ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ*
«Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնական լեզուն գրական հայերէն է» սկզբունքը ամրագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ, որուն վրայ կ՛երդնուն նախագահները, իսկ քաղաքացիները պէտք է զայն ընդունին որպէս օրէնք ու յարգեն այդ օրէնքը:
Ինչպէս ըսած էի նախորդ յօդուածներուս մէջ, հարց կը ծագի սակայն, երբ պետութի՛ւնը չի յարգեր այդ օրէնքը ու չի սահմաներ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «գրական հայերէն» եզրի իմաստը: Այսօր Հայաստանի մէջ չունինք «գրական հայերէն»ի բառապաշարին սահմանուած բառացանկ: Լաւագոյն պարագային նկատի պիտի ունենանք «Ուղղագրական-ուղղախօսական տերմինաբանական (եզրաբանական) բառարան»ը՝ որպէս «գրական հայերէն»ի բառացանկի մատեան: Արդեօք այդ ճի՞շդ է, հակառակ որ բառարանին հեղինակը 1973ին տպուած իր յառաջաբանին մէջ կը յաւակնի գրել.
«Հայերէն ուղղագրական-ուղղախօսական տերմինաբանական բառարանը պարունակում է ժամանակակից գրական հայերէն լեզուի բառապաշարը (աւելի քան 152,000 բառ): Սակայն, ունենալով բառերի ուղղագրութիւնն ու արտասանութիւնը ներկայացնող տեղեկատու նշանակութիւն եւ ոչ թէ հայոց լեզուի բառագործածութիւնը նորմաւորող արժէք՝ բառարանը, բացի գրական հայերէնի զայն գործածութեան բառերից, պարունակում է նաեւ հնացած ու բարբառային որոշ թուով բառեր, որոնց շատ յաճախ հանդիպում ենք ոչ վաղ անցեալի գրականութեան մէջ, ինչպէս եւ՝ գիտական եւ գիտատեխնիկական գրականութեան մէջ լայն գործածութիւն ունեցող մասնագիտական տերմիններ»…
Ուստի, այս բառարանը կը պարունակէ գրական հայերէնի բառապաշարը… ոչ մէկ խօսք՝ օտարաբանութեան կամ օտար բառարմատներով «շինծու» բառերու յօրինման ու բառարանին 15-20 տոկոս էջերը այդ բառերով լեցնելու իրողութեան մասին:
Եթէ ազատ ու անկախ Հայաստանի գրական հայերէնի բառապաշարը այս բառարանին մէջ տեղադրուած է, ապա ջանանք աստիճանաբար ուսումնասիրել՝ իսկապէս հայերէ՞ն են անոնք, թէ օտար բառեր: Ուշագրաւ են երկու հրատարակութիւններ Հայաստանի մէջ, 2004 եւ 2014 թուականներուն. անոնց վերնագիրները կը հաստատեն, թէ Հայաստանի մէջ գործածուած պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական «գրական» եւ խօսակցական լեզուն մաքուր հայերէն բառապաշար չեն պարունակեր:
Խօսինք փաստերով.
- Հայաստանի նախարարութիւններուն 7ին անունները օտար բառեր են.
ա. սոցիալական, բ. սպորտ, գ. էներկետիկա, դ. ֆինանս, ե. էկոնոմիկա, զ. տուրիզմ, է. տրանսպորտ:
- Պետական կառոյցներու մէջ գործածուած բառեր՝ դիբլոմա, լիցենցիա, ֆակուլտետ, դեգան, ժուռնալիստական, եւ այլն:
- Բժշկական, շարժապատկերի, երաժշտութեան, տեղեկատուութեան, արհեստագիտական եւ այլ մարզերու մէջ գործածուած օտար բառերը՝ բագտերիա, ուռոլոգիա, ռեժիսոր, օպերա, կոնսերվատորիա, եւ այլն:
Ներքեւը նշուած բառարանները հրատարակուած են այս հարցերը սրբագրելու…
- «Օտար բառերի բացատրական բառարան», հեղինակներ՝ Ալեքսանդր Սարգսեան եւ Աշոտ Հայրապետեան, 8000 բառ:
- «Հայերէնում գործածուող օ-տար բառերի բառարան», շուրջ 3400 բառ:
Այսինքն, այս մարդիկ ժամանակ յատկացուցած են եւ քրտինք թափած, որպէսզի հայերէնի մէջ գործածուած օտար բառերը բացատրեն եւ անոնց համապատասխան եւ համարժէք հայերէն բառերը մատնանշեն… եկուր ու մի՛ խենթենար…
Պարզաբանենք, թէ ի՛նչ է պատահածը:
Սահմանադրութիւնը կ՛ըսէ՝ (մաքուր) գրական հայերէնով պէտք է հաղորդակցիլ. պետութիւնն ու այլ կառոյցներ (տպագիր մամուլ, հեռատեսիլ, համացանց, Դիմատետր, եւ այլն) այդ օրէնքը չեն յարգեր եւ օտար բառեր կը գործածեն՝ հայերէնի փոխարէն. բառարաններ կը պատրաստեն, որ օտար բառերուն փոխարէն հայերէն բառեր գործածեն… Ո՞ւր է պետութիւնը, ո՞ւր է Սահմանադրութեան օրէնքները յարգել տուողը, ո՞ւր է կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւնը, ո՞ւր են նախագահը, վարչապետն ու խորհրդարանը…
Հայոց լեզուն անարգուած է, ոտնահարուած եւ անպաշտպան…։ Ոմանք պիտի ըսեն՝ հայերէնը մաքուր պահելուն մէջ դրամ չկայ, որ բոլորը այդ գործով զբաղին։
Վերադառնանք փրոֆ. Բարսեղեանի կոթողային բայց խախուլ «Ուղղագրական-ուղղախօսական տերմինաբանական բառարան»ին, «գրական հայերէն»ի բառացանկին: Բառարանին մէջ տեղադրուած «Կ-Ֆ» սկզբնատառով բառերը վերլուծելով՝ ակներեւ կը դառնայ, թէ այս բառարանը գրական հայերէնէն աւելի՝ կը պարունակէ բազմահազա՛ր օտար եւ օտար բառարմատներով բառեր, որոնք պէտք է մաքրազտուին ու մաղուին: Մնացած գրական հայերէն բառերու ցանկը պէտք է հրատարակուի՝ աւելցուած նորակերտ բառերով, իբրեւ համահայկական ամբողջական հայերէն գրական բառացանկ, ի հարկէ՝ դասական՝ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, եւ վերջ դրուի օտար բառերու ու օտար բառարմատներով բառերու գործածութեան:
Յոյս ունինք, որ վերջերս պաշտօնի անցած գիտութեան եւ կրթութեան նախարարը իր հեռատես եւ ուշիմ խառնուածքով կ՛աջակցի նման որոշումի մը:
Կ՛ակնկալենք նաեւ, որ Հայաստանի պետութիւնը պատասխանատուութիւնը ստանձնէ այս ազգային լուրջ գործունէութեան, որուն սկսնական նախաքայլերը պիտի առնէ «Մեսրոպեան ուխտ լեզուապահպանութեան միութիւն»ը:
*Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան անդամ է «Մեսրոպեան ուխտ լեզուապահպանութեան միութեան»։