առօրեային մաս պիտի կազմեն այնքան ատեն, որ մեր շուրջը նման մթնոլորտ կայ. այնքան ատեն, որ մեր միտքերուն մէջ կայ այդ ոխ պահելու հոգեբանութիւնը, մեր նեղմտութիւնն ու նախանձը:

Տեսնուած իրաղութիւն է, երբ ընկերդ, բարեկամդ, ժողովականդ, ազգականդ, դրացիդ կամ հարազատդ, հետդ քէն ըլլայ. «Քովէդ կ՛անցնի՝ երեսիդ չի նայիր», «քեզ չլսելու կը զարնէ»… Սիրտի կոտրտուք… Եւ իբրեւ զգայուն մարդ, ժամերդ կ՛անցնին նեղ ու կեանքդ կը դառնայ անհամ: Ապա, իրարու հետ հաշտեցնելու քայլեր կը փնտռուին: Միջնորդ կը փնտռուի: Այս անգամ երեւան կ՛ելլէ ձեզմէ մէկուն յամառ նկարագիրը.

– Ի՛նք, թող ոտքս գայ…

Մանկակա՛ն մտայնութիւն: Օր մըն ալ, ձեր բարի բախտէն, ձեր արդար մտածելակերպէն՝ կը հաշտուիք, ու կը զգաք եւ ներքնապէս կը խոստովանիք, թէ հաշտութիւն ըսուածը ի՜նչ հաճելի եւ լաւ «բան» է, եղեր: Օրերու եւ կեանքի թեթեւութիւն մը կը պատէ մթնոլորտդ: Երկուքդ, կրկին, կը դառնաք՝ «մեղր ու շաքար»:

Ոխ, քէննալ, գժտուիլ՝ որովհետեւ «սեւ կատու» մը տեսած էք կամ անոր հանդիպած. ծիծաղելի է…

Բացէ՛ք բառարանը եւ պիտի տեսնէք, որ «քէննալ» բայը եկած է «քէն» բառէն, որ կը նշանակէ «գժտութիւն»: Առաւել, կը նշանակէ՝ «քէն պահել», «ոխ պահել» եւ «քէնոտիլ»:

Իսկ միւս կողմէ, եթէ յանկարծ օր մը, տանդ մէջ, դրացիիդ մօտ, ժողովներուդ ընթացքին կամ ճամբան քալած միջոցիդ դիմացէդ «սեւ կատու» մը անցնի, կամ «սեւ կատու» մը մտնէ, իսկ աւելի ահռելին՝ եթէ «սեւ կատու» մը մտցնեն ձեր երկուքին միջեւ… ահա՛ քեզի նոր խնդիր: Մե՛ծ խնդիր: Օրինակներ շատ կան:

Վերցուցէ՛ք, օրինակ, միութենական ժողով մը…: Խօսքս բացառութիւններու մասին չէ. հաւնաբար ձեզմէ շատերը անցած են այս ճամբայէն: Մի՛ արդարանաք կամ «սրբանաք»…

Այսպէս, պարզ վէճ մը կամ «ծուռ» խօսք մը, նայուածք մը, քուէարկութեան ձախողութիւն մը, առաջարկի մը ժխտական ձեր կեցուածքն ու հակաճառութիւնը, պաշտօնազրկում մը… հետեւանքը՝ երկու կողմերէն հակառակութիւն մը ծայր կու տայ: Դէմքերը կը կախուին: Նախանձը կը լեցուի: Սեւ միտքեր կը պատեն ուղեղները: Երեսները «կը թթուին»: Գժտութիւն, քէնոտութիւն եւ շատ հաւանաբար՝ այս բոլորէն աւելի բաներ: «Սեւ կատուներն» ու «սատանաները» կը հաւաքուին մտածումներուն մէջ: Ապա, այս վիճակին կը յաջորդեն սաստեր ու սպառնալիքներ, «իրեն կը ցցնե՛մ»ներ եւ «ի՛նք ո՞վ է»ներ… Մէկ խօսքով՝ մեծ վէճ եւ վիճաբանութիւն: Զայրոյթ եւ նոյնիսկ բռունցք: «Բարեւը կտրել», «ժողովներէն բացակայիլ», հանրային կեանքի կծու եւ անվայել խօսքեր լսել… եւ ժողովներէ ներս աղմուկը կը փրթի: Ժողովը կը վերջանայ, իսկ վէճը՝ ոչ: Հարցը կը փոխադրուի դուրս՝ փողոց, խանութ, ակումբ, դպրոց, հասնելով նոյնիսկ տուները: Տրամադրութիւն քանդող լո՛ւրջ լարուածութիւն… Անկասկա՛ծ, երկուքին միջեւ «սեւ կատու»ն յատնուած էր: Այս բոլորին իբրեւ հարազատ հետեւանք՝ պաղութիւն երկու ընկերներու, բարեկամներու եւ ընտանիքներու միջեւ: Մէկ խօսքով՝ քէն:

Շանթահար այս իրականութեան մէջ, ուղեղը բան չի կրնար հասկնալ, որովհետեւ պակսած է պողպատէ տրամաբանութիւնը կամ աւետարանական խօսքի մը պարզ մեկնաբանութիւնը:

Քէնոտիլ, սրտնեղիլ, գժտուիլ, նախանձիլ, բամբասել, զիրար չհանդուրժել, չյարաբերիլ, չխօսիլ եւ բաժնուիլ… այլ խօսքով՝ ամէն ժխտական երեւոյթ, որ կը կտրատէ երկու կամ աւելի բարեկամ մարդոց միջեւ գտնուող յարաբերութեան կապը:

Ըսի՛, մէյ մը դիտենք մենք զմեզ: Ժողովի օրինակը ամէնէն ցայտունն էր: Ահա՛ ուրիշ օրինակ մը եւս: Հազարաւոր մղոններ կտրած ենք ու կամովին կամ ակամայ հաստատուած ենք Ամերիկա կոչուած այս «դրախտ» երկրին մէջ: Բայց մեզմէ շատ շատեր չեն մոռցած իրենց հետ բերել իրենց հին «քէն»երն ու «ոխ»ի զգացումները, եւ ամէն առիթով զանոնք կը յայտնաբերեն իրենց շուրջիններուն ու հարազատներուն: Պատճառը շատ պարզ է. նեղմտութիւն… որովհետեւ նման մարդոց նոյնիսկ չես կրնար ըսել, թէ իրենց աչքին վրայ յօնք կայ:

Նահապետական դարաւոր աւանդութեան մաս կը կազմէ մեր համերաշխ կենակցութիւնը: Իրարու հետ հաշտ ապրիլը էական ու կենսական բան է ո՛չ միայն մեզի, այլեւ՝ մեր հայրենիքին համար: Վերջ ի վերջոյ, մենք՝ իբրեւ հայեր, բոլորս ալ ունինք նոյն թշնամին, նոյն մարտահրաւէրները, նոյն ազգային հարցերն ու խոչընդոտները եւ նոյն ճակատագիրը: Ընտանեկան, ազգականական, միութենական թէ կուսակցական մեր փոխյարաբերութիւնները, այս կամ այն պատճառով մեր վէճերը՝ ոխի եւ քէնի վերածելը, անկասկա՛ծ, տկարամտութեան հետեւանք են: Նախանձ եւ նոյնքա՛ն ալ նախանձ…

Օտարներն ալ ունին նոյն նկարագիրը: Անոնք ալ մարդ են, վերջին հաշուով: Օրինակ՝ չինացի դրացիս երկու ամիսներէ ի վեր չի խօսիր եւ չի յարաբերիր մեքսիքացի իր միւս դրկիցին հետ, որովհետեւ այս վերջինին «ծառին տերեւները իր բակը կ՛աղտոտեն, իսկ մեքսիքացիին հոգը չէ՛»: Այս չինացին ինչե՜ր ըսէ՛ք «չբերաւ» իր դրկից մեքսիքացիի պարտէզին գլխուն:

Ոխը լեղի՛ է՝ խրատած էին մեր մեծերը եւ զգուշացուցած: Անհա՛մ ալ է: Տրամադրութիւնդ կը քանդէ: Ժամերդ կը դառնան կսկիծ ու ցաւ: Օրերդ կը թունաւորէ ու կեանքիդ ուրախ երեւոյթը կը սրբէ: Մարդկային նկարագի՛ր…

Էականը, սակայն, մեր իրարու միջեւ ստեղծած փոխյարաբերութեան ամրութիւնն է ու հարազատութիւնը: Էականը՝ ընտանիքի անդամներու, ազգականներու, ընկերներու, բարեկամներու եւ խնամիներու միջեւ լաւ եւ առողջ մթնոլորտ մը ստեղծելն ու պահելն է: Վէճերն ու թիւրիմացութիւնները, անհասկացողութիւններն ու տարբեր կարծիքներ յայտնելը շատ եւ միշտ պիտի պատահին: Կարեւորը՝ լուծում մը գտնելն է: Այս բոլոր կէտերը մարդկային են, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ, ամէն մարդ նոյն ձեւով մտածելու կարողութիւնը չունի:

Կարճամտութիւնը խենթութիւն է՝ նաեւ ըսած են մեր մեծերը: Եւ՝ ճի՛շդ են: Կարեւոր է, որ մենք գիտակցելու զօրութիւնը ունենանք եւ զայն վայելել գիտնանք: Իսկ այս բոլորին դարմանը կամ դեղատոմսը՝ քիչ մը լայնախոհութիւն, քիչ մը շրջահայեացութիւն, քիչ մը լայնասրտութիւն եւ անպայմա՛ն՝ ներողամտութիւն:

Արդէն բաւարա՛ր է:

Լա՛ւ մտածեցէք եւ «սեւ կատու»ին հանդիպելէ առաջ, կը խնդրեմ, որ ձեր «լայնախոհութեան» կօշիկը պատրաստ պահեցէ՛ք, անով հարուածելու համար այդ «անիծեալ» կենդանին, որպէսզի ձեր միջեւ ստեղծուած մթնոլորտը իր սովորական սահուն ընթացքը շարունակէ: Ապա թէ ոչ՝ մնացեալը դուք գիտէք…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles