Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Յաղթահարել 2016ը՝ Առանց Դասալիք Ըլլալու

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

0609pakrad-estoukianԱնշո՛ւշտ, իւրաքանչիւր տարի վերջակէտ մըն է ոմանց համար: Չէ՞ որ ամէն ծնունդ իր կարգին ալ սկզբնակէտ մը եղած է: Աշխարհի բնական կարգն է այս: Կու գանք ու կ՛երթանք: Կ՛ապրինք մեզի վիճակուած ժամանակի տեւողութիւնը եւ կը հասնինք վերջակէտի:

«Հող էիր, ի հող դարձիր», կ՛ըսէ Աստուածաշունչի պատգամը: Պատմութեան մէջ շատեր փորձեցին այդ պատգամին չհնազանդելու միջոցներ փնտռել, բայց գիտենք, որ բոլորն ալ ապարդիւն մնացին: Ա՛յս է բնութեան թելադրածը, որուն բոլորս պիտի ենթարկուինք՝ առանց քննութեան: Այս հրահանգին դէմ ոչինչ կը նշանակէ կեանքի տեւողութեան մեր կուտակած հարստութիւնը: Այն, ինչ ունեցար, պիտի յօժարիս ետիդ թողնել, եւ եկած պահուն՝ մերկութեամբ պիտի երթաս կրկին: Ուրեմն, ինչո՞ւ ցաւինք, ինչո՞ւ դիմադրենք, ինչո՞ւ ընդվզինք այսքա՛ն պարզ իրողութեան դէմ:

Չէինք առարկեր: Կը համակերպէինք կատարուածին: Բաւ էր, որ յարգուէր մեր միակ խնդրանքը՝ այն, ինչ պիտի կատարուէր, մնար արդարութեան, բայց ո՛չ. այդ միակն ալ սակարկութեան նիւթ չէ: Ի զուր կը պաղատինք: Հասկցա՛նք մահը Աստուծոյ հրամանն է, բայց գոնէ սա կարօտը չըլլար: Ո՛չ, եւ բացարձակ ո՛չ: Պիտի ճաշակենք կարօտն ալ՝ զրկանքի բոլոր ձեւերուն հետ միասին, եւ պիտի ցնդին մեր բոլոր յոյսերը: Մեծագոյն զոհողութեամբ նաւ մը պիտի ճարենք եւ այդ նաւով պիտի փորձենք խոյս տալ մեր մատնուած փորձանքէն, բայց աւա՜ղ, այդ յոյսն ալ պիտի մարի ծովու մը յատակը: Ո՛չ, պիտի ըսեն մեզի՝ «Դուք դեռ տառապանքի օրեր ունիք, գացէք եւ լրացուցէք այդ օրերը»: Վերջապէս, պիտի հասնի օրը, ժամը, եւ յոգնած ու հիւծած պիտի ուզենք հրաժարիլ, բայց՝ ի՛նչ կարելի: «Ա՛ն ալ մենք կը ճշդենք», պիտի գոռայ հզօրը, իսկ մենք պիտի համակերպինք այս հրահանգին եւս:

Այս բոլորը կ՛ըսենք, որպէսզի զգուշացնենք մեզմէ վերջ եկողները: «Մի՛ գաք», պիտի ըսենք անոնց: «Մենք եկանք ու տեսանք հետաքրքրական ոչինչ կայ այստեղ: Հեռու մնացէք, մի՛ գաք»: Բայց պիտի գիտնանք, թէ մեզ լսող պիտի չըլլայ: Ամէն ոք պիտի ճաշակէ իրեն վիճակուած տառապանքը եւ պիտի չյաջողի ուրիշները զգուշացնել: Ահա ճիշդ այս է, զոր կ՛երգենք Ս. պատարագին միջոցին՝ «Ճաշակեցէք եւ տեսէք, զի քաղցր է Տէր…» մրմնջալով: Այո՛, ճիշդ ալ այսպէս՝ «Զի քաղցր է Տէր» կը սորվեցնենք, իսկ փորձառութեամբ կը տեսնենք, թէ որքա՛ն դառն է մեզի մատուցուածը:

Եթէ մինչեւ հոս գրուածները ի զօրու են բոլոր տարիներուն համար, ապա ափսո՜ս, որ 2016 թուականը ունեցաւ շա՛տ աւելի ծանր կսկիծի պատճառներ: Նոյնիսկ կրնանք ըսել, թէ չարիքն է, որ տիրեց բոլոր երկիրներէն ներս: Մէկ կողմէ՝ ա-հաբեկչութիւնը՝ իր պետական եւ ոչ պետական երեսակներով, միւս կողմէ՝ անհանդուրժողութիւնը, այլամերժութիւնը՝ օտար համարուած ամէն ինչի հանդէպ: Յոյսի նշոյլ մ՛իսկ չթողեցին աշխարհի երեսին: Յաճախակի կերպով ցնցուեցանք անմեղներու զոհուելու լուրերով: Այդ ցնցումներէն վերջինը ապրեցանք վերջերս, երբ աշխարհասփիւռ քրիստոնեաներ կը տօնէին Սուրբ Ծնունդը: Ռուսիոյ աշխարհահռչակ երգչախումբը ինքնաթիռի արկածի մը զոհը դարձաւ՝ խոր սուգի մատնելով իր աշխարհասփիւռ համակիրները:

Ուրեմն, դարձեալ իրաւունք չունինք հիասթափուելու, իրաւունք չունինք յուսալքուելու, մանաւանդ՝ անարդարութեան դէմ պայքարի շարքերը լքելու: Չէ՞ որ այս տարի եւս ունեցանք նորածիններ՝ Հալէպի, Պոլսոյ, Երեւանի, Ամիտայի եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ: Ուրեմն, յանուն իրենց, մենք պիտի մնանք մեր հաւատալիքներուն, մեր սրբութիւններուն հաւատարիմ եւ պիտի չուրախացնենք բոլոր այն չարերը, որոնք յոյս դրած են մեր պարտութեան վրայ:

 

«ԱԿՕՍ»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles