Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ես Ու Սեւանի Հորթուկը

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

bedikianՆոյն տանիքին տակ, քանի մը օրեր եւ գիշերներ միասին անցնելու համար, էրիկ կնիկ, ամերիկաբնակ եւ ներկայիս հայրենիք հաստատուած հին բարեկամի մը կողմէ Սեւան գիւղաքաղաքի իր բնակարանը հրաւիրուեցանք: Ամբողջ ճամբուն ընթացքին, անհատնում հարցումներովս զինք գրեթէ յոգնեցուցած էի: Կը զգայի այդ մէկը: Բայց ձեռքս չէր: Անմե՛ղ հետաքրքրութիւն։

– Ինչո՞ւ Սեւան եւ ոչ՝ Երեւան…, ուրկէ՞ ուր…, ինչպէ՞ս կ՛անցընես օրերդ ու ժամերդ… ու նման երկար-բարակ հարցումներ, որոնց բարեկամս պատասխանեց մէկիկ-մէկիկ ու մանաւանդ՝ համբերութեամբ: Ապա, իբրեւ նախապտոյտ՝ պատմական մեր «ծով»ուն՝ Սեւանայ լիճին շուրջ պզտիկ «կլոր» մը դառնալէ ետք, լիճէն քիչ մը անդին, գիւղական տարածութիւն մը յիշեցնող Սեւան «քաղաքը» մտանք՝ միտքիս մէջ ամրապէս փորագրած Գեղամայ լեռներուն գեղեցկութիւնն ու հայրենի մեծ լիճին հիացմունքս:

Հազիւ տուն մտած՝ տանտէրը զիս բնակարանի երկրորդ յարկի պատշգամը տարաւ, անկէ դիտելու համար հորիզոնը: Իսկ ես չտեսի աչքերով, յափշտակուած՝ դիտեցի քիչ մը հեռուն, լեռներու ծոցին մէջ, կռնակի վրայ պառկած, աչքերը երկինք յառած, ամէն տեսակի բարիքներով լեցուն երկնային այդ պարգեւը՝ լիճը: Կ՛ըսեն, թէ շատ դարեր առաջ, երբ ջրհեղեղը հայոց աշխարհին վրայ ցամքեցաւ, Աստուած ափ մը ջուր թափեց Գեղամայ լեռներուն վրայ եւ զայն անուանեց Սեւանայ ծով: Իսկ հիմա, կը մտածեմ, ի՞նչ պիտի ըլլար այս աշխարհը, եթէ չըլլար երկինքի այս գանձը: Ի տես այս բոլորին, անկեղծօրէն երկար ժամանակ անշարժ մնացի: Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ ենթարկուիլ այս տեսիլքին…

– Հարուստ, ե՛ւ հզօր, ե՛ւ գեղեցիկ երկիր մըն է մեր երկիրը,- ըսի ընթրիքի սեղանին շուրջ բոլորուած տնեցիներուն եւ անհամբեր մանուկի մը նման աւելցուցի,- կ՛ուզեմ ընթրիքէն ետք քիչ մը մինակս քալել… առանձին… գիւղը պտըտիլ…:

Վայրկեանին, բոլորը կարծես խօսքերնին մէկ ըրած՝ զիս դիտեցին համրիչի հատիկներու նման շարուած նայուածքներով:

– Հո՛ս քեզի համար օտար տեղ է, նայէ՛, կրնաս կորսուիլ, ես ալ հետդ կու գամ, միջամտեց կինս այնպիսի ձայնով մը, զոր լսողը պիտի կարծէր, թէ ինք տեղացի մըն էր:

Երեւանցի այր մարդոց շեշտով անմիջապէս խստօրէ՛ն ընդդիմացայ.

– Ո՛չ, մինա՛կս,- ըսի, խիստ վճիռ տուողի մը նման:

Ապա, տանտէրը թաղերու անուններ, մայր պողոտայ, փողոց եւ այլ բացատրութիւններ տալով՝ զիս ճամբու դրաւ եւ ըսաւ.

– Տե՛ս, շուտով մայրամուտ է, եթէ կորսուելու ըլլաս՝ «ձայն» մը տուր,- ու ինծի յանձնեց իր ձեռքի հեռաձայնը:

Շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ բոլորին «ցը» մը ըսելէ ետք՝ ինկայ փողոց: Տակաւին կանաչ հովիտի մը մէջ անշարժ պառկած էր ամբողջ գիւղը: Բացայայտ էր, որ արեւը Գեղամայ լեռներէն սկսած էր հեռանալու: Ճամբաներէն չորցած խոտի, յարդի, քրտինքի եւ թրիքի հոտ կու գար: Նոյնիսկ՝ հացի եւ տաք մոխիրի հոտ: Կը քալէի կէս երազի մէջ ինկած մարդու մը նման: Հոս-հոն, տարեց եւ երիտասարդ մարդիկ՝ յաճախ դեղնած դէմքով, սիկարէթ մը իրենց մատներուն ծայրը, մայթերու եզրին կամ իրենց տուներու շեմին նստած իրարու հետ կը զրուցէին: Շատեր ալ, իրենց ծիծաղը խառնելով թռչուններու երգին՝ բարձրաձայն կը խնդային:

Անցայ նեղ թաղերէ ու վերջապէս հասայ մայր փողոց: Որպէսզի վերադարձի ճամբաս գտնէի, միշտ միտքիս մէջ կը պահէի յատկանշական «բաներ». «Սա փլատակ տունէն ձախ դարձած եմ, «Փոյթով վաճառւում է» գրութենէն աջ, այս մաշած նաւակէն դէպի վեր», եւ այլն:

Պէտք է, ըսել, որ գիւղի տեսարանը հրապուրիչ էր։ Չեմ գիտեր որքան ատեն քալած էի, նոյնիսկ չէի անդրադարձած, որ երեկոն արդէն իսկ եկած, հասած էր արագ ու մեղմ գոյներ հագած: Անոր համար էր, որ երբ ականջիս սկսան հասնելու նախճիրներու եւ հօտերու «ձայները», նոյնիսկ տեսանելի էին թաղերուն մէջ անտարբեր շուներու խաղերն ու մարդոց ոտքերուն տակ պտըտող հաւերը, ես զիս շուտով «հաւաքեցի»:

Ի՜նչ զուգադիպութիւն. յանկարծ դիմացս յայտնուեցաւ հորթուկ մը: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ սեւով սրճագոյն խառն մորթով, քիչ մը աղտոտ ու փոշոտ, գիրուկ կազմով եւ շարունակ պոչը խաղացնող այս կենդանին իր «խումբէն» սխալմամբ բաժնուած ըլլալու էր ու հոս հասած. իսկ հիմա կը փորձէր յառաջանալ տուն մը, որուն անգոյն դռնակը կռնակի վրայ բաց էր:

– Հաւանաբար իր տունը կը ճանչնար,- ըսի մտովի՝ ես զիս արդարացնելով, ու սկսայ հետեւելու…

– Բայց… վայրկեա՛ն մը,- բացագանչեցի՝ ես զիս սրբագրելով,- այս անասունը, եթէ նոյնիսկ իր տունը ճանչնար, իր մուտքը ա՛յս դռնէն պիտի չըլլար… չէ՞:

Ուստի, զայն բռնելու եւ նոյնիսկ վռնտելու ցանկութիւն մը կարծրացաւ մէջս… Ու ինքնաբերաբար ճչացի՝ սարսափած, նոյնքան ալ վախով.

– Հէ՜յ, հէ՜յ, ի՞նչ կ՛ընես… ծօ՛, ծօ՛, ծօ՛, ո՞ւր կ՛երթա՜ս… կեցի՛ր… հէ՜յ… քը՛շ… քը՛շ…:

Նայեցայ շուրջս՝ օգնութիւն խնդրողի մը աղաչանքով: Ո՛չ ոք: Ի՞նչ պիտի ընէի: Շուարած էի: Հորթուկը, որ արդէն տուն մտնելու պատրաստ էր, երբ ձայնս լսեց, կանգ առաւ: Գլուխը ինծի դարձուց, ապա զայն ծանրօրէն աջ ու ձախ շարժեց՝ պոչին հետ միատեղ: Կարծես «բաներ» մը ըսել կ՛ուզէր: Չհասկցա՛յ: Է՛հ, ես ինչպէ՛ս հասկնայի իր լեզուն, երբ յաճախ շուրջիններուս «լեզուն» նոյնիսկ շատ դժուար կը հասկնայի:

Այդ ուրիշ հարց է արդէն:

Երբ տեսայ, որ տակաւին դէպի դուռ կը փորձէր յառաջանալ, դարձեալ պոռացի՝ նոյն ոճով եւ բառերով: Անպիտան հորթուկը կրկին ինծի դարձաւ: Հիմա արդէն երկուքս իրարու կը նայէինք: Զգացի, որ քրտնած էի՝ վախէ՞ս, թէ ջղայնութենէս… չե՛մ գիտեր: Իսկ ինք՝ իրեն պէտք էր հարցնել: Հաստատապէս ապշած էր, կ՛ըսէի մտովի:

Իր այրող ու ճանճերու հետ «խաղացող» աչքերը կրկին մխրճած էր աչքերուս մէջ: Կարծես կռիւ փնտռող «մաֆյոզ»ներու նման ինծի հասկցնել կ՛ուզէր, թէ՝ «այդ «հէ՜յ»ը պապա՛դ է, ծօ՛, դուն ո՞վ ես, որ այսպէս վրաս կը պոռաս… հէլէ կեցի՛ր պոյըդ տեսնեմ… քեզի ի՛նչ, ազատ եմ, հոս իմ երկիրս է, իսկ դո՛ւն՝ ո՞վ ես որ…»:

– Հէ՜յ, չես լսե՞ր. ո՞ւր կ՛երթաս… կեցի՛ր,- կրկին պոռացի արագօրէն եւ աւելի բարձր: Ձայնս աւելի խոր էր եւ շեշտս՝ վճռական: Մտահոգիչ վախ մը ունէի: Կը հաւատայի, որ եթէ ներս մտներ ան, կրնար մեծ վնասներ պատճառել: Կրնար նաեւ ինքզինք վնասել: Փորձեցի փայտ մը գտնել կամ գետնէն քար մը վերցնել, ու ձեւով մը դէպի տուն իր մուտքը արգիլել: Կարծես գիւղացի մը կամ հովիւ մը ըլլայի, որովհետեւ սկսած էի անոնց նման տրամաբանելու, միեւնոյն հոգեբանութեամբ եւ արդարացումով:

Հորթուկս դարձեա՛լ կեցաւ: Կրկին դարձուց իր հաստ գլուխը՝ անընդհատ շարժելով իր պոչը: Ինծի կը թուէր, թէ իրապէ՛ս «իշու» մը նման եւ նոյնիսկ աւելի յամառ էր: Հաւանաբար, հասկցած ըլլալու էր մտայնութիւնս, ուստի, նախ մէկ քայլ ետեւ եկաւ: Ուրախացայ՝ «բան մը գլուխ հանող»ի յաւակնութեամբ: Երանի կինս մօտս ըլլար եւ տեսներ, թէ ես ինչպէ՜ս…:

Անմիջապէս անդրադարձայ, որ կենդանին պարզապէս կեցած զիս կը դիտէր: Հաստատապէս «վրաս կը խնդար»: Արդեօք անասուննե՞րն ալ «կրնան խնդալ»: Այս մէկն ալ ուրիշ հարց էր ու հիմա անոր քննարկման ո՛չ տեղն է, ո՛չ ալ ատենը: Այսպէս, երկար-բարակ ինծի նայելով հաստատապէս կրկին ու կրկին անգամներ «վերէն վար» զիս չափեց: Անոր համար էր, որ արժէք չունէին բոլոր «հէյ»երս: Մինչ մօտակայ պարտէզներէն լսելի էին թռչուններու խմբական երգերը, ես պոռչտուքով ձայնս կրկին բարձրացուցի:

– Հէ՜յ, խո՞ւլ ես, ինչ ես… չե՞ս լսեր, ծօ՛, քեզի կեցիր կ՛ըսեմ… կը զարնեմ, հա՛,- ըսի՝ աւելի արագ ու բարձր պոռալով:

Ես ինծի անգիր իրաւունք տուած էի տէր կանգնելու այդ տան: Հորթուկը, որ աջ ոտքը դէպի առաջ նետած էր, չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ բանի կը սպասէր: Փորձեց քայլ մը եւս դէպի դուռ յառաջանալ: Նշմարեցի, որ ծանր ու հաստ գլուխը դէպի ինծի դարձուցած էր: Աստուած իմ, ի՛նչ ընեմ: Իր այս չոր ու ցամաք եւ մանաւանդ անտարբեր նայուածքները ինծի ենթադրել կու տային, թէ այս անասունը կարծես ինծի կ՛ուզէր ըսել. «Խեղճ «սփիւռքիստանցի» հայ, դուն ո՞վ ես որ… եւ ի՞նչ իրաւունքով ինծի կը հրամայես… ի՛մ հողիս վրայ… գնա՛ քու Ամերիկադ… անխե՛լք կու կու…»:

Թերեւս ալ իրաւունք ունէր: Ես ո՞վ էի իրեն համար: Ո՛չ հովիւն էի, ո՛չ ալ տէրը: Շատ իրաւունք ունէր: Թէեւ միտքս նոր «թռիչքներ» կ՛ապրէր, միւս կողմէ, սակայն, մէջս տեսակ մը վախ կար:

Յանկարծ միտքս տրամաբանեց. «Այս հոթուկը ուրկէ՜ ուր լսած պիտի ըլլար «կեցի՛ր», «չե՛ս լսեր» կամ «խո՛ւլ ես» բառերը, կամ նման բացագանչութիւններս:

– Հոս Հայաստա՛ն է, եւ ամէն մարդ, ռուսերէնի կողքին, արեւելահայերէն կը խօսի,- ես զիս այս ձեւով համոզեցի վերջապէս:

Կարծես, յանկարծ, այս մտածումէս ետք, փապուղիէն լոյսի նշան մը դէմքիս նոր գոյն բերած ըլլար: Ուստի, ես զիս հաւաքեցի եւ այս անգամ աւելի՛ քաղաքավարութեամբ ըսի.

– Հէ՜յ, ջանա՛… ղուրպա՛նդ ըլլիմ… արի իմ մօտ, էդպէս չի՛ կարելի… արի՛, արի՛ մօտս:

Եւ ո՜վ հրաշք… ահա՛ օրինակը. հորթուկս դարձեալ ինծի նայեցաւ, աջ ոտքը գետին դրաւ, կրկին զիս «չափեց» ու ամբողջ մարմինով ետ դառնալով՝ դէպի փողոց վազեց, իր ճանճոտ աչքերով խառնուելու թաղի ծայրէն նոր փողոց հասնող իր ընկերներուն: Արդէն իսկ հովիւին բարկացած ձայնը յստակօրէն կը հասնէր ականջիս: Զինք կը փնտռէր:

Տնակը փրկուած էր, իսկ ես՝ «յաղթանակած»…

– Սեւա՛ն եմ ու հայրենի՛քս ալ է. հոս նոյնիսկ հորթուկները հայերէն կը հասկնան,- ըսի ես ինծի՝ դէմքիս վրայ հետզհետէ լայնցող ժպիտ մը գծելով, ու դէպի տուն վերադարձի ճամբով սկսայ յառաջանալու, միտքիս նոր եւ «գունաւոր» թափառումներով միատեղ:

Երեւակայեցէ՛ք… հայրենիքիս մէջ հորթո՛ւկն անգամ հայերէն կը հասկնայ, իսկ անդին…:

Եւ իսկապէ՛ս երջանկութեան հաւատացած էի:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles