ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Դ.
Մեր նախորդ երեք յօդուածներով, Հայաստանէն, Մ. Արեւելքի զանազան երկիրներէ, Պոլիսէն եւ Արեւելեան Եւրոպայէն (Պուլկարիա, Ռումանիա) բազմատասնեակ հազար հայեր «բերինք» Լոս Անճելըս: Քաղաք մը, ուր արդէն մինչեւ 70ականներու սկիզբները կար համայնք՝ եկեղեցիներ, կազմակերպութիւններ, մամուլ, հաւաքական կեանք:
Ասոնք «հիներն» էին, որոնք հսկայական ճիգերով սկսեր էին ամէնօրեայ դպրոցական ցանց ստեղծելու (առաջինը՝ 1964ին, այժմու «Ֆերահեան»ը, գլխաւորաբար Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի ճիգերով), 50ամեակի առիթով քաղաքականացման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման ճամբուն վրայ քայլեր առնելու, ինչպէս՝ ցոյցեր թրքական հիւպատոսարանին դիմաց (երբեմն ոստիկանութեան հետ բախումներով-վիրաւորներով, 70ականներու կէսերուն), Եղեռնի նահատակներու յուշարձան Մոնթեպելլոյի մէջ, տպագիր մամուլ եւ ռատիօժամ պահելու եւ այլն: Այս ճիգերուն մղիչ ուժը ՀՅ Դաշնակցութիւնն էր, Քալիֆորնիոյ մէջ իր տեղական միջոցներով: Այս բոլոր ճիգերը նաեւ սկսած էին որոշ դիմագիծ մը տալու համայնքին, ինչպէս նաեւ՝ զայն օժտելու հաւաքական յիշողութեամբ:
Եկաւ նոր զանգուածը, որ մեծ մասով զուրկ էր այս հաւաքական յիշողութենէն. տեղեակ չէր, թէ իր գալէն առաջ եւս «արիութեան բազում գործեր» կատարուած էին Լոս Անճելըսի մէջ (որոնք արժանի էին «գրոց յիշատակութեան»):
Նորերու «սփիւռքեան» հատուածը, երբ տուն-տեղ եղաւ, սկս-աւ առնչուելու համայնքի հաւաքական կեանքին եւ բնական ձգտումով, ուզեց ղեկավարութեան հասնիլ: Բայց այս ձգտումը շատ յաճախ ներքին խուլ պայքարի դուռ բացաւ. «նորերը» կը պատճառաբանէին. «Դուք չէք գիտեր, մենք մեր երկրին մէջ այսպէս կ՛ընէինք»: Իսկ «հիներն» ալ կը պատասխանէին. «Հոս Ամերիկա է, դուք չէք հասկնար, հոս տարբեր է»: Այնպէս որ, ստեղծուեցաւ փոխադարձ անվստահութեան, անհասկացողութեան ու մինչեւ իսկ բախումնային կացութիւն:
Բարեբախտաբար, քալիֆորնիաբնակ հայութեան այս «սփիւռքեան» հատուածին մէկ կարեւոր զանգուածէն ներս, այս հակադրութիւնները երկար կեանք չունեցան, որովհետեւ քաղաքական, ազգային ու գաղափարական հասարակաց կէտեր կային, գէթ այն մեծ խումբին մօտ, որ կը յարէր ՀՅ Դաշնակցութեան: Եւ այս հասարակաց կէտերն էին, որոնք սուր անկիւնները «կը կլորցնէին»:
Գալով «ոչ-սփիւռքեան» զանգուածին, այսինքն՝ Հայաստանէն եկածներուն, անոնք առաջին իսկ օրէն չմերուեցան «միւսներուն» հետ: Նախ կար լեզուական պատնէշը. ասոր վրայ աւելցան նաեւ մտայնութիւններու, կենցաղային, ընկերային եւ զանազան սովորութիւններու տարբերութիւնները (մինչեւ իսկ խաշի կամ խորովածի պատրաստութեան եղանակները, սեղան-թամատա, բաժակաճառ…): Ճիշդ է, որ այս երկու մեծ խումբերն ալ («սփիւռքեան» եւ «հայաստանեան») առաւելաբար տնտեսական բարօրութեան պահանջէն մղուած՝ սակայն մինչ առաջինին համար հայկական գոյապայքարը իր առօրեային մաս կը կազմէր այս կամ այն չափով, երկրորդին համար անհասկնալի էր համայնքային կառոյցներուն մասնակցիլը (միութիւններու կամ այլ կազմակերպութիւններու ճամբով). տար-բեր հարց, որ Հայաստանէն եկածներուն տեղ տուող ալ չկար…։
Բացատրենք. դասական Սփիւռքին մէջ ընդունուած էր կազմակերպութիւններու անդամակցիլը (անդամատուրք վճարելով), կամ զօրակցիլը, մէկ խօսքով՝ կամաւոր աշխատանքը (վարչական, եկեղեցիի կամ դպրոցի հոգաբարձութիւն եւ այլն): Այս բոլորը գոյապայքարի մը մաս կը կազմէին. հայկական պետութեան մը բացակայութեան՝ հայկական ինքնութիւն պահպանելու խնդիր կար, չէ՞: Մինչդեռ Հայաստանի մէջ կար պետութիւն, որ իր քաղաքացիին այս տեսակի խնդիրները ինք լուծած էր արդէն՝ դպրոցական ցանցով, մարզական, մշակութային եւ այլ կառոյցներու ճամբով, որոնք բոլորն ալ պետական կազմակերպուածութեան մը, կառոյցի մը մաս կը կազմէին: Հայ մնալու գոյապայքար, փա՛ռք Աստուծոյ, չկար Հայաստանի մէջ, ըլլա՛ր ատիկա խորհրդային կարգերու տակ, կամ անկախութենէն ետք: Հետեւաբար, Հայաստանէն Քալիֆորնիա եկած հայուն համար, շատ բնականօրէն «անհասկնալի» էին մարզական կամ մշակութային միութենէ մը ներս կամաւոր աշխատանքը, անդամատուրքի գաղափարը: Նման բաներ գոյութիւն իսկ չեն ունեցած այն երկրէն ներս, ուրկէ կու գար ինք: Ի՜նչ եկեղեցիի կամ դպրոցի հոգաբարձութիւն, ի՜նչ ըսել է դպրոցի մը նիւթական բացը գոցել, Հայաստանի մէ՞ջ…
Պատկերը միտումնաւոր պարզացուցինք, որպսէզի աւելի դիւրին բացատրենք մեր միտքը. քննադատական ո՛չ մէկ միտում կայ այս տողերուն մէջ: Կը խօսինք չոր իրականութիւններու մասին:
Այս մեծ պատկերին մէջ, «սփիւռքեան» հատուածէն ներս եւս կան փոխադարձ կարծրատիպերու հասած հակադրութիւններ: Իրաքէն եկածներու հայերէնը ծաղրանքի առարկայ կը դառնայ, Պոլիսէն եկողներու բնածին դարձած պահպանողականութիւնը հեգնանքի կ՛ենթարկուի, նախկին թեհրանաբնակները «պուրժուական» ոճով մը Թաւրիզէն կամ Չարմահալէն եկածներուն հետ «վերէն» կը նային, Լիբանէն եկածները «կորկորներ» կը կոչուին, Պարսկաստանէն եկածները «պարսկահաւեր» կ՛անուանուին: Լիբանանէն եկած հայը «կը դժգոհի» ի տես այս պատկերին, մոռնալով, որ նոյնինքն Պէյրութի մէջ այս անյարգալիր մօտեցումը որքա՜ն ցցուն էր ոչ միայն Հալէպէն Պէյրութ եկածներուն, այլ մինչեւ իսկ Պուրճ Համուտ բնակողներուն նկատմամբ (եւ փոխադարձաբար): Չմոռնանք այս փշոտ իրականութիւնները:
Այս բոլոր խնդիրները կարելի՞ է լուծել եւ եթէ այո՝ ինչպէ՞ս: Կա՞ն նախընթացներ նմանատիպ խնդիրներու լուծումին, թէ պէտք է անիւը վերստին հնարենք մեթոտաբանութեան առումով:
Այո՛, այս յօդուածագիրին համոզումով, կա՛ն լուծումներ, կա՛ն լուծման միջոցներ եւ կան նաեւ նախընթացներ:
Բայց այս մասին՝ յառաջիկայ շաբաթ, այս յօդուածաշարքի մեր վերջին բաժինով:
Ուրեմն, իրարու հետ հաշտ ու խաղաղ սա Ս. Ծնունդն ալ անցընենք ու սկսինք խօսելու լուծումներու մասին: