Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սկսինք Երթը Դէպի Արդար Հայաստան

$
0
0

ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ

 

0506armandԵրէկ մամուլին մէջ կարդացի Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած Ազգային ժողով մտնող պատգամաւորներու անուանացանկը: Պատշաճութիւնը կը թելադրէ նախ յաջողութիւն մաղթել պատգամաւորներուն իրենց աշխատանքին մէջ:

Սրտանց կ՛ըսեմ այս մաղթանքը, թէեւ, միաժամանակ, գիտեմ որ իր ընդհանրութեան մէջ խորհրդարանի այս կազմը համանմանը ըլլալով իր նախորդներուն, չունի որակական կշիռը կարենալու հիմնական բարեփոխումներ բերել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Երեւի, պէտք է ընդունիլ, որ, վերջին հաշուով, տասը հազար դրամով աւելի լաւ որակ կարելի չէ ակնկալել Հայաստանի մէջ: Յուսամ սխալած ըլլամ որակի իմ այս գնահատումին մէջ: Բայց ակամայ միտքս կու գայ լիբանանեան առակ մը որ կ՛ըսէ «Լաու պատտահ շաթթի, քէն ղայիամը»չ.  այսինքն՝ եթէ անձրեւ տեղալու ըլլար, արդէն ամպոտած կ՛ըլլար: Նոյն այս առակի յուշած տրամաբանութեամբ՝ նախորդներուն նմանութեամբ այս խորհրդարանին մէջ ջախջախիչ մեծամասնութիւն կազմող «տաս հազարնոց» պատգամաւորներուն մէջ եթէ բարիք մը ըլլար, ժողովուրդը արդէն շատոնց տեսած կ՛ըլլար:

Այս ճշմարտութեան վրայէն արագ ցատկողները այսօր յոյսերնին դրած են Խորհրդարանական Նոր Համակարգի ընձեռնելիք կարելիութիւններուն վրայ: Անոնք կը տածեն այն յոյսը, որ նոր համակարգով դեռ եւս կարելի է փուլ առ փուլ բարեփոխել իրավիճակը երկրին մէջ: Մեր ցանկութիւնն է, որ ճիշդ դուրս գան ասոնց կանխատեսումները եւ յոյսերը արդարացուին: Պարզապէս բարի ցանկութիւն է ասիկա. այսպէս ըսած «benefit of doubt»ի իրաւունքը տալու համար նման յոյսեր տածողներուն:

Բայց եթէ իրատես պիտի ըլլանք այս հարցերուն մէջ եւ մանաւանդ անկեղծ, ապա դժուար պիտի ըլլայ մենք մեզ համոզելը, որ այս նոր համակարգը, խորհրդարանական ուժերու դասաւորման այս պատկերով, պիտի յաջողի կարելի արագ «թեմփեր»ով լուծումներ գտնել մեր ժողովուրդը յուզող ու տառապեցնող հարցերուն: Այս խորհրդարանին մէջ ընդամէնը եօթ պատգամաւորներով ներկայացող Դաշնակցութինը մի գուցէ այս իրատեսութենէ՛ն թելադրուած որոշեց մաս կազմել  կառավարութեան:

Ամէն պարագայի խորհրդարանական այս համակարգն է որ իր այս կազմով պիտի գործէ յառաջիկայ հինգ տարիներուն: Հաւնինք կամ ոչ, այս է այսօրուան իրականութիւնը, ինչքան ալ տեղին կամ, ինչպէս ոմանք պիտի համարեն, անտեղի թերահաւատութեամբ կամ կասկածամտութեամբ մօտենանք անոր արդիւնաբերութեան նկատմամբ:

Ի՛նչ ընել այս կացութեան առջեւ. ի՛նչպէս աջակցիլ ու թիկունք կանգնիլ խորհրդարանական այն ուժերուն, որոնք յառաջիկայ հինգ տարիներուն պիտի աշխատին մեր պետական կառոյցը առողջացնելու, երկրի ու ժողովուրդի կեանքը բարելաւելու նպատակին համար: Նոյն հարցումներն ու քիչ մըն ալ աւելին  կը դրուին կառավարութեան ու դատական մակարդակներուն վրայ:

Այս հարցադրումները ես չէ որ կ՛ընեմ: Ընտրական «տէժա վիւ»ն ու անկէ յառաջացած մռայլ ու անբարեյոյս պատկերին առջեւ այս հարցադրումները իրենք իրենց կը պարտադրեն այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի: Իրենք իրենց կը պարտադրեն նաեւ, որովհետեւ արժանապատիւ ոեւէ հայու համար այլեւս հանդուրժելի չէ թողուլ իրերու նոյն ընթացքի շարունակումը մեր հայրենիքին մէջ:

Եւ վերջապէս, այս հարցադրումները իրենք իրենց կը պարտադրեն մղելու համար Սփիւռքին իր տեղը գտնելու եւ ազդու դերակատարութիւնը ճշդելու մեր ազգային պետականութեան առողջացման ու բարեփոխման ծիրերէն ներս:  Ու ոչ միայն գտնելու ու ճշդելու, այլ մղելու՝ որ Սփիւռքը ինքզինք ՊԱՐՏԱԴՐԷ եւ իր ազդու խօսքը ու գործը ունենայ մեր հայրենիքը յուզող ու տագնապեցնող բոլոր խնդիրներուն մէջ: Աւելի քան բաւարար է քսանհինգ տարի Սփիւռքը պահել մեր պետականութեան լուսանցքներուն վրայ: Մեր պետականութեան կառուցման մէջ Սփիւռքը վանողներն ու անոր ներուժը արհամարողները ահաւասիկ կը տենենք, թէ ուր հասցուցին երկիրը:

Միւս կողմէ ալ, ժամանակն է որ Սփիւռքը իր կարգին գիտակցի ու անդրադառնայ որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն առնելէն անդին պատասխանատուութիւններ ունի այդ երկրին ու ժողովուրդին նկատմամբ: Ժամանակն է որ Սփիւռքը իր բոլոր միջոցներով եւ միջազգայնօրէն արձագանգ հանդիսանայ հայրենի մեր ժողովուրդի ցաւերուն ու տագնապներուն: Առանց «մեր աղտոտ լաթերը օտարին առջեւ փռելու» բարդոյթը ապրելու՝ մեր ժողովուրդի պարզած աղքատութեան մակարդակի, ընկերային անարդարութեան երեւոյթները,  ընկերային, տնտեսական, քաղաքացիական, առողջապահական, կրթական ու մշակութային այլ խնդիրներն ու տագնապները, Հայաստանի մէջ համատարած փտածութեան ու կաշառակութեան երեոյթները պէտք է ի հարկին միջազգային ատեաններու, բեմերու ու շրջանակներու լուսարձակին տակ դնել: Մեր հայրենի պետականութեան ամրակայումը, մեր ժողովուրդի ընդհանուր բարօրութիւնը ամէն տեսակի նկատառումներէ վեր պէտք է համարել:

Ժամանակն է որ Սփիւռքը կեցուածք ցուցաբերէ նաեւ Հայաստանի մեջ քաղաքական բանտարկեալներ ունենալու երեւոյթին կապակցութեամբ: Անհանդուրժելի է ասիկա ու ալ կարելի  չէ սուս ու փուս անցնիլ այս յարցին վրայէն, եթէ կը հաւակնինք սորված ըլլալ իրաւական պետութին կառուցելու այբուբենը:

Ժամանակն է նաեւ, որ Սփիւռքի մամուլը հանդէս գայ խիզախ ու յանդուգն կեցուածքով: Մեր ժողովուրդի ցաւերուն Սփիւռքը իրազեկ ու բաժնեկից դարձնելու գործին մէջ մեծ է դերը մամուլին: Տարբեր նկատառումներով ընթերցողին կէս ճշմարտութիւններ հրամցնելու,   երեւոյթները մեղմացնելու ու այլոց հաշուոյն չքմեղանալու անարի վարքագիծէն պէտք է հրաժարի Սփիւռքի մամուլը:

Ահա այսպէս կը պատկերացնեմ յետ ընտրութիններու մեր Նոր Սկիզբը. մեր երթը դէպի Արդար Հայաստան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles