Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Քալիֆորնիոյ Հայութեան Ներքին Դրուածքը (ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ)

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

 

Ե.

 

WRITERS VATCHE PROODIANՆերկայ յօդուածաշարքի նախորդ մասով (Դ.) փորձեցինք բնութագրել այն հակասութիւնները եւ հակադրութիւնները, որոնք հաս-կնալի պատճառներով գոյութիւն ունին յատկապէս հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ:

Լեզուական, մտայնութեան, հոգեբանութեան, ենթամշակոյթի, կենցաղային, սովորութիւններու եւ այլ բնագաւառներու մէջ երեւան եկած տարբերութիւնները եւ շատ յաճախ ալ հակասութիւնները ստեղծած են ներքին խուլ հակամարտութիւններ, ներքին կեթոներ (ուր իւրաքանչիւր խմբաւորում ինքն իր շուրջ պարիսպ մը կառուցած է)՝ անխուսափելի ժխտական հետեւանքներով եւ այլն:

Սակայն ուզուածը, ակնկալուածը այս չէ: Քալիֆորնիահայութիւնը իր մէջ ունի այնքան կենսունակ ուժականութիւնը որ կրնայ հայկական իրականութեան մէջ (Հայաստան, Սփիւռք) քաղաքական, տնտեսական ու ներազգային բնագաւառներէ ներս շատ աւելի մեծ դեր վերցնել:

Բայց եթէ կ՛ուզենք հոն հասնիլ, անհրաժեշտ է նախ այս բոլոր ներքին հակասութիւններն ու հակադրութիւնները հարթել ու ապա՝ համադրել:

Այս մէկը կարելի է հասարակաց գետինները գտնելով եւ զանոնք ուժեղացնելով:

 

ՆԱԽԸՆԹԱՑՆԵՐԸ

 

Տանք յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի նախընթացները:

1915էն առաջ, Հալէպի մէջ կար հայ համայնք, առաջնորդարան: Միջնադարէն ի վեր հայութիւն ապրած է Հալէպի մէջ, եւ այս համայնքը հաւաքուած էր եկեղեցիին շուրջ: Այս մարդիկը ժամանակի ընթացքին կորսնցուցած էին լեզուն, դարձած էին արաբախօս, սակայն պահած էին իրենց ինքնութիւնը: Արաբացած էին նոյնիսկ անունները՝ քարակոփը դարձած էր Հաժժար, ջաղացպանը դարձած էր Թահհան եւ այլն: Սակայն ասոնք էին եկեղեցին ու առաջնորդարանը պահողները:

«Յանկարծ», 1915էն վերջ, տասնեակ հազարաւոր «ուրիշ տեսակի» հայեր, գաղթականներ, հասան ու տեղաւորուեցան Հալէպ: Նորեկներուն մեծ մասը Կիլիկիոյ քաղաքներէն եկած ըլլալով, ոչ միայն թրքախօս էր, այլեւ երբեմն ալ «թրքավարի» թուացող նիստուկացով: Մէկ փոքր մասն ալ (Խարբերդէն, Կիւրիւնէն, Էրզրումէն ու Տարօնի այլ շրջաններէն) հայախօս էր: Ստեղծուեցաւ հակադրութիւններու եռանկիւն մը, նախ՝ հայախօսներու եւ թրքախօսներու միջեւ, ապա՝ արաբախօսներուն եւ միւսներուն միջեւ: Հայախօսներու եւ թրքախօսներու միջեւ վիհը այնքան խոր էր, որ շատ յաճախ իրարու աղջիկ չէին տար, չէին առներ. իսկ եթէ «տալ-առնել» ըլլար՝ հարսանիքներուն կռիւները անխուսափելի էին (թրքերէն երգել-չերգելու խնդիրով…): Ասոր վրայ աւելցուցէք դաշնակցական-հակադաշնակցական հակադրութիւնը, արդիւնքը եղաւ՝ քաոս, իրարանցում, հարսանիքներուն՝ կռիւի նոր պատրուակ…

Լիբանանի մէջ, Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը եւս կիլիկեցի էր: Ասոնք անմիջապէս կազմեցին իրենց թաղերը, որոնք մինչեւ այսօր կը ճանչցուին այդ անուններով՝ Նոր Մարաշ, Նոր Կիլիկիա, Սիս եւ այլն: Մարաշէն եկածներուն մէկ մասն ալ կաթողիկէ ըլլալով, անոնց ներքին հաղորդակցութեան լեզուն ֆրանսախառն թրքերէն էր (կամ՝ թրքախառն ֆրանսերէն):

1920ական թուականներուն սակայն, հայկական կազմակերպութիւններու ճիգերով (գլխաւորաբար ՀՅԴ, ՀԲԸՄ, ՌԱԿ եւ ՍԴՀԿ) ստեղծուեցաւ դպրոցական ցանց: Թրքախօսին, հայախօսին, արաբախօսին, այնթապցիին ու էրզրումցիին զաւակները նոյն դպրոցը յաճախելու սկսան՝ նոյն տարազով, նոյն դասագիրքերով, նոյն ուսուցիչներով ու ստացան հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն: Կիրակի օրերը, նոյն այդ երեխաները հագուեցան նոյն սկաուտական տարազը եւ սկաուտութեան ճամբով ստացան ազգային դաստիարակութիւն: Ազգային տօներու (Վարդանանց, Մայիս 28, Թարգմանչաց) հանդիսութիւններու ընթացքին, ազգային գիտակցութեան իմաստով նոյն դաստիարակութիւնը տր-ուեցաւ հայախօսին ալ, թրքախօսին ալ: Եւ այսպէս, ժամանակի ընթացքին, այդ բոլոր սուր անկիւնները սկսան մեղմանալու, հակադրութիւնները սկսան հար-թուելու: Մէկ խօսքով, օրուան ղեկավարութիւնը գտա՛ւ մեր ժողովուրդի վերոնշեալ զանազան խաւերը իրարու միացնող ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԿԷՏԵՐԸ ու զարկ տուաւ ատոնց:

Անշուշտ յամեցան քաղաքական հակադրութիւնները, սակայն հոն եւս գտնուեցան հասարակաց գետիններ եւ Եղեռնի 50ամեակը դրական անկիւնադարձ հանդիսացաւ նաե՛ւ այս բնագաւառէն ներս: Բայց այս կէտը ամբոողջովին տարբեր նիւթ է՝ այլապէս քննելի:

 

ԻՍԿ ՀՈ՞Ս

 

Տարբեր չէ կացութիւնը հոս՝ հասարակաց կէտերու իմաստով: Օրինակի համար, թէ՛ Երեւանէն, թէ՛ Պէյրութէն, թէ՛ Պոլիսէն եւ թէ Թեհրանէն ու Թաւրիզէն Լոս Անճելըս հաստատուած հայուն համար, Պարոյր Սեւակը, Մեսրոպ Մաշտոցը, Թումանեանը, Սիամանթօն ու Դ. Վարուժանը, Անդրանիկն ու Նիկոլ Դումանը արժէքներ են: Արցախի ազատագրութեան ճամբուն վրայ կամ ապրիլեան պատերազմին նահատակուած բոլոր զինուորները բոլորի՛ս համար արժէք են, անկախ մեր ծննդավայրի աշխարհագրութենէն: Ճիշդ չէ՞:

Մեր հասարակաց արժէքները հետեւեալներն են.

Ա) Բոլորս ունինք ՄԷԿ հայրենիք, Հայաստան, որուն բարգաւաճումը, զարգացումը եւ պաշտպանութիւնը բոլորի՛ս համար ռազմավարական առաջնահերթութիւն է, ուր որ ալ ապրինք, Գիւմրի թէ Պուէնոս Այրես:

Բ) Բոլորս ունինք ՄԷԿ պատմութիւն ու մշակոյթ: Հայկ նահապետը, Պապ թագաւորը, Էջմիածինն ու Անին, Մոմիկն ու Թորոս Ռոսլինը մաս կը կազմեն այն արժէքային համակարգին, որ բոլորիս կը պատկանի: Արշաւիր Շիրակեանը, Սողոմոն Թեհլիրեանը համայն հայութեան արժանապատուութեան ու հպարտանքին մասնիկներն են:

Գ) ՄԷԿ է մեր լեզուն, իր երկու ճիւղերով՝ արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն: Այս տարբերութիւնը իրականութեան մէջ ճոխութիւն ու հարստութիւն կը բերէ իր հետ: Թումանեանը ունի ի՛ր քաղցրութիւնը, Համաստեղը՝ ի՛րը: Տէրեանի ու Մեծարենցի, Չարենցի ու Սիամանթոյի մեր լեզուի զոյգ ճիւղերով ստեղծագործութիւնները իւրայատուկ ճոխութեամբ օժտած են մեր գրականութիւնը: Սխա՞լ ենք: Անշուշտ ոչ:

Դ) Իտէալներու իմաստով ալ կայ ՄԷԿութիւն. ո՞ր հայուն համար բաղձալի չէ ԱՄԲՈՂæԱԿԱՆ Հայաստանի գաղափարը եւ առաջադրանքը (ՀԱԿը չհաշուած): Ո՞ր հայուն համար բաղձալի չէ Արցախի միացումը Հայաստանին՝ միջազգային իրաւական առումով եւս: Մէկ խօսքով, կը խօսինք մեր հանրութեան քաղաքական գիտակցութեան մասին, որ ինքնին կենսական է: Առանց այս գիտակցութիւնը ստեղծելու ու զայն բաղձալի մակարդակի հասցնելու, պարապի պիտի երթան մեր բոլոր ճիգերը, հաւատացէ՛ք:

Հետեւաբար, Քալիֆորնիոյ մէջ գործող բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն վարքագիծը պարտաւոր է հիմնուելու այս հասարակաց կէտերուն վրայ: Այս վարքագիծին մաս պէտք է կազմէ այն գաղափարը, որ փոխանակ իրարու երեսին շպրտելու մեր տարբերութիւնները, անհրաժեշտ է, որ զարկ տանք մեզ իրարու կապող, մեզ ներքնապէս իրարու միացնող այս հասարակաց կէտերուն:

Այս իրականացնելու համար, նախ անհրաժեշտ է համապատասխան սերունդ եւ հանրութիւն դաստիարակել, չէ՞: Մեր աչքին առջեւ ունենանք պատմական նախընթացները, որ վերը նշեցինք:

Հասանք ուրիշ դժուար, բայց իրագործելի խնդիրի մը: Այդ ալ լեզուի պարագան է: Այս հսկայական արժէքային համակարգով սերունդ ու ժողովուրդ դաստիարակելը կը պահանջէ համապատասխան կրթական ցանց, քարոզչական միջոցներ (տպագիր, ելեկտրոնիք ու հեռասփռուող):

Մալխասի «Զարթօնք»ը թարգմանուեցաւ, հրատարակուեցաւ եւ լայն տարածում գտաւ: Շատ լաւ: Սակայն Թումանեանը, Չարենցն ու Դանիէլ Վարուժա՞նն ալ պիտի թարգմանաբար տանք մեր սերունդներուն: Կը ներէք, անհեթեթութիւն է:

Այսօր քալիֆորնիահայութեան համար մեծագոյն մարտահրաւէրը կրթական ցանցի ընդարձակումն է, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ միջավայրին մէջ ու վերոնշեալ հասարակաց արժէքային համակարգով դաստիարակել մեր երեխաները, ուրկէ ալ եկած ըլլան անոնք:

Ընդունելի չէ, որ կէս միլիոնի հասնող այս համայնքին մէջ, միայն 5000ի շուրջ երեխաներ ընդունելու չափ դպրոցներ ունենանք: Մօտաւորապէս 100 հազարի կը հասնի ոչ հայկական (հանրային, պետական) դպրոց յաճախող հայ երեխաներու թիւը (մեր կրթական պատասխանատու մարմինները աւելի ճշգրիտ թիւերը ունենալու են): Հայ երեխան միայն հա՛յ դպրոցին մէջ է, որ պիտի կարենայ սորվիլ լեզուն, որ հիմնական միջոցն է զայն հայ մշակութային, պատմական ու քաղաքական ժառանգութեան հաղորդ դարձնելու համար: Մոռցէ՛ք «կարեւորը հայ զգալն է» մտայնութեամբ յատկանշուող ինքնարդարացումը, որ կեղծ է ու անտրամաբանական: Լեզուն հիմքն է ազգային դաստիարակութեան:

 

ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

 

Այս յօդուածագիրը հրատապ թղթածրարի մը միայն նախաբանը կատարեց: Մեր պատկերացումով, քննելի եւ յստակացումի արժանի հսկայական խնդիրներ կան հոս եւ պարտաւոր ենք ցուլը իր կոտոշներէն բռնելու: Իսկ այս քննարկումները պէտք է կազմակերպեն մեր կազմակերպութիւնները: Հրապարակային ասուլիսները, քննարկումներն ու իմացական լուրջ մակարդակով վէճերը անհրաժեշտ են թէ՛ խնդիրներն ու լուծումները առաջադրելու եւ թէ զանոնք ժողովրդայնացնելու իմաստով: Նման քննարկումներու պէտք է հրաւիրել կրթական, ընկերաբանական, քաղաքական, լեզուական, մշակութային ու տնտեսական բնագաւառի մասնագէտներ, անպայմա՛ն, որպէսզի հարցերը դիտուին առաջին հերթին մասնագիտական մօտեցումով:

Այս քննարկումներէն պէտք է բխին վարքագծային ուղղութիւններ, առնուազն մտածողութեան, գաղափարական իմաստով, որպէսզի թէ՛ Իրանահայ միութիւնը եւ թէ Պոլսահայ միութիւնը (օրինակի համար), բոլո՛ր կազմակերպութիւնները, իրենց աշխատանքներուն ներքին տրամաբանութիւնը կառուցեն վերոնշեալ հասարակաց կէտերուն վրայ եւ ունենան նոյն ընդհանուր ռազմավարութիւնը:

Իսկ մամուլին պարտականութիւնն է ժողովրդայնացնել այս քննարկումները, տարածել հոն արծարծուած միտքերը, բեմ հանդիսանալ մտածուած խօսք ու ըսելիք ունեցողներուն համար: Սա ինքնին մարդուժ եւ դրամական միջոցներ կ՛ենթադրէ. իսկ մեր բնութագրած տարողութեամբ ո՞ր հարցի լուծումը պատրաստուած մարդ եւ գումար չի պահանջեր: Իսկ եթէ այստեղի հեռատեսիլի կայանները պիտի շարունակեն «սերիալ» կոչուած տխմարաբանութիւնները կամ քաղաքական հասունութենէ գրեթէ զուրկ իրենց հաղորդումները՝ Աստուած իրենց հետ:

Մէկ խօսքով, մեծ է քալիֆորնիահայութեան դիմաց գտնուող մարտահրաւէրը, սակայն կարելի չէ խուսափիլ ասկէ: Պարոյր Սեւակի նմանողութեամբ՝ ուշ ենք, բայց ոչ ուշացած:

Յաջողութի՛ւն մեզի:

 

12 Յունուար 2017

Լոս Անճելըս

vproodian@gmail.com

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles